ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԻՆ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով կազ­մա­կերպուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րու շար­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Եզ­րա­փա­կիչ այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Փրոֆ. Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ, ինչ­պէս նաեւ այս զրոյց­նե­րու շար­քի ծրա­գի­րը հա­մա­կար­գած եր­կու ա­նուն­նե­րը՝ Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թան եւ Էօ­մէր Թու­րան։

Վեր­ջին զրոյ­ցին ա­տե­նա­խօս­ներն էին գրող Գա­րին Գա­րա­գաշ­լը, «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան խմբա­գիր Ռո­պէր Քոփ­թաշ եւ ճար­տա­րա­պետ Զա­քա­րիա Միլ­տա­նօղ­լու, որ ծա­նօթ է նաեւ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով։

Ա­սու­լի­սի տե­ւո­ղու­թեան Հա­յոց ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին զու­գա­դի­պած ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ընդ­հա­նուր հա­յեացք մը սե­ւե­ռուե­ցաւ թէ՛ 1915-ի շրջա­նին եւ թէ այ­սօ­րուան վրայ։ 2015-ի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ, ցարդ ապ­րուած­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով կա­տա­րուե­ցաւ ամ­փոփ հա­շուե­յար­դար մը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015