ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովը երէկ սկսաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Լաթվիոյ մայրաքաղաքը այս գագաթաժողովին առթիւ կը հիւրընկալէ ԵՄ-ի բոլոր կառոյցներու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ ծանրակշիռ առաջնորդները, որոնց կարգին կը դասուին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն։ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից վեց երկիրներէն երեքը նախագահի մակարդակով ներկայացուած է Ռիկայի մէջ։ Այս շրջագծով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ կը գտնուի Ռիկայի մէջ։
Երէկ, ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, Սերժ Սարգսեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լաթվիոյ Նախագահ Անտրիս Պերզինչի եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Բաց աստի, ան մասնակցեցաւ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան գագաթաժողովին։ Սարգսեան եւ Մերքէլ քննարկեցին հայ-գերմանական միջպետական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ վերջին շրջանին նշանակալիօրէն ընդլայնուած եւ հարստացած է երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը։ Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած է շուրջ վեց տասնեակ համաձայնագիր։ Զրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայաստանին ի նպաստ շարունակական աջակցութեան համար։ Սարգսեան եւ Մերքէլ անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ու զարգացման հեռանկարներուն։ Այդ կապերու խորացման ամբողջին մէջ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց ԵՄ-ի մօտ ծանրակշիռ դիրքի մը տէր Գերմանիոյ դերակատարութիւնը։
Երկու ղեկավարները խօսեցան նաեւ 2015-ի տարելիցին կապակցութեամբ, անդրադառնալով Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած յիշատակի եւ ոգեկոչման արարողութիւններուն, ներառեալ Գերմանիան։ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արտայայտուած դիրքորոշման համար։
Զրուցակիցները միեւնոյն ժամանակ կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ։ Այս ծիրին մէջ անոնք կանգ առին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին վրայ։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարները երէկ երեկոյեան Ռիկայի մէջ համախմբուեցան պաշտօնական ընթրիքի սեղաններուն շուրջ, մինչ այսօր տեղի կ՚ունենան նախատեսուած բուն իրադարձութիւնները։ Իսկ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան երէկուան գագաթաժողովը առիթ մըն էր փոխանցելու համար պատգամներ։ Այդ առիթը վիճակեցաւ նաեւ Սերժ Սարգսեանին, որ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան գագաթաժողովին ժամանակ յստակօրէն պատգամեց, թէ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին մնալ կը շարունակէ եւրոպական օրակարգը։ «Մենք յանձնառու ենք խորացնելու եւ ա՛լ աւելի ամրապնդելու մեր համագործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ։ Արեւելեան գործընկերութիւնը այսօր թէեւ չ՚ապրիր դիւրին ժամանակներ, սակայն մենք չենք համարեր, որ ան ինքզինք սպառած է կամ այլեւս ընելիք մը չունի։