ԸՍՏ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՌԿԱՅ Է ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ առկայ է ինքնութեան ճգնաժամ մը։ 2015-ի ոգեկոչման միջոցառումներու ընթացքին կապակցութեամբ Հրանոյշ Յակոբեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ՝ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Եթէ մէկ բառով ըսենք՝ Թուրքիոյ մէջ այսօր առկայ է ինքնութեան ճգնաժամ, որովհետեւ հայը կ՚ըսէ որ հայ է, հրեան կ՚ըսէ հրեայ է, յոյնը կ՚ըսէ յոյն է։ Այսինքն՝ մարդիկ կը վերադառնան իրենց արմատներուն»։ Ան աւելցուց նաեւ, թէ իսլամացած հայերու մօտ սկսած է հետաքրքրական շարժում մը, անոնց որոշ հատուածները կը մկրտուին ու կը վերադառնան քրիստոնէութեան։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան արտայայտուեցաւ նաեւ այլ շարք մը հրատապ նիւթերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան առաջնահերթօրէն կանգ առաւ սուրիահայոց խնդիրներուն շուրջ։ «Նոր Հալէպ» կոչուած թաղամասի շինարարութեան շուրջ խօսելով՝ նախարարը տեղեկացուց, թէ թաղամասը կը կառուցուի սուրիահայոց կողմէ, իսկ պետութիւնը կ՚օգնէ զանազան հարցերու լուծման համար։ «Սուրիահայերը խնդրած են հողամաս մը եւ այս հարցը լուծուած է։ Խնդրած են ճարտարապետական-գծագրական աշխատանքներու կատարումը, այս հարցին եւս գտնուած են լուծումներ։ Բոլոր գումարները կը կուտակուին սուրիահայոց հաշուեհամարին վրայ։ Իրենք պիտի որոշեն, երբ գումար ունենան՝ թաղամասը պիտի կառուցեն։ Կառավարութիւնը իրականացուցած է իր քայլերը, մնացեալը իրենք պիտի որոշեն», աւելցուց նախարարը։
Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներուն յայտնեց նաեւ, թէ իր գլխաւորած նախարարութիւնը զանազան միջոցներու կը ձեռնարկէ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման համար։ Ան համոզուած է, թէ հայկական Սփիւռքին մօտ ամենամեծ մարտահրաւէրն է մայրենի լեզուի իմացութեան պակասը։ Նախարարութիւնը կ՚օգնէ յատկապէս ԱՊՀ-ի երկիրներէն ներս Մաշտոցեան կեդրոններու բացման, որպէսզի լեզուի հարցը որոշ չափով լուծուի։