ՓԱՅԼՈՒՆ ՀՈՐԻԶՈՆ
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ Ռիկայի մէջ։ Այս հաւաքը էական նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ։ Արդարեւ, թէ՛ տարածքաշրջանի եւ թէ միջազգային նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ ստեղծուեցան նախադրեալներ՝ որպէսզի կողմերու համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու համար ստեղծուի անհրաժեշտ իրաւական հիմքը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած Ռիկայի գագաթաժողովը կարեւոր ձեռքբերում մը հանդիսացաւ Հայաստանի տեսակէտէ։ Ռիկայի գագաթաժողովը բնորոշուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ծագած տարակարծութիւնով։ Արդարեւ, Ատրպէյճան մերժեց դնել իր ստորագրութիւնը եզրափակիչ յայտարարութեան տակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ անոր մէջ տեղ տրուած բանաձեւումներուն հետեւանքով։ Գագաթաժողովի ատենապետ Սերճիօ Մաթարելլա վրդովեցաւ եւ յայտարարեց չնախատեսուած ընդմիջում մը։ Վերջին պահուն Ատրպէյճան հրաժարեցաւ ստորագրելէ համաձայնագիրը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերեալ ձեւակերպումներուն պատճառով եւ այս քայլը հիասթափութիւն յառաջացուց եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտ։ Պաքուի ղեկավարութեան կողմէ այս գագաթաժողովին կը մասնակցէր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Ռիկայի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին եւ ըսաւ. «Այն ինչ որ կը սպասուէր, մենք այսօր ունինք»։ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ լաւատես յայտարարութիւններ ընելու առընթեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ապրուած տարակարծութիւններն ալ մեկնաբանեց Նալպանտեան եւ ընդգծեց, թէ Ատրպէյճան անգամ մը եւս յայտնուած է մեկուսացման մէջ։ Ըստ իրեն, 28 երկիր համաձայնութեան հասած էր, որպէսզի ձեւակերպումներ ըլլային ընդհանուր հռչակագրին մէջ, ուր կը խօսուէր աջակցութեան մասին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, նաեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն եւ կատարած յայտարարութիւններուն, 2009 թուականէն սկսեալ։ Նալպանտեանի խօսքով, այդ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ հայկական կողմը բազմիցս նշած է, թէ իր մօտեցումները համահունչ են անոնց մէջ կատարուած առաջարկներուն ու նախատեսուած դրութիւններուն։ Ատրպէյճանն է, որ մինչեւ հիմա չէր արտայայտուած այդ հարցին շուրջ։
«Այս անգամ սա մտաւ նաեւ ԵՄ-ի եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու այդ ընդհանուր հռչակագրին մէջ, իսկ Ատրպէյճան ունէր կարգ մը խնդիրներ եւ այդ էր պատճառը, որ իրենց արտաքին գործոց նախարարը լքեց, փաստօրէն դահլիճը, այո, ու կը փորձէին զինքը ետ բերել, բայց այդպէս ալ կարելի չեղաւ։ Վերջաւորութեան համապատասխան բանակցութիւններու արդիւնքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որպէսզի հռչակագիրը ընդունուի, իսկ Ատրպէյճան իր առարկութիւնը ներկայացնէ համապատասխան կէտին վերաբերեալ։ Այսինքն, Հայաստան եւ միջազգային հանրութեան կարեւոր մասը՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները, նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան այլ երկիրներ միակարծիք են այդ հարցին վերաբերեալ, իսկ Ատրպէյճան դարձեալ դէմ դուրս եկաւ», ըսաւ Նալպանտեան։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ԵՄ-Ի ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ՝ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՎ ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՀԻՄՔԸ»
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ռիկայի մէջ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գա-գաթաժողովին ընթացքին ունեցաւ հետեւեալ ելոյթը։
Լաթվիոյ յարգարժան վարչապետ Սթրաիւմա,
ԵՄ-ի խորհուրդի յարգարժան նախա-գահ Թուսք,
Տիկնայք եւ պարոնայք,
Արեւելեան գործընկերութեան մեկնարկէն սկսեալ մենք զայն դիտարկած ենք որպէս ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու, մեր հասարակութիւններուն միջեւ շփումները խրախուսելու, զանազան ոլորտային ուղղութիւններով թիրախային համագործակցութիւն ծաւալելու ձեւաչափ։ Այս ընթացքին ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան ամրապնդումը նոր թափ տուաւ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ մեր պետութեան արդիականացման ուղղեալ ջանքերուն, խթանեց լայնածաւալ բարեփոխումներու մեր օրակարգը, նշանակալիօրէն նպաստեց քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման։
Յարգելի գործընկերներ,
Բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպայի մը կերտման ճանապարհին կարեւոր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը։ Հայաստանի մօտեցումները համահունչ են միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներուն, ինչ որ արտայայտուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն ընդունած յայտարարութիւններուն մէջ։ Յայտնի է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան գործընթացին մէջ բանակցող կողմերը Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ համաձայնած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի դրոյթներուն, մասնաւորապէս, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկըզ-բունքներուն հիման վրայ։ Յայտնի է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղ որեւէ առընչութիւն չունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ, որովհետեւ երբեք չէ հանդիսացած անկախ Ատրպէյճանի մաս, մինչդեռ այդ երկրի իշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը համարելով միակ սկզբունք եւ դրօշ դարձուցած, հետեւողականօրէն կը վիժեցնէ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ մերժելով կարգաւորման միւս՝ համահաւասար ու կարեւոր սկզբունքները։ Այո, տարածքային ամբողջականութիւնը 21-րդ դարուն պէտք է յարգուի պետութիւններուն կողմէ, սակայն երբ այդ ամբողջականութիւնը կը դառնայ տուեալ հասարակութեան մէկ մասի ճակատագրի խեղման, անոր համար զարգացման ամէն տեսակ հեռանկարի վախճան, ոեւէ մէկը չի կրնար ստորադասել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը։ Վերջին հաշուով, եթէ խաղի միակ կանոնը ըլլար տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, ապա այսօր այս սեղանին շուրջ այսքան երկիրներու ներկայացուցիչներ չէին ըլլար, որովհետեւ պարզապէս այդքան երկիր չէր ըլլար։
Յարգելի գործընկերներ,
Այս տարի մենք կ՚ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ միացան մեզի՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յիշատակին այն մէկուկէս միլիոն զոհերուն, որոնք նահատակուեցան միայն հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալու համար։ Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական նպատակայարմարութեան տուրք չտալով, իրենց աւանդը կը բերեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին։ 2015 թուականի Ապրիլի 15-ին ԵՄ-ի ամենաներկայացուցչական կառոյցը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը՝ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատգամ յղելով միացեալ Եւրոպայի երկիրներուն, նաեւ՝ Թուրքիոյ։
Յարգելի գործընկերներ,
Հայաստան յանձնառու է ԵՄ-ի գործընկերներուն հետ ձեռնարկելու քայլերու՝ ձեւաւորելու մեր յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքը, որ մէկ կողմէ պիտի արտացոլէ ԵՄ-ի հետ Հայաստանի նախորդ բանակցութիւններուն բովանդակութիւնը, միւս կողմէ՝ համատեղելի պիտի ըլլայ այլ համարկման գործընթացներու, մասնաւորապէս՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մեր անդամակցութենէն բխած յանձնառութիւններուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան կը կարեւորէ իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ, ընդհանուր արժէքներու առանցքին շուրջ իրականացուող բարեփոխումներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին հիման վրայ, տարբերակուած մօտեցման կիրառումը եւ «աւելին՝ աւելիին դիմաց» սկզբունքի վերահաստատումը։ Մենք առաւել քան համոզուած ենք, որ պէտք է ըլլայ բոլոր գործընկերներու հաւատարմութիւնը ընդհանուր արժէքներուն եւ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ աշխատիլ այս իսկ ճանապարհով։
Շնորհակալութիւն։
ՇՈՒԷՏԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ
Սերժ Սարգսեան երէկ Ռիկայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Շուէտի Վարչապետ Սթեֆան Լիւվէնի հետ։ Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան շուրջ խնդիրներ։
Սթեֆան Լիւվէն ընդգծեց, որ Հայաստան կը հանդիսանայ տարածքաշրջանէն ներս Եւրոմիութեան ռազմավարական գործընկերներէն մին։ Ուստի, ան ողջունեց Հայաստանի՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ կամուրջ մը դառնալու ուղղեալ քաղաքականութիւնը։ Շուէտի վարչապետին համոզմամբ, սա կրնայ դառնալ համագործակցութեան կարեւոր հարթակ մը։
Սարգսեան եւ Լիւվէն Ռիկայի զրոյցին ընթացքին միջպետական յարաբերութիւններուն շրջագծով կարեւոր տեղ վերապահեցին առեւտրատնտեսական կապերուն եւ ընդգծեցին այդ բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը խորացնելու, Հայաստանի շուկայէն ներս շուէտական ներդրումներն ու նոր ընկերութիւններու մուտքը խթանելու եւ խրախուսելու ուղղութեամբ երկկողմանի աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման առումով կարեւորեցին նաեւ Երեւանի եւ Սթոքհոլմի մէջ հաստատուած դեսպանութիւններուն գործունէութիւնը։ Անոնք քննարկեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Սերժ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Սթոքհոլմի իշխանութիւններուն՝ անցեալ Ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութիւններուն Շուէտի պաշտօնական մասնակցութեան համար։