ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Ճա­բոն մաս­նա­գէտ­նե­րը այս տա­րի փա­փաք յայտ­նած են ա­ռա­ջին ան­գամ հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ միա­սին պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս պե­ղում­նե­րը պի­տի կա­տա­րուին Ա­րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րի եւ Ա­րա­գա­ծի նա­խա­լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ։ Ճա­բոն մաս­նա­գէտ­նե­րը այդ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին կ՚ակն­կա­լեն կա­րե­ւոր տուեալ­նե­րու հաս­նիլ քա­րէ դա­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս նոր քա­րէ դա­րու (նեո­լիթ) եւ պղին­ձի-քա­րէ դա­րու (է­նէո­լիթ) ժա­մա­նակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։

Հա­յաս­տա­նի Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փա­ւել Ա­ւե­տի­սեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Կը փա­փա­քինք դաշ­տա­յին հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րել եւ հասկ­նալ՝ իս­կա­պէս մեր նախ­նա­կան դի­տար­կում­նե­րը կ՚ար­դա­րա­նա՞ն, ար­դեօք ա­նոնք իս­կա­պէս յու­շար­ձան­նե՞ր են եւ ի՞նչ բնոյ­թի յու­շար­ձան­ներ»։

Հայ-ճա­բո­նա­կան այս հա­մա­տեղ ծրա­գի­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի Քա­նա­զա­վա­յի հա­մալ­սա­րա­նի մաս­նա­գէտ­նե­րուն հետ։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015