ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի Ի­րա­ւա­կան գոր­ծոց ու մար­դու ի­րա­ւանց կո­մի­տէն վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րեց իր ժո­ղով­նե­րը։ Եր­կօ­րեայ նստաշր­ջա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ։ Կո­մի­տէի նիս­տը բա­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵԽԽՎ-ի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րէն Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան յայտ­նեց, թէ Եւ­րո­խոր­հուր­դի պա­տուի­րակ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր էր զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով ծա­նօ­թա­նալ Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։

Նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի նախ­կին դա­տա­ւոր­նե­րէն Ալ­վի­նա Կիւ­լիւ­մեան, Հա­յաս­տա­նի Փաս­տա­բան­նե­րու պա­լա­տի նա­խա­գահ Ա­րա Զօհ­րա­պեան, Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ Գէորգ Դա­նիէ­լեան, Մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նի տե­ղա­կալ Տա­թե­ւիկ Խա­չատ­րեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015