ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ երէկ, ժամը 22.00-էն սկսեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամբողջ գիշեր եւ Հայաստանի թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս փոխն ի փոխ կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք եւ սաղմոսերգութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի եւ Հայոց բանակի համար։ Շաբաթավերջին ալ տեղի ունեցած էր համազգային զօրակցութեան աղօթք։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան այցելեց Երեւանի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հովանաւորուած «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը, ուր կը դարմանուին վիրաւորեալ զինուորներ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու աղօթքը փոխանցեց վիրաւորեալներուն։ Ան զրուցեց իւրաքանչիւր վիրաւորեալ զինուորի հետ՝ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցելով։ Դարմանման տակ առնուած վիրաւորեալներու շարքին է աւագ գնդերէց Հրայր Սրկ. Լալայեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020