Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՎԱՂԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԲԵՐՈՒԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՈՒԽ ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վաղը պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ 2015-ին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով այս տօնը հռչակուած էր Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
Վաղը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ արարողութիւնը, որու ընթացքին դուրս պիտի բերուի Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը, որ ի պահ կը դրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը հրաշագործ Ս. Գեղարդով կ՚օրհնէ բարեպաշտ ժողովուրդը եւ Հայաստան աշխարհը։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020