2014-ԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՐԵՔ ՀԱԶԱՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՍՏԱՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ

Ան­ցեալ տա­րի 13 հա­զար 266 հո­գի ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, իսկ 2200 անձ հրա­ժա­րե­ցաւ քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ։ Վե­րո­յի­շեալ նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շար­քին կը գտնուին ա­ւե­լի քան 3 հա­զար սու­րիա­հա­յեր։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Մե­զի հա­մար ոե­ւէ ան­ձի քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ դուրս գա­լը մտա­հո­գիչ է, բայց սա քա­ղա­քա­ցիին ի­րա­ւունքն է, սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րուած։ Միշտ պի­տի ըլ­լան քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք պի­տի նա­խընտ­րեն ա­պա­հո­վել այլ երկ­րի մը քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը։ Կ՚ըլ­լան խառն ա­մուս­նու­թիւն­ներ, ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք ծնած են Հա­յաս­տա­նի մէջ, այ­նու­հե­տեւ ծնող­նե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը փո­խուած է, այժմ ալ ա­նոնք կը փո­խեն»։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Վի­գէն Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ այդ թի­ւե­րը վեր­լու­ծե­լու ժա­մա­նակ հա­շուի պէտք է առ­նել երկ­րի հա­րե­ւան­նե­րու, ա­ւան­դա­կան սփիւռ­քի եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցիու­թեան վե­րա­բե­րեալ օ­րէնսդ­րու­թեան խստա­ցում­ներն ու մեղ­մա­ցում­նե­րը, ո­րոնք ուղ­ղա­կիօ­րէն ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­նա­լու կամ ան­կէ հրա­ժա­րե­լու հար­ցե­րուն վրայ։ «Քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ դուրս ե­կած­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ մշտա­պէս չեն բնա­կիր, եւ ի­րենց մշտա­կան բնա­կու­թեան երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­ցիու­թեան օ­րէնսդ­րու­թեան խստաց­ման հե­տե­ւան­քով հրա­ժա­րած են հայ­կա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն։ Ա­նոնց մէջ գրե­թէ չկան մար­դիկ, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նը լքե­լով դուրս կու գան քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէն», ա­ւել­ցուց Վի­գէն Սարգ­սեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015