ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՏԻՊԱՐ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Ահաւասիկ այս տարի եւս Ամանորը կը մօտենայ եւ ինչպէս ամէն տարի յատկապէս մանուկներուն մօտ անձ մը կայ, որ որպէս հերոս, որպէս երջանկութեան աղբիւր կը ներկայանայ։ Ճիշդ է, որ մեր սիրելի Կաղանդ պապուկն է ան։

Ընկերային եւ մշակութային բնոյթով, երբ այս սիրելի պապուկը կը մօտենայ մեզի, մեր երեւակայութեան մէջ ծնունդ կ՚առնէ կարմիր զգեստով, ճերմակ մօրուքով, որ կ՚այցելէ տուները եւ նուէրներ կը բաշխէ։ Սակայն եւ այնպէս, այս պապուկը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենէն յատկանշական եւ իմաստուն Հայրապետներէն մին է։ Արդեօք իմացա՞ծ ենք Ս. Նիկողայոսին անունը։ Երբ այս շաբաթ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն կը տօնենք Ս. Նիկողայոսի տօնը, եկէ՛ք մենք մօտենանք Սուրբ Հայրապետի վարքին եւ խորապէս թափանցենք իր փոխանցած կեանքի պատգամին։

Ս. Նիկողայոս իր վարքագրութեամբ ու հաւատքով փաստած է, թէ Քրիստոսի մօտ գանձ դիզելը, առաւել եւս մեծ երջանկութիւն կը շնորհէ հաւատացեալին։ Ան ծնած է այսօրուան Անթալիոյ մերձաւոր Լիկիա գաւառին մէջ։ Մեծահարուստ ընտանիքի մը զաւակն էր, մինչ այդ իր մայրը քոյրն էր՝ Նիկողայոս Երէց անունով ծանօթ եպիսկոպոսին, որ առաջնորդն էր այդ շրջանին։ Նիկողայոս իր փոքր տարիքին, արդէն իսկ մեծնալ սկսած էր Քրիստոնէական լոյս հաւատքով։ Նիւթական հարստութեան առընթեր իր մօտ ունեցած էր հաւատոյ աղբիւր մը, ուրկէ շիթ առ շիթ կը ծորէին Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքները։ Իր փոքր տարիքին կորսնցնելով իր ծնողքը, սկսած էր հասակ նետել իր մօրեղբօր մօտ։ Այս կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին, եղաւ Աստուածաշնչական յատկանշական համար մը, որ զգալիօրէն փոխեց այս փոքրիկին կեանքը։ Ի՞նչ էր արդեօք այս ազդու պատգամը։

Օր մը, երբ կը լսէր Ս. Գրքի հիանալի ու կենդանարար խօսքերը, իր ականջին մէջ կ՚արձագանգէ հետեւեալ խօսքը. «Գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս» (Մրկ. 10.21)։ Ահա, այս ձայնը, մասնաւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենար փոքրիկին կեանքին մէջ։ Այն հարուստ զաւակը կը մտածէ, թէ ի՞նչ կրնար երջանիկ ընել զինք ապագային։ Ի՞նչ կրնար զինք առաջնորդել դէպի յաւիտենական կեանք։ Կը մտածէ, կ՚աղօթէ ու իր մտածումներուն մէջ կը խորանայ։ Իր փոքր տարիքին հաշուեյարդար մը կը կատարէ եւ ի վերջոյ կ՚որոշէ։ Ի վերջոյ պիտի հասնէր եզրացակութեան մը։ Ունէր հարստութիւն ոսկեղէն, սակայն այս բոլորը պիտի գործածէր, որպէսզի երկնքի գանձարանին մէջ ունենար հիանալի հարստութիւն մը՝ Յիսուս Քրիստոսով։ Ուստի իր առաքելութիւնը, Քրիստոնէական ոգիին հետ կը միանայ եւ նոյնինքն այդ օրէն սկսեալ կը նոյնանայ Քրիստոնէութեան հետ։ Կը դառնայ բարեպաշտ եւ իմաստուն անձնաւորութիւն։ Բարեպաշտ, բառին վաւերական բուն իմաստով բարեպաշտ։ Եւ այսպիսի նման ընթացքով կը մեծնայ Նիկողայոս եւ կը դառնայ եկեղեցւոյ սպասաւոր, ձեռնադրուելով իր մօրեղբօր՝ Նիկողայոս Երէց Եպիսկոպոսին ձեռամբ։ Ծառայութեան տենչով լեցուած հաւատքի մարդը կը կոչուի Ս. Եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Երբ իսկական ձեւով բարեպաշտ կեանք կը վարէ, հնազանդ կը մնայ Քրիստոնէական հաւատքին եւ ուսուցումին, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ՚ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը» (Մտթ. 6.3)։ Այսպէս ան կ՚այցելէ ընտանիքներու, առանց ինքզինքը յայտնելու եւ իր մասին այլոց որեւէ գովասանական արտայայտութիւններ ունենալու։ Կարիքաւորը կը գտնէ, գիշեր ատեն կ՚այցելէ եւ յետոյ կարիքաւորին կարիքին համաձայն հարստութենէն մաս մը կը ձգէ եւ անձայն անշշուկ կը հեռանայ։ Անշուշտ թէ այս հիանալի դէպքը տակաւ առ տակաւ տարածուիլ կը սկսի շրջանին մէջ։ Կարիքաւոր ընտանիքներ, այլեւս կ՚ուրախանան, քանզի իրենց մօտ կ՚ունենան անյայտ, անանուն, այլ խօսքով «մի ոմն» հաւատացեալ հարուստ մը։ Անոնք այլեւս գիտեն, թէ Աստուածային անձը պիտի հասնի անժամանակ, անսպասելիօրէն, յանկարծօրէն, երբ անոնք կարիք մը ունենան։ Այսպէս կը հաստատուի բարեգործական հսկայ աւանդութիւն մը, որ կը հասնի մինչեւ այսօր։ Այս օրերուն, այժմէական Կաղանդ պապուկը, իր արուեստական ներկայութեամբ, կարմիր զգեստներով եւ ճերմակ մօրուքով, ուրախութեան պատճառ պիտի ըլլայ շատերուն ներկայիս։ Սակայն հիմքը ահա հասած է, այս ճշմարիտ ու վաւերական պատմութենէն։

