Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՇՏ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։ Այսպէսով դատարանը մերժեց Հայրապետեանի փաստաբանին բողոքը, որով ան իր պաշտպանեալի առողջական վատ վիճակի հիման վրայ խնդրած էր խափանման միջոցը փոխարինել չբացակայելու վերաբերեալ ստորագրութեամբ։ Ներկայիս ստեղծուած իրավիճակով Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքը պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիսի 28-ը։
Հարկ է նշել, որ Լեւոն Հայրապետեանին մեղադրանքներ առաջադ-րուած են Պաշքըրտիստանի քարիւղի ընկերութեան վաճառքին շրջագծով։ Սոյն գործին հետաքննութիւնը արդէն հասած է իր աւարտին։
Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015