ՏՈԼՄԱՅԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Այս տա­րի հին­գե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Տոլ­մա­յի ա­ւան­դա­կան մրցոյթ-փա­ռա­տօ­նը՝ «Ու­դու­լի» ա­նու­նով, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի թա­գու­հին նկա­տուող տոլ­ման: Մի­ջո­ցառ­ման ժա­մա­նակ փա­ռա­տօ­նի վայ­րին մէջ՝ Մու­սա­լեռ յու­շա­հա­մա­լի­րի շրջա­կայ­քը տե­ղա­կա­յուած տա­ղա­ւար­նե­րու վրայ ցու­ցադ­րուած էր ինն­սուն տե­սա­կի տոլ­մա, ո­րոնց մէկ մա­սի պատ­րաստ­ման բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րը հայ­կա­կան խո­հա­նոց ներ­մու­ծուած են տա­րա­ծքաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու խո­հա­նոց­նե­րէ, իսկ մէկ մասն ալ պար­զա­պէս յօ­րի­նուած է խո­հա­րա­րա­կան միտ­քի ար­դիւն­քին: Հայ­կա­կան նկա­տուող տոլ­ման նաեւ այլ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու մէջ նշա­նա­ւոր ու­տեստ մըն է։ Ուս­տի այ­սօր դժուար է միան­շա­նակ ը­սել՝ զուտ հայ­կա­կա՞ն է այս ու­տես­տը, թէ ոչ: Բայց Հա­յաս­տա­նի մէջ, հայ խո­հա­րար­նե­րու ձեռ­քով պատ­րաս­տուող տոլ­ման անկրկ­նե­լի է, այդ մէ­կը ան­վի­ճե­լի փաստ մըն է, ինչ որ կը հաս­տա­տուի ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին:

Ա­ւան­դա­բար Ար­մա­ւի­րի մար­զէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող այս մի­ջո­ցա­ռու­մը միտ­քի եւ ստեղ­ծա­րա­րու­թեան ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի դռներ կը բա­նայ մաս­նա­կից­նե­րու եւ խո­հա­րար­նե­րու հա­մար։ Փա­ռա­տօ­նին ա­մէն տա­րի տոլ­մա­յի ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի նոր տե­սակ­ներ կը պատ­րա­սուին, իսկ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ կը շտա­պեն համ­տե­սե­լու այս հա­մեղ ճա­շա­տե­սա­կը: Ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն փա­ռա­տօ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած էր Սար­տա­րա­պա­տի մէջ, իսկ այս տա­րի ան փո­խադ­րուած էր Մու­սա­լեռ, միա­ժա­մա­նակ նուիրուե­լով Մու­սա­լե­րան հե­րո­սա­մար­տի յո­բե­լե­նա­կան տա­րուան: Ներ­կայ ըլ­լա­լով տոլ­մա­յի փա­ռա­տօ­նին՝ զար­մա­նալ կա­րե­լի է, թէ նոյն ա­նու­նը կրող մէկ ճա­շա­տե­սա­կը ինչ­պի­սի ա­մե­նա­տար­բեր հա­մա­յին գու­նա­ւո­րում­ներ կը ստա­նայ: Բա­ցի ա­ւան­դա­կան տե­սակ­նե­րու՝ մսա­յին եւ բան­ջա­րե­ղէ­նա­յին հում­քով տոլ­մա­նե­րէ, այս տա­րի Տոլ­մա­յի փա­ռա­տօ­նին ցու­ցադրուե­ցան եւ վա­ճա­ռուե­ցան այն­պի­սի ար­տա­սո­վոր լից­քե­րով, հա­մե­րով եւ տա­րօ­րի­նակ տես­քով տոլ­մա­ներ, ո­րոնց պատ­րաս­տու­թիւ­նը նո­րու­թիւն էր ո՛չ միայն հա­յաս­տան­ցի­նե­րու, այ­լեւ՝ փա­ռա­տօ­նին ներ­կայ օ­տար­նե­րու հա­մար: Ներ­կա­նե­րը կը գնէին ու տեղ­ւոյն վրայ կը համ­տե­սէին զա­նա­զան տոլ­մա­ներ, նաեւ կը տա­նէին ի­րենց հետ: Բա­ցի մի­սով, բրին­ձով, ձա­ւա­րով տոլ­մա­նե­րէ, կա­յին սեր­կե­ւի­լով, մո­րե­նիով, այլ պտուղ­նե­րով, պաղ­պա­ղա­կով, շուշ­մա­յով տոլ­մա­ներ, մի­սով լե­ցուած ստեպ­ղին ու գետ­նախն­ձոր, կա­սիա­յով տոլ­մա, ո­ր ե­րես­պա­տուած էր նռան հիւ­թէ պատ­րաս­տուած հաստ շեր­տով, խեց­գետ­նի ու ձկան մի­սով, ձմե­րու­կով տոլ­մա, սո­խի մէջ ե­փուած տոլ­մա, կար­միր կա­ղամ­բի մէջ գա­ռնու­կի մի­սով տոլ­մա, տոլ­մա՝ պա­հուած սա­ռոյ­ցի մէջ եւ այլ հե­տաքրք­րա­կան մտայ­ղա­ցում­նե­րով պատ­րաս­տուած տե­սակ­ներ: Կա­յին նաեւ ի­րենց չա­փե­րով ար­տա­սո­վոր տոլ­մա­ներ: Այս տա­րի իր եր­կա­րու­թեամբ հա­մաշ­խար­հա­յին ցու­ցա­նիշ սահ­մա­նեց 10 մեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նե­ցող տոլ­ման, ո­րու հե­ղի­նա­կը «Ափ­րի­կեան­նե­րու պան­դո­կ» ճա­շա­րա­նի խո­հա­րար­ներն էին։ «Ափ­րի­կեան­նե­րու պան­դո­կ»ն ալ դար­ձաւ այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր մրցա­նա­կա­կի­րը։ Նպա­տակ կայ «Ափ­րի­կեան­նե­րու պան­դո­կ­»ի պատ­րաս­տած տոլ­ման ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ընդգր­կե­լու Կի­նէ­սի ցու­ցա­նիշ­նե­րու գիր­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ըստ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու, այդ­պի­սի չա­փե­րով տոլ­մա տա­կա­ւին աշ­խար­հի մէջ չէ պատ­րաս­տուած: Մրցոյ­թին ա­մե­նաեր­կար տոլ­մա­յէն զատ ընտ­րուած են նաեւ ա­մե­նա­հա­մեղ տոլ­ման, լա­ւա­գոյն մտայ­ղա­ցում ու­նե­ցող տոլ­ման եւ ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ձե­ւա­ւո­րուած տոլ­ման, պար­գե­ւատ­րուած են ա­նոնց հե­ղի­նակ­նե­րը: Բնա­կա­նա­բար մեծ հա­մա­րում ու­նէին ա­ւան­դա­կան տոլ­մա­նե­րը, մա­նա­ւանդ՝ խա­ղո­ղի թու­փի մէջ փաթ­թուած, կա­ղամ­բով եւ ա­մա­ռնա­յին տոլ­մա­նե­րը: Ա­մա­ռնա­յին տոլ­ման կը պատ­րաս­տուի կա­նաչ պղպե­ղի, լո­լի­կի, սմբու­կի մէջ լե­ցուած մի­սի խճո­ղա­կէ: Տոլ­ման ե­զա­կի հայ­կա­կան ու­տեստ­նե­րէ է, որ կը պատ­րաս­տուի տա­րուան բո­լոր ե­ղա­նակ­նե­րուն եւ միշտ պա­հան­ջուած է: Այս տա­րուան «Ու­դու­լի» փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցած են քսա­նեօթ ճա­շա­րան­ներ եւ սնուն­դի ո­լոր­տի մէջ աշ­խա­տող զա­նա­զան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ:

