ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱԺԱՆՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԵՆԹԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը ծանր մարտեր մղելէ ետք հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսէն 215 քմ. հիւսիս-արեւելք գտնուող Թատմոր (Փալմիրա) քաղաքի դռները: Թատմորը կամ Փալմիրան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած սուրիական պատմական քաղաքներու ցուցակին վեցերորդն է: Պատմութեան մէջ անոր մասին առաջին անգամ կը յիշատակուի Ն. Ք. առաջին դարուն, երբ ան կը համարուէր Ծոցի երկիրներէն դէպի Միջին Արեւելք տանող կարեւոր կայան: Փալմիրան, որ ճանչցուած է այլ անուններով՝ ինչպէս՝ «Անընկճելի քաղաք», «Հրաշքի քաղաք», «Անապատի ոստրէ» եւ այլ անուններով, իր «Փալմիրա» անունը առած է հռոմէացի Ատրէան կայսրէն, երբ Յ. Ք. 129 թուին կոչուած է «Ատրիանա Փալմիրա» դառնալով՝ ինքնավար քաղաք: Աւելի վերջ երրորդ դարուն անոր Զանուպիա թագուհին բազմաթիւ յաղթանակներ տանելով հասած է մինչեւ Կեդրոնական Ասիա: Նոյն թագուհին 273 թուին պարտութեան կը մատնուի եւ Օրլէան կայսրին կողմէ որպէս ռազմագերի կը տարուի Հռոմ: Հազարէ աւելի սիւներով հարուստ այս քաղաքը մինչեւ 2011 թուականը, այսինքն Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը, տարեկան կտրուածքով կ՚ընդունէր 150 հազար զբօսաշրջիկ: Թատմոր քաղաքը նաեւ յայտնի է Էսատի վարչակարգի ամենէն տանջալից պայմաններ ունեցող բանտերէն մէկով:
AFP լրատուական գործակալութեան համաձայն Փալմիրայի գրաւումով ԻՇԻՊ տիրապետած կ՚ըլլայ Սուրիոյ տարածութեան գրեթէ կէսին, այսինքն շուրջ 90 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան:
Երբ ամիսներ առաջ տարբեր առիթներով վերլուծաբաններ կը խօսէին Սուրիան բաժնելու ծրագրի մը մասին, այդ մէկը անկարելի կը համարուէր: Այսօր սակայն իրականութիւնը տարբեր է: Մինչ Պեշար Էսատի ուժերը լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին կռնակ տալով կը յաջողին դրական ձեռքբերումներ ունենալ յատկապէս Լիբանանի հետ սահմանային շրջաններուն վրայ (Քալամուն, Ֆլիթա, Պարուհ եւ Մուսա լեռնագագաթներ), անդին Սուրիոյ հարաւային եւ հիւսիսային շրջանները ամբողջութեամբ կ՚անցնէին ընդդիմութեան տարբեր հատուածներու ձեռքը: Սկսեալ Իտլիպ նահանգէն ու հասնելով մինչեւ Արիհա կոչուած շրջանը: Տակաւին ծանր մարտեր կը մղուին տարբեր շրջաններու մէջ ու նոր երեւեցած «Ժայշ Էլ Ֆաթհ» ջոկատը կարեւոր յաղթանակներ կը գրանցէ: «Հիզպուլլահ»ի համար կարեւոր կը մնայ նաեւ փակել դէպի լիբանանեան Արսէլ աւան Սուրիայէն անցքը: Պէտք է յիշեցնել, որ Արսէլը լիբանանեան սիւննի բնակչութեամբ աւան մըն է, որուն բնակիչներուն թիւը կը հասնի 40 հազարի: Արսէլ աւանի խնդիրը ներլիբանանեան առումով եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի: Տարբեր առիթներով այս աւանը հանդիսատես եղած է վտանգաւոր զարգացումներու եւ մտավախութիւն կայ, որ «Հիզպուլլահ» փորձէ ամէն գնով լիբանանեան բանակը Սուրիոյ ընդդիմադիր զօրքերուն հետ նոր բախումներու տանիլ: Այս խնդիրը նոր շեշտադրում կը ստանայ մանաւանդ Իրանի Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդի խորհրդատու եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար ՝ Ալի Էքպէր Ուիլայաթիի Պէյրութ ու ապա Դամասկոս տուած այցելութիւններէն ետք: Պէտք է միշտ վերյիշել, որ Իրան-Արեւմուտք բանակցութիւններուն առընթեր որեւէ լարուածութիւն ուղղակիօրէն կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի վրայ: Այսինքն «Հիզպուլլահ»ն է, որ կը շարժէ իրանեան քարերը շրջանին մէջ եւ այդպէսով Իրան կը փորձէ միաւորներ հաւաքել: Յոռեգոյն պարագային իրանցիք կրնան բանակցութիւններու ձախողումը յետաձգել կամ իրենց պայմանները բարելաւել: Իրանի համար Եէմէնի «պարտուած» խաղաքարտէն ետք Սուրիան ու Լիբանանը անսակարկելի են: Նոյն շրջագծին մէջ պէտք է տեղադրել իրանցի դիւանագէտին Դամասկոսի մէջ ըրած յայտարարութիւնները, երբ ան անտեսելով վարչակարգին վերջին շրջանին կրած պարտութիւնները կը գովերգէր էսատեան ուժերուն «սխրանքները»: Իտլիպի պարտութիւնը Էսատի համար այսօր կը դառնայ երկրորդական խնդիր: Վարչակարգը մինչ զբաղած է ներքին կարգաւորումներով, արդէն անզօր է ընդդիմութեան նոր հոսքին դիմաց հակագրոհներ ընել: Օրինակ՝ նոյն Իտլիպի ծայրերուն գտնուող «Էլ Մասթումա» զօրակայանին անկումը անվերականգնելի է: Այս նոր ձեւաւորումով պարզ կը դառնայ, որ Սուրիան լրջօրէն կանգնած է բաժանման եզրին: Ըստ նոր ձեւաւորման՝ երկիրը կրնայ բաժնուիլ երկու հաւասար մասերու: Մինչ գործող վարչակարգին բաժին պիտի իյնայ Դամասկոսի կեդրոնական հատուածը, Հալէպի գրեթէ կէսը, Թարթուս քաղաքը, ուր կը գործէ ռուսական խարիսխը, ամբողջութեամբ եւ Հոմս քաղաքին կարեւոր հատուածները, ուր էսատեան ուժերը իրենց տիրապետութիւնը կը տարածեն Էլ Քուսայր քաղաքէն մինչեւ Լիբանանի հետ սահմանային հատուածները: Կան նաեւ Լաթաքիան ու անոր շրջակայից շրջանները, ինչպէս նաեւ Հոմսի կարեւոր մէկ հատուածը: Դիմացի կողմին համար կարեւորագոյն կեդրոններ են՝ Տէր Զօրը, դարձեալ Հալէպի կէսը, Ռաքքան, Իտլիպը եւ Յորդանանի հետ սահմանակից Տարհա քաղաքի կարեւորագոյն շրջանները: Ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ԻՇԻՊ-էն բացի կան «Ժայշ Էլ Ֆաթհ»ը, «Էլ Նուսրա» ճակատը, Սուրիոյ «Ազատ բանակ»էն «մնացած» փոքր ջոկատները, ինչպէս նաեւ քրդաբնակ Հասաքէի եւ Քոպանիի մէջ գործող քրդական ջոկատները: Այս շրջաններուն մէջ սպասելի են կարեւոր փոփոխութիւններ, այն իմաստով, որ միջազգային դաշնակից ուժերու կողմէ ծանր հարուածներու տակ կքող ԻՇԻՊ-ը կրնայ ձեւափոխուիլ ու անոր առաջին շարքի ղեկավարութեան նահանջին հետեւանքով նոր կերպարանքով հանդէս գալ: Բացի այս ենթադրութենէն պէտք է նաեւ նկատի առնել, որ Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ Իրաքի եւ այլ վայրերու մէջ սուրիական ոչ-ծայրայեղական ջոկատները յառաջիկայ հանգրուանին կրնան երեւիլ մարտադաշտին վրայ:
Էսատ զիջելու տեղ չունի: Նոր քարտէսին համաձայն ան պիտի դառնայ փոքր ալեւի Սուրիոյ մը առաջնորդը ու հակառակ անոր, որ շատ կը խօսուի՝ յատկապէս սիւննի աշխարհին կողմէ, անոր պարտութեան կամ Սուրիոյ ապագային մէջ դեր մը չունենալուն մասին շրջանային որոշիչ ուժերուն համար ան արդէն «գոյութիւն» չունի: Այսինքն, եթէ Պեշար Էսատ նոյնիսկ իշխանութեան վրայ մնայ, ան շրջանային մակարդակի «խաղացող» մը պիտի չըլլայ այլեւս: Ռիատի, Անգարայի եւ Թէլ Աւիւի համար շատ աւելի տանելի է այսօրուան Էսատը, քան ասկէ վեց տարիներ առաջ Հաֆըզ Էսատի ժառանգորդ Պեշար Էսատը: Թոյլ, պատերազմէն տկարացած ու մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ին «տիրապետութեան» տակ եղող Էսատը վտանգաւոր չէ վերը նշուած երկիրներուն համար: Նոր եւ հաւանական քարտէսի որդեգրումով, Իրան իր համաձայնութիւնը տալէ ետք կրնայ նոյն համոզումները «հրամցնել» Փութինի Մոսկուային: Նման մօտեցումով մը, առնուազն կարելի կ՚ըլլայ դադար տալ արիւնահեղութեամբ եւ անմարդկային աննկարագրելի սպանդներով լեցուն պատերազմի այս փուլին:
Այդ հանգրուանէն անմիջապէս ետք գալիք հանգրուանը կրնայ յատկանշուիլ շիի «իշխանութեամբ» ղեկավարուող Սուրիոյ մը երեւումով: Մինչ Էսատի հաւանական հովանաւորութեան տակ եղող շրջանները կրնան աւելի խաղաղ դառնալ, անդին ընդդիմութեան ափին վրայ եղող հատուածներուն մէջ պատկերը կը թուի աւելի մոխրագոյն ըլլալ: Մտահոգիչ է նաեւ, որ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ յայտնուած աւաններուն մէջ ներիսլամական կռիւները կրնան երկար տեւել, եթէ շրջանին առընթեր կարեւոր դեր ունեցող երկիրները դիրքերու բաժանում չեն կատարած: Սուրիական նաւթի «բարիքներ»ը բնականաբար կ՚ուզեն քաղել Ռիատն ու Քաթարը, իսկ Թուրքիան պիտի ուզէ հիմնարար եւ որոշիչ դեր ունենալ քաղաքները վերակառուցելու գործընթացներուն մէջ:
Էսատեան հատուածներուն մէջ ճակատագրական պիտի ըլլայ Էսատի ալեւի բանակին եւ շիի «Հիզպուլլահ»ին միջեւ յարաբերութիւնները: Շատ բնական է, որ նոր կացութեան մէջ «Հիզպուլլահ» յաւելեալ իրաւասութիւններ պիտի պահանջէ եւ այդ մէկը կրնայ լուրջ լարուածութիւններ ստեղծել երկու կողմերուն միջեւ, նկատի առնելով նաեւ անոնց միջեւ եղած գաղափարական շեշտուած տարբերութիւնները:
Ճիշդ է, որ շատ կանուխ է այդ հաւանական ընդհարումներուն մասին խօսիլ, բայց եւ այնպէս երեւելի է, որ Սուրիան նոր բաժանումի հանգրուանի մը նախասեմին կը գտնուի ու այդ հանգրուանի նախնական քարտէսը գծուած է ո՛չ միայն արտաքին թելադրանքներով, այլ՝ պատերազմներու բերած նոր սահմաններով ու բաժանումներով:
Այս իրավիճակին մէջ կրնան նոյնպէս ջուրը իյնալ հայութեան «կարեւոր գաղութ»ը պահելու մասին բոլոր ենթադրութիւնները: Հայութիւնը պիտի ընդունի՞ կամ պիտի կարողանա՞յ բաժնուած Սուրիոյ մը մէջ ապրիլ: Այս բոլորը կրնան ենթադրութիւններ համարուիլ, բայց չմոռնանք, որ թերեւս 2012 թուականին, երբ խօսակցութիւններ կային այն մասին, թէ Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած հակավարչակարգային շարժումը կրնար ծանր ու անսպասելի արդիւնքներով լեցուն շրջանի մը սկիզբը դառնալ, կար մեծամասնութիւն մը, որ ո՛չ միայն վերապահութեամբ կ՚ընդունէր այս տիպի խօսքերը, այլ նաեւ վստահ էր, որ Էսատ պիտի յաղթանակէ: Սուրիահայերու մեծագոյն տոկոսին համար վարչակարգը ցայսօր անպարտելի է: Կան հազարաւոր սուրիահայեր, որոնք օրն ի բուն կը սպասեն, որ Էսատ յաջողի վերամիացնել Սուրիան, պատերազմին դադար տայ եւ երկրին վերադարձնէ իր երբեմնի փառքի օրերը: Սակայն ճակատումները, Սուրիան վերածած են վիրաւոր, թոյլ, հազարումէկ բարդ խնդիրներու առջեւ կանգնած տագնապահար եւ հիւծած երկրի մը: Եւ այս պարունակին մէջ հայութեան համար կորուստները նոյնպէս շատ ծանր են ու անդարմանելի: Այլ թեմա է, ու այլ յօդուածի նիւթ, թէ արդեօք հայերս եթէ աւելի մեծ լրջութեամբ մօտենայի՞նք, պիտի կարողանայի՞նք սուրիահայութիւնը տարհանելով թերեւս Հայաստանի մէջ պահպանել անոր «հաւաքական ներկայութիւն»ը: Տակաւին չենք խօսիր անոնց մասին, որոնք առանց ետեւ նայելու հասած են Շուէտ, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլ վայեր: Անոնք այսօր արդէն նոր կեանք կերտած են ու նոյնիսկ չեն մտածեր իրենց ցաւալիօրէն աւերակուած ու վիրաւոր ծննդավայրին մասին:
Կը մնայ նոր ընկալումներով քննարկել Սուրիոյ մէջ ամրագրուող դէպքերը, որովհետեւ վստահաբար Սուրիան այսօր նոր եւ շատ հաւանաբար բաժանումի սեմին է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան