ԻՐԱՆԸ ԵՒ … ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ

Ինչ խօսք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի կողքին կարեւորագոյն դեր ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ այս երկիրը միշտ համաչափ եւ հաւասարակշռուած քայլերով եւ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։ Միշտ շեշտը դրած է խնդիրը միայն քաղաքական ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութեան վրայ։

Անշուշտ, ծանր փաստ էր, որ անցեալ 27 սեպտեմբերին ընթացք առած պատերազմի ողջ տեւողութեան Իրան մեծ կամ նոյնիսկ վճռական քայլերու չդիմեց, որպէսզի կողմերը արագ հրադադարի մը հասնին եւ անցնին բանակցութեանց սեղան։ Հայկական կողմին համար Իրանի կեցուածքը համարուեցաւ «անակնկալ» եւ նոյնիսկ անհասկնալի՝ յատկապէս, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով եւ յաչս աշխարհին բաց խօսելով յայտարարեց, որ իր երկիրը կողմնակից էր, թէ Ատրպէյճան տիրանայ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից իր հողամասերուն։ Շատեր կրնան նկատել, որ Թեհրանի այս մօտեցումը նորութիւն մը չէր։ Բայց եւ այնպէս, Իրան շատ «սառն» հայեացքով հետեւեցաւ իր սահմաններուն մերձ կատարուած գործողութիւններուն, ինչ որ արդէն բոլորովին անսպասելի բեմագրութիւն մըն էր։ Ի հարկէ, կայ կարծիք, ըստ որու Թեհրանի քաղաքական շրջանակները մեծապէս վրդոված են Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններէն ու յատկապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, որ դարձեալ անոնց կարծիքով, քանի մը առիթներով հանդէս եկաւ ոչ-իրանահաճոյ կեցուածքով։ Խօսքը կը վերաբերի Իսրայէլի մէջ հայկական դեսպանատուն բանալու քայլին, նաեւ Ճոն Պոլթընի (ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական) Երեւան տուած այցէն վերջ Իրանի առջեւ դրուած կարգ մը պայմաններուն ու որոշ սեղմումներուն։ Անշուշտ, այս բոլորը արժանի են աւելի մանրամասն քննարկման, որովհետեւ Թեհրան պաշտօնապէս որեւէ յստակ յայտարարութիւն չէ կատարած ու հասկնալի է նաեւ, որ երբեք ալ կրնայ չկատարել։ Երեւան շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ ինչպէս կը գործեն իրանցիք, ինչքան կարեւոր է Թեհրանի նեցուկը եւ այսօր տակաւին ինչքան ընելիքներ կան, որպէսզի այդ երկրի վարչակազմը դրական արձագանգ մը տալով մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ գործընթացներուն։

Բնականաբար, Իրանի նման խելամիտ ղեկավարութեան տէր երկիր մը շատ լաւ կը հասկնայ եւ կ՚ընկալէ, որ Կովկասի այս հատուածէն ներս մեծագոյն խօսք ունեցողը Մոսկուան է։ Ինք՝ որպէս կարեւոր տէրութիւն, կրնայ միայն ու միայն իր տեսակէտները յայտնել՝ խորհրդակցելով Մոսկուայի հետ. բան մը, որ հասկնալի ու յարգելի է ամէն պարագայի։

ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ

Հնդիկ երիտասարդ վերլուծաբան Տընանէշ Քաննաթ (ի դէպ հնդկաց դիցաբանութեան մէջ Տընանէշը ուշիմութեան եւ խելքի չաստուածն է) ուշագրաւ տեսակէտներ յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զարգացումներուն մասին։ Ան «Asia Times» թերթին մէջ իր տեսակէտները ի մի բերած է։ Ուստի, այստեղ կ՚անդրադառնանք իր շահեկան մօտեցումներուն։

Այժմ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ կը վերահսկէ իր սահմանը Իրանի հետ՝ Արաքս գետի երկայնքով: Հակառակ, որ սա կրնայ Պաքուի համար տօնակատարութեան առիթ հանդիսանալ՝ Թեհրան մտահոգուած է այս փաստով: Խնդիրը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Իրանի հետ Ատրպէյճանի սահմանի ընդլայնումը Իսրայէլին հնարաւորութիւն կու տայ մուտք ունենալ դէպի աւելի մեծ տարածք մը, ուրկէ հնարաւոր կ՚ըլլայ վերահսկել Իրանը: Հակառակ Պաքուի հերքումներուն՝ գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կը համագործակցին հետախուզական, ուժանիւթի եւ ռազմական բնագաւառներու մէջ:

Ատրպէյճան Իսրայէլի ռազմական արտադրութեան ամենամեծ գնորդներէն մին է: Պատերազմի օրերուն Իսրայէլի «քամիքածէ» անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը կարեւոր դեր խաղացած է։ Յամենայնդէպս, Թուրքիոյ արտադրած «Bayraktar TB2» անօդաչու թռչող սարքերը ճանչցուած են՝ որպէս այս պատերազմի իրական շրջադարձային պահը ապահոված գործօնը։ Բաց աստի, երկու երկիրներն ալ հետախուզական խոր կապեր կը պահպանեն: Եւ եթէ Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցնէ Իրանի միջուկային կայաններուն, ապա Ատրպէյճան ամենայն հաւանականութեամբ կենսական դեր կը խաղայ՝ որպէս վառելիքի լիցքաւորման կանգառ կամ որպէս մեկնարկային հրապարակ։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքներէն մին է նաեւ Հայաստանի տարածքով տարանցիկ միջանցքի մը ստեղծումը՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ: Այս միջանցքը, ուր պիտի գտնուին ռուսական զօրքերը, հաւանաբար զուգահեռ ըլլայ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանին: Սա արդէն մտահոգութիւններ պատճառած է Թեհրանին։ Արդարեւ, սա կրնայ փաստացի դադրեցնել Իրանի մուտքը Հայաստան եւ յաջորդ քայլափոխին ալ դէպի Եւրոպա՝ Վրաստանի տարածքով: Միջազգային պատժամիջոցներէ արդէն տառապած երկրի մը համար շատ կարեւոր է մուտք ունենալ դէպի բարեկամական հարեւան երկիրներ:

