ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԱՌԱԿ ՄԸ

Ինչպէս միշտ՝ կրկին մինակ ենք:

Օրհասական պահի մատնուած ենք, սակայն քովերնիս մէկը չկայ:

Մեր պաշտպանը մենք ենք ու Աստուած:

Խաղաղասէր ազգերը պահ մը խլացած ու կուրացած են. չեն տեսներ, չեն իմանար, թէ ինչպիսի արհաւիրքներու մէջէն ստիպուած կ՚անցնի սրբատեղիի վերածուած հողը հայոց:

Սա առակը լաւագոյնս կը նկարագրէ մեր ներկան…

*

Օր մը մկնիկ մը լսեց, թէ ինչպէս ագարակատէրն ու անոր կինը կը խօսին իրենց տունին մէջ թակարդ դնելու մասին: Ան վախցած վազեց դէպի բակ ու պոռաց. «Տունին մէջ թակարդ կը դնեն. ատիկա սարսափելի է»:

Հաւը քիթին տակէն քմծիծաղով մը ըսաւ.

-Ես կը հասկնամ Ձեր անհանգստութիւնը, տիկին Մուկ, սակայն թակարդը զիս չ՚անհանգստացներ, ես չեմ կրնար իյնալ անոր մէջ:

Մկնիկը վազեց խոզի մօտ: Խոզը երբ լսեց մկնիկը, հանգստացաւ ու ըսաւ.

-Ես ներողութիւն կը խնդրեմ, սակայն այդ իմ գործը չէ: Ես կրնամ միայն աղօթել Ձեզի համար: Այնուհետեւ մկնիկը վազեց կովի մօտ եւ ըսաւ.

-Այս չար մարդիկ տունին մէջ թակարդ դրած են:

Կովը պատասխանեց.

-Ես, հարկաւ, կը ցաւիմ Ձեզի համար, տիկին Մուկ, սակայն այդ ձեր խնդիրն է եւ երբեք զիս չի հետաքրքրեր: Ես այնքան մեծ եմ, որ ոչ մէկ թակարդ ինծի համար սարսափելի է:

Մկնիկը հիասթափուած կը վերադառնայ տուն՝ փորձելով այսուհետ քայլել աւելի զգոյշ:

Արդէն այդ գիշեր լսուեցաւ ուժեղ ձայն մը. թակարդն էր: Ագարակապանին կինը վազեց տեսնելու համար բռնուած մուկը: Մթութեան մէջ ան չտեսաւ, որ այն մուկ չէր, այլ թունաւոր օձ մը, որու պոչը ինկեր էր թակարդը: Օձը խայթեց ագարակատիրոջ կինը: Ագարակապանը իր կինը տարաւ հիւանդանոց: Բժիշկները ըրին իրենց կարելին ու անոնք վերադարձան տուն:

Առաւօտեան կինը տակաւին շատ տկար էր:

Իսկ ինչպէ՞ս կ՚ապաքինին ծանր հիւանդները: Ի հարկէ, հաւու արգանակով: Մորթեցին հաւը ու արգանակ պատրաստեցին տիկնոջ համար: Սակայն խեղճ կինը կը շարունակէր հիւանդ մնալ, եւ եկան ընկերներն ու բարեկամները, որպէսզի քանի մը շաբաթ մնան անոր մօտ: Իսկ որպէսզի կարենայ կերակրել հիւրերը, ագարակապանը մորթեց նաեւ խոզը: Ցաւօք, ագարակատիրոջ կինը չապաքինեցաւ ու մահացաւ քանի մը օր վերջ: Անոր յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն մը, իբր այդ ալ ագարակապանը ստիպուեցաւ մորթել նաեւ կովը։

Մկնիկը պատի արանքէն մեծ տխրութեամբ կը դիտէր, թէ ինչպէս մէկը միւսի ետեւէն կ՚երթային անոնք, որոնք կ՚ըսէին, թէ թակարդը իրենց չի վերաբերիր:

Խաղաղութիւն աշխարհին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020