ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Միջվարժարանային այս մրցաշարքը ձօնուած էր մեր մարզական աշխարհի խորհրդանշական անուններէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։ Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան հանդիպումները, մասնակցութեամբ համայնքային տասն միջնակարգներէ ֆութպոլի խումբերու։
Մեր վարժարաններու աշակերտները յաջող խաղարկութեամբ ծափահարութեան արժանացան մրցումներուն ընթացքին։ Երէկ, կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցան եզրափակիչ խաղերն ու մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Մրցաշարքի առաջնութիւնը նուաճեց Գարակէօզեան, որուն հետեւեցան Էսաեան, Մէրամէթճեան եւ Պէզճեան։ Ֆէրիգիւղի վարժարանի մարզանքի ուսուցիչներէն Գամէր Տիւվէնճիի ջանքերով կազմակերպուած այս մրցաշարքին պարգեւատրման արարողութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ նոյն վարժարանի մարզանքի ուսուցչուհիներէն Գարօլին Մարմիկոնեանի հանդիսավարութեամբ։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ մասնակից վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները։ Այս առթիւ արտայայտուեցաւ Արփի Մանուկեան, իսկ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին անունով Որդիք Մկրտիչ Փափազեան յուշանուէր մը յանձնեց Կարօ Համամճեանին, որն ալ իր հերթին վերյիշեց հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանին հետ ունեցած յուշերը։ Ալեքսան Տատեանի հարազատներուն ալ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որու տեւողութեան կազմակերպիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին նաեւ Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեանին, որ այս մրցաշարքի առողջապահութեան գծով պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր սիրայօժար ձեւով։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան աւարտին մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ բոլորը հրաժեշտ առին զիրար շնորհաւորելով ջերմօրէն։