ԱՄԷՆԱԳԷՏՆԵՐ ԴՐԱԽՏԱՅԻՆ ԲՈՒՐԱՍՏԱՆԻՆ ՄԷՋ
(Քերականութեան Ա․ դաս «Էական բային սղումով»։)
Ամէն մարդ ազգագէտ,
Ամէն մարդ աշխարհագէտ,
Ամէն մարդ ապագայագէտ,
Ամէն մարդ ատելագէտ,
Ամէն մարդ աքսիագէտ․․․
Ամէն մարդ բազմագէտ,
Ամէն մարդ բանակագէտ․․․
Ամէն մարդ գիտնագէտ,
Ամէն մարդ գողագէտ,
Ամէն մարդ գոյքագէտ,
Ամէն մարդ գործնագէտ․․․
Ամէն մարդ դատագէտ,
Ամէն մարդ դաւադրագէտ,
Ամէն մարդ դաւաճանագէտ,
Ամէն մարդ դիւանագէտ․․․
Ամէն մարդ զրպարտագէտ,
Ամէն մարդ զօրագէտ․․․
Ամէն մարդ էմօցեալագէտ․․․
Ամէն մարդ թունագէտ,
Ամէն մարդ թշնամագէտ․․․
Ամէն մարդ ժողովրդագէտ․․․
Ամէն մարդ ինքնագէտ,
Ամէն մարդ խնդրագէտ․․․
Ամէն մարդ լոզունգագէտ,
Ամէն մարդ կապիտուլիցեագէտ
Ամէն մարդ կանխազգուշագէտ
Ամէն մարդ կոնտեկստագէտ,
Ամէն մարդ կոնֆլեկտագէտ,
Ամէն մարդ կոռուպցեագէտ,
Եւ Ամէն մարդ կրքագէտ․․․
Ամէն մարդ հայ-հայ-ագէտ․
Ամէն մարդ հայհոյագէտ,
Ամէն մարդ հարցագէտ․․․
Ամէն մարդ մասնագէտ,
Ամէն մարդ մաղձագէտ,
Ամէն մարդ մանիպուլացեագէտ,
Ամէն մարդ մարդագէտ,
Ամէն մարդ մատնանշագէտ,
Ամէն մարդ մարգարիագէտ,
Ամէն մարդ մեղադրագէտ․․․
Ամէն մարդ պատմագէտ․․․
Ամէն մարդ ռազմագէտ․․․
Ամէն մարդ սուտագէտ․․․
Ամէն մարդ վաղուագէտ,
Ամէն մարդ վարչագէտ․․․
Ամէն մարդ տենչագէտ,
Ամէն մարդ տնտեսագէտ․․․
Ամէն մարդ ցանկագէտ,
Ամէն մարդ ցուցագէտ․․․
Ամէն մարդ փորձագէտ․․․
Ամէն մարդ քաղաքագէտ,
Ամէն մարդ քարտէսագէտ,
Ամէն մարդ քննագէտ․․․
Ամէն մարդ օկուպացագէտ,
Ամէն մարդ օրէնսգէտ․․․
Ամէն մարդ «ըսի»ագէտ․․․
Ամէն մարդ «չըսի՞»ագէտ․․․
(Քերականութեան Բ․ դաս- «Էական բայի ժխտականով»։)
Դժոխային բուրաստանին մէջ հսկայ
Ինչպէս եղաւ որ
Չկան «Տ»գէտ, «Չ»գէտ, «Չեմգիտեր»գէտ
ԳԷՏերը․․․
Հայկական բուրաստանին մէջ հսկայ
«Ես»գէտերու դէզ մը կայ,
հսկայ դէզին մէջ թաքուն,
չտեսա՞ք․․․
միայն որոմ եւ թոյն կայ
սէզերով է ծածկուած․․․
Աստուած տեսաւ զարմացաւ,
Եւ Իր Գահէն օրն ի բուն,
Դառն վիշտով կը յուշէ․
«Ո՞ւր է սէրը, զաւակո՛ւնք,
զոր ցանեցի ցորենին հետ ձեր երկրի
ակօսներուն մէջ ոսկի․․․։
Չէ՞ որ պիտի սնուէիք
մաքրամաքուր տենչերով,
եւ ապագան կերտէիք․․․։
Չէ՞ որ պիտի սիրէիք զմիմիանս
հոգեհատոր զաւակներ,
այնպէս ինչպէս գեղ տառերով գրեցիք
խորանին վրայ հաւատքի՝
«Աստուած Սէր է»։
Այս չէ՞ օրէնքն մեր կեանքի․․․
Ինչո՞ւ դարձաք թշնամիներ քանդումի
Փոխանակ հուսկ կառոյցի․․․
Փոխասութեամբ Ջիւանու՝
«Երկիրը մի ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ է, մարդի՛կ,
Մենք պարզապէս հիւր ենք։
Խորհեցէք, ապա խօսեցէք։
Գիտցէ՛ք կանոնը բնական․․․
ԿՈՒ ԳԱՔ ՈՒ Կ՚ԵՐԹԱՔ․․․։»
(Քերականութեան Գ․ դաս- ըղձական եղանակ)
Ուղերձ՝
Դրախտային բուրաստանին
Եւ աշխարհով տարածուած,
Զաւակներուն մեր երկաթ,
Կը փնտռուին՝
ԱՐԴԱՐԱԳԷՏ,
ԸՆԴՀԱՆՐԱԳԷՏ,
ՃՇՄԱՐՏԱԳԷՏ,
ԽՈՀԱԳԷՏ,
ՍԻՐԱԳԷՏ․․․
Որդիք,
Որոնք խոնահրուելով զոհերուն,
Զինուորներուն նուիրեալ,
Ապագայով զրահուած՝
Միահամուռ, միակամ,
Երազուած ափը հանդիպինք։
ԵՐԹԸ ՄԵ՛ՐՆ Է, Կ՚ՈՒՇԱՆԱ՛ՆՔ։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 28-դեկտեմբեր 4, 2020