ԳԵՐՀԱՍՈՒՆՑԱԾ ՎԻՃԱԿ…

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովը։ Հարկ է նշել, որ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րին այս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Լաւ­րո­վի հրա­ւէ­րով։ Մոս­կուա­յի մէջ Մա­մէ­տեա­րով մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան Տու­մա­յի նա­խա­գահ Սէր­կէյ Նա­րիշ­քի­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Ռո­կո­զի­նի հետ։

Մոս­կուա­յի եւ Պա­քուի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Լաւ­րով եւ Մա­մէ­տեա­րով քննար­կե­ցին նաեւ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թացքն ու հե­ռանկար­նե­րը, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ։

Մոս­կուա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը մաս կը կազ­մէ Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րեն նշել, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը կրնայ օգ­նել այս ուղ­ղու­թեամբ եւ ա­ռա­ջար­կել լուծ­ման տար­բե­րակ­ներ, իսկ բուն կար­գա­ւո­րու­մը կա­խեալ է ո՛չ թէ միջ­նորդ­նե­րէն, այլ՝ հա­կա­մարտ կող­մե­րէն իսկ։

Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով Մոս­կուա­յի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին եւս կա­տա­րուե­ցաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցին վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։ Ըստ Լաւ­րո­վի, Մոս­կուա ղա­րա­բա­ղեան խնդրի լու­ծու­մը կը դա­սէ իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին։

Իր կար­գին, Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ալ յայտ­նեց, որ կը բաժ­նէ լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ։ «Կայ նիւթ, կայ խնդիր, զայն պէտք է լու­ծել։ Ան ար­դէն գեր­հա­սուն­ցած է։ Հա­կա­մար­տու­թեան շատ եր­կար տե­ւած ըլ­լա­լը ոչ ո­քի կող­մէ կը ժխտուի։ Իս­կա­կան հիմք մը կայ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար, բո­լո­րը հա­մա­ձայն են այս հան­գա­ման­քին հետ։ Այժմ պէտք է, որ այդ փո­խըմբռ­նու­մը փո­խադ­րուի յստակ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րու դաշտ», յայ­տա­րա­րեց Մա­մէ­տեա­րով Մոս­կուա­յի մէջ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէր­կէյ Լաւ­րով ընդգ­ծեց, թէ ման­րա­մաս­նօ­րէն, քա­նի մը ժամ քննար­կած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ մօ­տե­ցում­նե­րը՝ հա­շուի առ­նե­լով վեր­ջին բա­զում տա­րի­նե­րուն տա­րուած աշ­խա­տան­քը, ա­ռա­ջին հեր­թին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ Ռու­սաս­տա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի գծով։ Ռուս նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ զգոյշ, բայց ամ­րապն­դուող լա­ւա­տե­սու­թեամբ կը դի­տար­կէ այս ի­րա­վի­ճա­կը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ իս­կա­կան հիմք մը գո­յու­թիւն ու­նի հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար։

Մոս­կուա­յի մէջ Մա­մէ­տեա­րով հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով խօ­սե­ցաւ նաեւ Եւ­րո­միու­թեան Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ապ­րուած­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը գա­գա­թա­ժո­ղո­վի հռչա­կագ­րի՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ յօ­դուա­ծի քննարկ­ման ժա­մա­նակ լքած էր դահ­լի­ճը՝ իր պա­հան­ջին մեր­ժուե­լուն պատ­ճա­ռով։ Ըստ Մա­մէ­տեա­րո­վի, Պա­քուի փա­փաքն էր, որ այդ հռչա­կագ­րին մէջ նշուէր նաեւ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի չորս բա­նա­ձե­ւե­րուն դե­րը։ «Սա­կայն եւ­րո­պա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րը կը յայ­տա­րա­րէին, որ սա շատ ման­րա­մասն ձե­ւա­կեր­պում մըն է եւ այդ պա­րա­գա­յին պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րուի նաեւ այլ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ Բայց մենք պնդե­ցինք մին­չեւ վեր­ջին պա­հը եւ նոյ­նիսկ ար­դիւն­քին յայ­տա­րա­րե­ցինք, որ կըր-նանք այդ բա­նա­ձե­ւին չմիա­նալ։ Վեր­ջա­պէս գտնուե­ցաւ փոխ­զի­ջու­մա­յին տար­բե­րակ մը, ո­րով մենք յա­ւե­լեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն կ՚ը­նենք հռչա­կագ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ, ո­րուն մէջ կը նկա­րագ­րուի ի­րա­վի­ճա­կը ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի յի­շեալ բա­նա­ձե­ւե­րու հա­շուար­մամբ», ը­սաւ Մա­մէ­տեա­րով։

Մոս­կուա­յի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Մա­մէ­տեա­րով հար­ցազ­րոյց մըն ալ տուաւ «Ռու­սիա 24» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ Ռու­սաս­տան յստակ փա­փաք ու­նի՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը տե­ղէն շար­ժե­լու հա­մար։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ իր երկ­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­նի զա­նա­զան բա­ղադ­րիչ­ներ. ինչ­պէս՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան։ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով եւ Սէր­կէյ Լաւրով Մոս­կուա­յի վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ստո­րագ­րե­ցին նաեւ փաս­տա­թուղթ մը, որ կը վե­րա­բե­րի յա­ջորդ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ խորհրդակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մա­գոր­ծակ-­ցու­թեան։ Սէր­կէյ Լաւրով Ռու­սաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րեց նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015