ՀՐԱՏԱՊ
Դժոխային օրեր են:
Կորսնցնելիք վայրկեան իսկ չկայ:
Փաշինեան իր տարիներու ազգակործան ու հայրենակործան գործունէութիւնը թագադրեց գաղտագողի ստորագրելով փաստաթուղթ մը, որուն անփոփոխ գործադրութիւնը անմիջական սպառնալիք է Հայաստանի գոյութեան ու հայութեան ապագային:
Ասիկա անյետաձգելի է եւ կը պահանջէ ուժերու եւ կարողութիւններու գերլարում:
Համաձայ՛ն:
Բայց այս օրհասական պահերուն, այս անմիջական ու անյետաձգելի մարտահրաւէրներուն կողքին, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի մէկ այլ հրատապ անհրաժեշտութիւն:
Արդէն վրայ կը հասնի Հայաստանի անողոք ձմեռը՝ իր զերոյէն վար ջերմաստիճաններով, փոթորիկներով ու սառոյցով:
Եւ հոն, այդ փողոցներուն վրայ կան հարիւր հազարաւոր հայեր, Փաշինեանի ու այլոց մեղսակցութեան զոհ նորածիններ, ծերունիներ ու երեխաներ:
Դրախտավայր Արցախի մէջ իրենց բնակարաններէն հազիւ պայուսակ մը հաւաքած, բռնագաղթի ենթարկուած ու նետուած են անտուն եւ անտէր:
Իւրաքանչիւրս պարտաւոր է, միւս առաջնահերթութիւններու կողքին, չմոռնալ այդ վիճակին մատնուած մեր քոյրերն ու եղբայրները:
Ազգովի՛ն գրկենք զանոնք, հարազատներու վայել ձեւով գուրգուրանք անոնց:
Գաղթակայաններու մէջ զետեղուող, հացը, դեղն ու պատսպարանը մուրացող չէ, օտարի տեղ դրուելու չէ տարաբախտ եւ հպարտ արցախցին:
Անմիջապէ՛ս, միւս բոլոր հրատապ աշխատանքներու կողքին, հարկ է կազմել ու վայրկեան առաջ գործի լծել այդ աղէտն ալ կանխարգիլող մարմին:
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