ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ արտայայտեց կառավարութեան աջակցութիւնը՝ Էրնէքեանի կողմէ շարք մը ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Էտուարտօ Էրնէքեան ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ իրականացնել ներդրումային ծրագրեր։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այդ ծրագրերը պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման։
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի մէջ Էտուարտօ Էրնէքեանի կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը եւ ապագային նախատեսուած նախագծերը։