ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից օրը առիթ դարձաւ, որպէսզի հին ու նոր թարգմանչացցիներ ի մի հաւաքուին իրենց կրթօճախի յարկին տակ։ Խանդավառ հաւաքոյթին ընթացքին ներկաները ողջունեց սանուց միութեան վարչութենէն Մելիսա Ֆերահեան։ Ապա արտայայտուեցաւ ատենապետ Արաս Ալաքուշ։ Խօսեցան նաեւ վարժարանի տնօրէն Արաս Տելիճէ, նախկին տնօրէնուհի Մարի Նալճը, ինչպէս նաեւ երիցագոյն շրջանաւարտներ ու թաղեցիներ։ Այս առթիւ բեմ հրաւիրուեցան քառասնամեակի ու քսանհինգամեակի շրջանաւարտ դասարաններուն սաները, որոնք յուշանուէրներ ստացան։ Ի պատուի էին նաեւ 100-ամեայ մեծմայրիկ մը՝ Հենիա Եոլտաշ, հին թաղեցիներ Նուրհան Յովսէփովիչ, Հռիփսիմէ Պեճիտեան, Շաքէ Սիմքէշեան, Եսթեր Վարժապետեան, որոնք արտասանեցին նաեւ իրենց ողջոյնի խօսքերը։
Վարժարանի պարտէզին մէջ կազմակերպուած երէկուան հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ներկաներու անմիջական զրոյցի մթնոլորտով։