ԱՌԱՔԻՆԻ ԵՒ ԱՆԳԻՆ ՄԱՅՐԵՐ

Արցախի դէմ կրկին շղթայազերծուած պատերազմը ցնցեց Հայաստանն ու սփիւռքը: Ամէն վայրկեան Արցախեան կռիւներուն մասին լուրերու փնտռտուքը, նոր բարձունքներ նուաճելու աւետիսի որոնումը, թշնամիին արժանի դաս մը տալու կամքը, ռազմաճակատին՝ հայ զինուորին կողքին ըլլալու բուռն տենչը, մեզի համար դարձան ամէնօրեայ առաջնահերթութիւններ, իսկ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը վերածուեցաւ հանապազօրեայ աղօթքի:

Հայրենիքի փրկութեան գաղափարը, պատերազմէն յաղթական դուրս գալը իւրաքանչիւրիս համար եղան հրամայականներ: Հրամայականներ, որոնք յաճախ թակած են Արցախի դռները, հայը ընդունած է մարտահրաւէրը եւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին զայն վերածած էր պանծալի յաղթանակի, որով հպարտ ենք ազգովին եւ որուն կառչած ենք ամրօրէն:

Այդ յաղթանակին պահպանման ի խնդիր կը պայքարինք անխորտակելի կամքով: Գոյամարտը կը մղենք աւելի հաստատ եւ՝ յաղթելու վճռակամութեամբ: Բայց յաղթանակ ձեռք ձգելը կ՚ենթադրէ բազում զոհողութիւններ եւ գերբնական ճիգեր:

Անկասկած որ յաղթելու վճռակամութեան մէջ մեծ է դերը հայուն յատուկ ազատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան արժանիքներուն, Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին: Սակայն անհերքելի իրականութիւն է, որ հայ ժողովուրդին հայրենասիրութեան դաստիարակութեան մէջ նշանակալի դեր ունեցած են նաեւ հայոց մայրերը:

Հայոց աշխարհի մայրերը, որոնց ծոցէն ծնած են մեր պատմական թէ ազգային հերոսներն ու ֆետայիները՝ ազատատենչ Հայկը, Սասունցի Դաւիթը, Քաջն Վարդանը, Խրիմեան Հայրիկը, Գէորգ Չաւուշը, Հրայր Դժոխքը, Սերոբ Աղբիւրը, Անդրանիկը, Գարեգին Նժդեհը, Արամ Մանուկեանը, Դրոն, Մհերը, Թաթուլը, Վիգէնը, Կարօտը, Արաբոն, Բեկորը եւ անոնց նման յարգանքի արժանի վաղեմի թէ նորօրեայ հերոսներ:

Այսօր եւս ականատես ենք հայոց բանակին թէ կամաւորական ջոկատներուն միացող հայորդիներուն: Անոնց՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար ցուցաբերած բարձր ոգիին եւ պատրաստակամութեան: Դէպի ճակատ վազելու համոզումին, անկոտրում կամքին: Թշնամին ծունկի բերելու անսակարկելի ինքնավստահութեան:

Վերջապէս, հարկ է հաստատել, որ դաժան պատմութիւնը չէ յաջողած հայրենասիրութեան արժանիքը արմատախիլ ընել հայոց մայրերուն հոգիներէն:

Հայոց մայրերուն, որոնք օրօրոցէն հայրենասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ սնուցած են իրենց որդիները:

Հայոց քաջարի մայրերուն, որոնք իրենց մայրական զգացումները արհամարհելով,  արիօրէն մարտի դաշտ կ՚առաջնորդեն իրենց որդիները:

Հայոց առիւծասիրտ մայրերուն, որոնք կը պարծենան իրենց որդիներուն հերոսական սխրանքներով:

Հայոց վեհանձն մայրերուն, որոնք չեն վախնար իրենց որդիներուն առյաւէտ կորուստէն, որովհետեւ հայրենիքի համար նահատակուած որդին հերոս է:

Հայոց սուրբ մայրերուն, որոնց արգանդէն ծնունդ առած որդիները, մօր գիրկէն կը վազեն դէպի հողին գիրկը:

Հայոց անձնուրաց մայրերուն, որոնց համար հայրենի սահմաններուն ապահովութիւնը իրենց ապահովութենէն վեր է:

Հայոց մեծահոգի մայրերուն, որոնք թաց աչքերով, քարացած սիրտով իրենց գիրկէն հայրենի հողին գիրկը կը յանձնեն իրենց որդիները՝ հաւատալով, որ մայրական նոր գիրկը ամուր պիտի գրկէ զանոնք:

Հայոց մայրերուն, որոնց վիշտը խոր է, բայց դեռ ազգասիրութիւն կը ջամբեն մեզի:

Ինչե՛ր ու ինչե՛ր կարելի է գրել անձնազոհ հայոց մայրերուն մասին, որոնք օրն ի բուն ծնրադիր, հաւատքով կ՚աղօթեն հայ բազուկի յաղթանակին եւ հայրենի երկրի խաղաղութեան համար:

Ինչե՛ր ու ինչե՛ր կարելի է պատմել մերօրեայ արցախեան պայքարին ու յաղթանակին հաւատացող հայոց մայրերուն թէ պատերազմի դաշտ սուրացող հայուհիներուն մասին, որոնք տիրական ներկայութիւն են հայոց բանակին մէջ:

Ու դեռ ի՞նչ: Ինչպէ՞ս չյիշատակել հայ մայրերուն խիզախութիւնն ու նուիրումը:

Ինչպէ՞ս չհիանալ այն մայրերով, որոնք իրենց սրտահատորները կը նուիրեն հայրենիքին:

Ինչպէ՞ս չխոնարհիլ այն մայրերուն առաջ, որոնք չեն սգար իրենց որդիներուն կորուստը, այլ կը հպարտանան անոնց նահատակութեամբ:

Ազգասիրութեան ու անձնուիրութեան ի՜նչ ի՜նչ դասեր պէտք է քաղել հայոց մայրերէն:

Առաքինի՛ եւ անգին մայրեր,

Մեր ազգին գոյատեւման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար պէտք ունինք ձեր օրհնութեան եւ հայրենասիրութեան դաստիարակութեան:

Բի՜ւր յարգանք եւ խոնարհում ձեզի:

Փա՛ռք ու պատիւ անմահացած հերոսներուն:

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020