ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեան տե­ղե­կա­ցուց, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ Ե­րե­ւան տե­ղա­փոխուած են ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ՝ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու նա­խագ­ծա­յին ար­խիւ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­րեկ Սարգ­սեան ընդգծեց, որ նա­խագ­ծե­րը Ե­րե­ւան տա­րուած են Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Ան ը­սաւ, որ սա լուրջ քայլ մըն է եւ այս ար­դիւն­քին հաս­նե­լու հա­մար ա­ւե­լի քան կէս տա­րիէ ի վեր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րուէին։

«Ա­նոնք բա­ցա­ռիկ նիւ­թեր են, եր­կա­րա­տեւ մշակ­ման կա­րիք ու­նին։ Ար­խի­ւի քա­նի մը ե­զա­կի օ­րի­նակ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուին յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին՝ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու օ­րուան առ­թիւ», ը­սաւ Նա­րեկ Սարգ­սեան։

Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան շրջա­նին ար­քու­նի­քի ճար­տա­րա­պե­տը ե­ղած Պա­լեան­նե­րը վիթ­խա­րի ներդ­րում մը բե­րած են Իս­թան­պու­լի պատ­մա­կան դի­մագ­ծին եւ ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան։ Ա­նոնք ար­ժե­ւո­րած են հայ­կա­կան ու բիւ­զան­դա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վրայ ա­ւել­ցու­ցած են ա­րեւմ­տեան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015