Այս առումով ստեղծուած խուճապի հետ կապուած՝ Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքճի ստիպուած էր ուղղակիօրէն յայտարարել, որ փոխադրական միջանցքը չի սպառնար Իրանի մուտքին դէպի Հայաստան: Հակամարտութեան մէկ այլ կարեւոր յաղթողն է Թուրքիան, որ պիտի պահէ իր զօրքերը Ատրպէյճանի մէջ եւ այսպէսով այժմ անմիջական ելք կ՚ունենայ դէպի Կասպից ծով՝ Նախիջեւան-Ատրպէյճան միջանցքին շնորհիւ: Այժմ ան կրնայ ուղղակիօրէն ազդել նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ վրայ, ինչ որ նախագահ Էրտողանի նուիրական երազանքն է:

Իրան նաեւ ուշադրութիւն դարձուցած է Ռուսաստանի դժկամութեան վրայ՝ իր դաշնակից Հայաստանէն բազմակողմանի աջակցութիւն զլանալու հարցով: Պարզ դարձած է, որ Ռուսաստան հաճոյքով կը զոհէ իր դաշնակիցը, եթէ այդ մէկը չափազանց ջղայնացուցած է զինք։ Այս հակամարտութեան մէջ Մոսկուան աւելի շատ հաւատարիմ էր Երեւանի հետ իր դաշինքի տարրին, քան ոգիին՝ յայտարարելով, որ անվտանգութեան ոլորտով իր պարտաւորութիւնները կը տարածուին միայն Հայաստանի բուն տարածքին վրայ: Մոսկուա թոյլ տուաւ, որ Ատրպէյճան ետ առնէ կորսնցուցած բոլոր տարածքները եւ Հայաստան պահպանէ միայն Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքն ու յարակից տարածքները: Մոսկուա պահպանեց իր ազդեցութիւնը տարածքաշրջանէն ներս՝ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Նախիջեւան-Ատրպէյճան միջանցքի երկայնքով:

Մոսկուայի մէջ նաեւ ուրախ կ՚ըլլան տեսնելով հեռանալը վարչապետ Փաշինեանի, որու քաղաքական կեանքը, կարծես, աւարտած է: Ռուսաստան, ըստ երեւոյթին, կ՚առաջնորդուի նաեւ իր աւելի լայն նպատակով՝ թոյլ չտալ, որ Թուրքիա դուրս մնայ իր արեւմտեան ուղեծիրէն: Թեհրանի խորաթափանց քաղաքական գործիչները, հաւանաբար, ճիշդ հետեւութիւններ ընեն այս առումով՝ յատկապէս, թէ այս բոլորը ինչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ՝ Իրանի դաշնակից ղեկավար Էսատի տեսակէտէ: Տեսնելով այս մղումները, որոնցմով Ռուսաստան եւ Թուրքիա պատրաստ էին համաձայնութեան գալու իրարու հետ, ամենայն հաւանականութեամբ, Իրան Էսատի վարչախումբը կը հրաւիրէ դադրեցնել պատերազմը:

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը Իրանի վրայ ներքին առումով ալ հիմնական ազդեցութիւն մը կը գործէ եւ այդ ներքին քաղաքական ազդակը հաւանաբար ըլլայ աւելի հոգեբանական։ Այս եւս հարուած մըն է Իրանին՝ որպէս տարածքաշրջանային գերակշիռ դերակատար: Իրականութեան մէջ, Թեհրան հակամարտութեան կողմնակի դիտորդ էր եւ անոր վրայ ազդելու հնարաւորութիւն չունէր։ Այս փաստը ի յայտ կը բերէ յիշողութիւններ 19-րդ դարու ռուս-պարսկական երկու պատերազմներուն մասին, որոնց հետեւանքով այդ ժամանակուայ Պարսկաստանը ստիպուած էր զիջիլ ամբողջ Հարաւային Կովկասի վերահսկողութիւնը:

Սա Իրանի ժողովուրդին ցոյց կու տայ, որ երկիրը այլեւս չունի տնտեսական հզօրութիւն, արդիւնաբերական կատարելութիւն կամ գրաւիչ քաղաքական կերպար, որպէսզի կարողանայ ազդել տարածքաշրջանի մը վրայ, որ հարիւրամեակներ եղած է պարսկական ազդեցութեան տակ, նոյնիսկ հազարամեակներ՝ Աքեմենեան կայսրութենէն ի վեր:

Լեռնային Ղարաբաղի համայնապատկերի վերջին փոփոխութիւնները եւ անոնցմով ընթացք առած գործընթացը, ինչ խօսք, մեծ հարուած մըն է 1979-էն ի վեր Իրանը ղեկավարող վարչակարգին դէմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020