Այլ խօսքով, առաքելութիւնը կրնայ ներկայացուիլ հետեւեալ ձեւով. հաւատացեալ հարուստի մը իր ունեցածէն բաժին յատկացնելը կարիքաւորներուն, առանց իր անունը յայտնելու։ Ա՛լ աւելին… հաւատացեալ, բարեպաշտ, այդ հարուստին, իր բոլոր ունեցածը նուիրելը կարիքաւոր ժողովուրդի զաւակներուն, նպատակ ունենալով հիանալի երկնային գանձ մը դիզել Քրիստոսի մօտ։

Տեսէ՛ք հաւատացեալներ, թէ այս հայրապետը իր ծառայութեան ընթացքին կը դառնայ Միւռայ քաղաքի եպիսկոպոս։ Իր ծառայութեան առանցքին մէջ միշտ կը շեշտուի աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները, այրիները եւ որբերը։ Սակայն ան երբ գործով իր հաւատքին կը ծառայէ, բարձր ու ջինջ կը պահէ նաեւ իր հաւատքի սկզբունքները։ Այլապէս, ան կը պաշտպանէ Քրիստոնէական վարդապետութեան անաղարտութիւնը հեթանոսներուն դիմաց եւ այս պատճառաւ կ՚աքսորուի տարինե՜ր, տարինե՜ր։ Սակայն իր բանտարկուած վայրը կը վերածուի վանքի, եկեղեցւոյ եւ այդտեղ եւս կը շարունակէ Քրիստոսի Աւետարանը քարոզել եւ հեթանոսները Քրիստոնէական լոյս հաւատքին հրաւիրել ու զանոնք մկրտել։

Կարճ ձեւով անդրադարձ մըն է սա, Քրիստոսադաւան ու բարեպաշտ Հայրապետ՝ Ս. Նիկողայոսի շնորհալի կեանքին ու վարքին։ Սակայն այս շրջանին, 2020-ին, նաեւ իր վարքագրութիւնը մեզի պատգամ մը կը փոխանցէ։ Մենք եւս կոչուած ենք, բարերարութեան, բարիք կատարելու, քանի մեր Տէրը ըսած է հետեւեալը. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ» (Ղկս. 3.10)։ Ահա, Ամանորը կը մօտենայ եւ ճիշդ է, թէ քորոնա համավարակի պատճառաւ տխուր Ամանոր մը կը սպասէ մեզի։ Սակայն սիրեցեալ եղբայր եւ քոյր, պահ մը միատեղ մտածե՛նք։ Բոլորս ունինք Տիրոջմէ ստացուած շնորհք՝ նիւթական եւ կամ բարոյական։ Ուստի, բաժին եւ մաս յատկացնենք կարիքաւորին, թէկուզ մեր ունեցածին բոլորը յատկացուցած չըլլանք։ Մեր հաւատքն է, թէ նման բարերարութեան ոգին պիտի պարարտանայ ու օրհնուի Ս. Նիկողայոսի բարեխօսութեամբ։ Կարիքաւորին օգնե՛նք ու իր երեսին վրայ ժպիտ մը արձակուի եւ մենք այսպիսով դառնանք ճշմարիտ աշակերտը Ս. Նիկողայոսին եւ կամ ժողովրդական անունով՝ Կաղանդ պապուկին։

Եկէ՛ք հաւատացեալներ, կարճ աղօթքով մը դիմենք սուրբի բարեխօսութեան ըսելով. «Ամենասուրբ Երրորդութիւն, մեղաւորներս աղօթքով կը հայցենք Քեզմէ, որ Նիկողայոս Հայրապետի բարեխօսութեամբ եւ աղօթքներով, ներես մեր յանցանքները։ Ո՜վ Տէր, առաքէ մեզ դէպի մարդկութեան եւ օգնէ մեզի որպէսզի ուրիշներու համար դառնանք ուրախութեան աղբիւր՝ Քրիստոնէական ճամբով»։

Տիրոջ շնորհքը, սէրը եւ ողորմութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2020