ՌԻԿԱ. ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՌԱՋ
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անցեալ շաբաթավերջին Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Մասնագէտներու կարծիքով՝ այս գագաթաժողովը քայլ մը առաջ էր ԵՄ-ի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին։ Ծանօթ է, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութիւնը մօտաւոր անցեալին լուրջ վերիվայրումներ ապրեցաւ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ յարաջացած լարուածութեան հետեւանքով։ Թէեւ ներկայիս բոլոր խնդիրները յաղթահարուած չեն, սակայն Արեւելեան գործընկերութեան պարագային կան զարգացման միտումներ։ Ռիկայի գագաթաժողովէն առաջ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնած է, թէ Արեւելեան գործընկերութիւնը ընդլայնման միջոց մը չէ ԵՄ-ի համար եւ ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ, ներառեալ Ռուսաստանը։ Մերքէլ Պունտեստակի մէջ յայտարարած էր նաեւ, թէ «կամ-կամ» սկզբունքի Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն առջեւ դրուիլը կը համարուի անընդունելի։ Մերքէլի այս խօսքերուն զուգահեռ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովն ալ յայտարարած էր, թէ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքը մենաշնորհ մը չի համար-ւիր Մոսկուայի կողմէ։ Այս երկու յայտարարութիւններուն լոյսին տակ ձեւաւորուած ակնկալութիւնները ընդհանրապէս արդարացան Ռիկայի գագաթաժողովի արդիւնքին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Chatham Houses հաստատութեան վերլուծաբան Օրիսիա Լուցեւիչ այս առթիւ ըսաւ. «Եւրոմիութիւնը յաջողեցաւ միասնական դիրքորոշում ձեւաւորել՝ հաւաստելով, որ երկիրները իրաւունք ունին իրենց ապագան ինքնուրոյն որոշելու»։ Եւրոպայի արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի մասնագէտներէն Քատրի Լինքն ալ համոզուած է, թէ Ուքրայնոյ իրադարձութիւններուն հետեւած Ռուսաստանի գործողութիւնները նախկին խորհրդային միւս երկիրները ստիպած են աւելի լուրջ վերաբերուելու՝ ԵՄ-ի համագործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարին նկատմամբ։ «Բոլոր երկիրները այժմ կը փորձեն Եւրոմիութեան հետ հնարաւորինս շուտ յարաբերութիւններ հաստատել՝ հակադրելով այդ յարաբերութիւնները Ռուսաստանի ազդեցութեան։ Սա յատկապէս կը վերաբերի Եւրոմիութեան հետ թերի յարաբերութիւններու տէր Ատրպէյճանին եւ Սպիտակ Ռուսիոյ, որոնք կը մտահոգուին Ռուսաստանի հաւանական գործողութիւններէն։ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, սակայն, անոր մէջ ընդգրկուած երկիրներուն համար չի նախատեսեր ԵՄ-ի անդամակցութիւն։ Դուք կրնաք մուտք գործել շուկայ, հաստատել ազատ տեղաշարժուելու դրութիւն, սակայն չէք կրնար ԵՄ-ի անդամ դառնալ», ըսաւ Լինք։
Շուէտի Վարչապետ Սթեֆան Լիւվէնի մօտեցումով, ԵՄ կը փափաքի զարգացնել յարաբերութիւնները նախկին խորհրդային երկիրներուն հետ, սակայն այդ երկիրները պէտք է իրենց հերթին որոշեն, թէ ի՛նչ չափով կը փափաքին խորացնել ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները ու ձեռնարկեն համապատասխան քայլերու։
Ընդհանուր առմամբ Ռիկայի գագաթաժողովը ընթացաւ ներդաշնակ մթնոլորտի մը մէջ։ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ ալ լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ գագաթաժողովի արդիւնքին։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Երեւանի տեսակէտէ բաւական արդիւնաւէտ շփումներ ունեցաւ Ռիկայի մէջ, ուր համաձայնութիւն գոյացաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններու զարգացման շրջանակին շուրջ։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտնեց, թէ Արեւելեան գործընկերութիւնը հիմնուած է բոլոր գործընկեր-պետութիւններու միջեւ եղած փոխշահաւէտութեան յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ՝ ազատ կամքի, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան վրայ։ «Մենք բոլորս վերահաստատեցինք մեր համընդհանուր շահագրգռութիւնը՝ շարունակելու համար զարգացնել սերտ եւ տարբերակութան յարաբերութիւններ գործընկերներէն իւրաքանչիւրին հետ», ըսաւ ան։
Տոլանտ Թուսք մատնանշեց նաեւ Ռիկայի գագաթաժողովի հիմնական պատգամները, ըստ որոնց Եւրոմիութիւնը հաւատարիմ է Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ շարունակական, հետեւողական եւ ամուր համագործակցութիւն զարգացնելու իր յանձնառութեան, տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման համար կարեւոր է ամուր եւ աւելի թափանցիկ, կաշառակերութենէ զերծ կառոյցներու ձեւաւորումը, ինչ որ աւելի պիտի հզօրացնէ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները։
Թուսք նաեւ շեշտեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է մարդոց ազատ տեղաշարժման ոլորտէն ներս, իսկ հետագայ տարիներուն համար գերակայութիւն պիտի ըլլայ համագործակցութեան խթանումը ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներէն ներս։