ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ
ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ երեկոյեան նաւապտոյտ մը կազմակերպեց Վոսփորի մէջ։ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին զուգադիպած այս ծովապտոյտին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նոյն կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեան։
Երեկոյթին հրաւիրուած էին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, նոյն եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները եւ Սկիւտարի ընտանիքէն այլ գործիչներ։ Ներկայ էին նաեւ յոյն համայնքէն գործիչներ։
ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի նախագահ Հալիտ Հըզըր եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հալիտ Հըզըրի արտասանած ողջոյնի խօսքէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ Մարգար Էսաեան։ Արտայայտուեցան նաեւ հոգեւոր հայրեր։
Երեկոյթի մասնակիցները համակրանքով ու զօրակցութեամբ շրջապատեցին երեսփոխանի թեկնածու Մարգար Էսաեանը։