ՊՈՒՐՃԱՆԱԾԷ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ
Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, «Միացեալ ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խառնուի իր երկրի ներքին գործերուն ու կը հովանաւորէ երկրի նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւն։
Հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Պուրճանածէ յայտնեց, թէ Արեւմուտքը մեծ արժէք կու տայ Սահակաշվիլիի կուսակցութեան, որ կը քննադատէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այդ իսկ պատճառով Արեւմուտքը նաեւ աչք կը փակէ այդ կուսակցութեան ամէն ինչին վրայ։ Ամերիկացիները ներկայիս եւս կ՚ընեն հնարաւորը, որպէսզի ընտրութեան ճանապարհով իշխանութեան գլուխ բերեն արեւմտամէտ ուժերը։ Ըստ Պուրճանածէի, ակնյայտ է, որ Վրաստանի նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի չի կրնար որեւէ քայլ առնել առանց Արեւմուտքին։ Իր ստացուածքին 80 տոկոսը ի պահ դրուած է արեւմտեան դրամատուներուն մօտ եւ ըստ Պուրճանածէի, Իվանիշվիլի կը պաշտպանէ այդ բոլորը։
Ի լրումն այս բոլորին, Նինօ Պուրճանածէ յայտնեց, թէ Թիֆլիզի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը միջամուխ կը դառնայ երկրէն ներս լուրջ որոշումներու կայացման։