«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ, Մայիսի 27-ին, տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին քսանչորրորդ նիստը։ Ծանօթ է, որ հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ու մեծ ներդրում կը բերեն անոր քսանհինգ տեղական մասնաճիւղերը, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի քսաներկու երկիրներուն մէջ։ Այդ տեղական մասնաճիւղերը սերտօրէն կը համագործակցին իրենց գտնուած երկիրներու հայ համայնքին հետ, թէ՛ անհատներու եւ թէ հաստատութիւններու հարթութեան վրայ։
Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովին ընդառաջ այս շրջանին հետզհետէ Երեւան կը ժամանեն տեղական մասնաճիւղերու ղեկավարները։ Այժմ արդէն պատկառելի տոկոսով ներկայացուցիչներ համախմբուած են Երեւանի մէջ։ Հոգաբարձութեան տարեկան ժողովին ընդառաջ անոնք ուղեւորութիւն մըն ալ կ՚իրականացնեն դէպի Արցախ։
Մինչ այդ, հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղերու անդամները այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Անոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կողմէ, որ ուրախութեամբ ողջունեց զանոնք եւ գոհունակութիւն յայտնեց, թէ հիմնադրամի մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ Սփիւռքի նախարարութիւն տրուած այցելութիւնները կը դառնան աւանդական։
Ընդունելութեան ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական մասնաճիւղերու ծաւալած ծանր, հետեւողական ու պատասխանատու աշխատանքին համար։ Ըստ իրեն, հիմնադրամի օժանդակութեամբ կեանքի կոչուած են հարիւրաւոր ծրագրեր, որոնք իսկապէս տպաւորիչ են։ «Ես շատ լաւ կը ճանչնամ Սփիւռքը ու կը հասկնամ այն դժուարութիւնները, որոնց ամէն օր կը հանդիպիք Հայաստանի եւ Արցախի համար աշխատելու ժամանակ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որ պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան ներկայացուց նաեւ մանրամասնութիւններ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան շուրջ։ Բաց աստի, ընդունելութեան մասնակիցներէն ոմանք պարգեւատրուեցան Հրանոյշ Յակոբեանին կողմէ։
«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»
Միւս կողմէ, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի Յունիսի 15-ին։ Առաջին փուլին կը ծրագրուի երկու հարիւր երախաներու Երեւան ժամանելը։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ «Արի տուն»ը կը համարուի յաջողած ծրագիր մը։ «Մեր հայրենակից երիտասարդները կու գան այստեղ, կ՚ոգեւորուին հայրենիքով ու կը վերադառնան՝ շարունակելու համար կապը հայու եւ Հայաստանի միջեւ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։