ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻՆ

Արցախի մէջ բռնկած պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կը շարունակէ Իսրայէլի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ճակատի վրայ յառաջացած մարդասիրական ծանր խնդիրներուն վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի բանակը լայնօրէն կ՚օգտագործէ Իսրայէլի մէջ արտադրուած զէնք ու զինամթերք՝ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելու ժամանակ։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս հարցին շուրջ վերջերս նամակ մը ուղարկած էր Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ նոյն հարցով այս վերջնոյն ուղարկած էր նամակ մը, ունեցած էր նաեւ հեռախօսազրոյց մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս անգամ ալ նոյն հարցին կապակցութեամբ նամակ մը ուղարկած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Այս նամակին կրկնապատճէնները ուղարկուած են Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Պեննի Քանցին, Քնեսեթի նախագահ Եարիւ Լեւինին եւ Արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազիին։ Ըստ Երուսաղէմի Ս. Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներուն, նախընթաց օր ուղարկուած նամակին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը կոչ ուղղած է, որպէսզի Իսրայէլ դադրեցնէ զէնքի վաճառքը դէպի Ատրպէյճան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նամակին մէջ նշուած է հետեւեալը.

*

Ցաւալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան կը մասնակցի Իսրայէլ՝ իր աջակցութեամբ: Կովկասի այս լեռնային շրջանը տասնամեակներ շարունակ եղած է անվերջ պատերազմներու գօտի Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Հայաստանի միջեւ: Եւ յիշէք պարոն վարչապետ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն Հայաստանի մաս կը կազմէր մինչեւ այն օրը, երբ Սթալին որոշեց Նախիջեւանի հետ մէկ այլ հայկական շրջան եւս տալ Ատրպէյճանին: Մենք կը հասկնանք, որ Իսրայէլ ազնիւ եւ բարեկամական կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ, բայց ոչ այնքան, որ յարձակողին ժամանակակից ռազմամթերք մատակարարէ՝ խրախուսելով Ատրպէյճանին խաթարել իրենց ունեցած փխրուն խաղաղութիւնը: Այնուամենայնիւ, տարածքա-շըրջանի մէջ պատերազմի բռնկման համար ռազմականօրէն յօգուտ Ատրպէյճանի գործելը, անշուշտ, կը վկայէ այն մասին, որ Իսրայէլ դէմ է, որպէսզի հնացած խաղաղ բանակցային գործընթացը յաջող ըլլայ: Ատկէ զատ, Իսրայէլի ներկայ դիրքորոշումը հեգնանքով ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ անբարենպաստ վերաբերմունք ունի Հայաստանի եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն ապրած հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Անհրաժեշտութիւն չկայ յիշեցնելու Ձեզի, Պարոն վարչապետ, Ձեր ժողովուրդի տառապանքները, ցեղասպանութեան եւ ջարդերու համակարգուած ծրագիրները: Այսօր, երկու ժողովուրդներ, մասնաւորապէս՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, կը փորձեն ջնջել հայերը իրենց հայրենիքէն եւ ցաւօք, Ձեր երկիրը յանդուգն կերպով կ՚օգնէ անոնց հասնիլ իրենց միասնական նպատակին: Ճիշդ է, հրեաներ կը պնդեն, թէ իրենք գոյութեան իրաւունք ունին, սակայն Ձեր երկիրը ազդուօրէն կը ժխտէ հայերու իրաւական գոյութիւնը՝ ոչնչացնելու համար անցնելով Ատրպէյճանի կողմը: Ամէն բան յստակ է, Աստուծոյ կողմէ ընտրուած մարդիկ կը գործեն անաստուած: Ո՞ւր մնաց բարոյականութիւնը: Ազգերու տնտեսական կամ սոցիալական շահերը պէտք է՞ գերակայ ըլլան ժողովուրդներէ, խիղճէ, մարդկային վերաբերմունքէ ու արդար դատողութենէ:

Ուստի, կը խնդրենք Ձեզմէ՝ որպէս բանիմաց եւ խաղաղասէր քաղաքական գործիչ, Ձեր փորձառութեամբ օգնէք խաղաղութիւն հաստատել Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ, ոչ թէ բորբոքէք պատերազմն ու թշնամանքը այս երկու ժողովուրդներու միջեւ: Թող Ձեր խիղճը ըլլայ Ձեր դատաւորը: Մենք կը հաւատանք, որ ազնիւ եւ անկեղծ գործերը կ՚արդարացնեն մեր սպասելիքները:

Մենք անկեղծօրէն կ՚աղօթենք, որ խաղաղութիւն հաստատուի այստեղ՝ այս երկրին մէջ եւ արտերկրի մէջ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020