ԶԲՕ­ՍԱՇՐ­ՋԱ­ՅԻՆ ՓԱ­ՌԱ­ՏՕ­ՆԵՐ

Հայ­կա­կան տոլ­մա­յի փա­ռա­տօն-մրցոյթ կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րի հե­ղի­նա­կը «Հայ խո­հա­րա­րա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու զար­գաց­ման եւ պահ­պան­մա­ն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն է, որ ստեղծուած է 2007 թուա­կա­նին: Հինգ տա­րի ա­ռաջ, հիմ դնե­լով տոլ­մա­յի փա­ռա­տօ­նին, կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեա­ն տօն մը եւս նուի­րել, նաեւ՝ ար­հես­տա­վարժ եւ սի­րո­ղա­կան խո­հա­րար­նե­րուն դրսե­ւո­րուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ: Մենք ժա­մա­նա­կին ա­ռիթ ու­նե­ցած ենք հար­ցազ­րոյց մը կա­տա­րե­լու «Հայ խո­հա­րա­րա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու զար­գաց­ման եւ պահ­պան­մա­ն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Սեդ­րակ Մա­մու­լեա­նին հետ, որ մե­զի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է, որ ու­տե­լի­քա­յին փա­ռա­տօ­նե­րը նա­խե­ւա­ռաջ զբօ­սաշր­ջու­թեա­ն զարկ տա­լու նպա­տակ ու­նին, եւ այդ գա­ղա­փա­րը յա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին եօ­թ տա­րուան ըն­թաց­քին կը կազ­մա­կեր­պուին զա­նա­զան ու­տես­տա­յին փա­ռա­տօ­ներ. ինչ­պէս՝ Խո­րո­վա­ծի ա­ւան­դա­կան փա­ռա­տօ­նը, ո­րու հի­մը նոյն­պէս Սեդ­րակ Մա­մու­լեա­նի ղե­կա­վա­րած կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դրած է: Իսկ այս փա­ռա­տօ­նե­րու կող­քին զա­նա­զան միու­թիւն­ներ ա­մէն տա­րի կը կազ­մա­կեր­պեն նաեւ գի­նիի փա­ռա­տօն, «Հա­ցը՝ լեռ­նե­րու մէ­ջ», Դի­լի­ջա­նի «Մշա­կու­թա­յին վե­րած­նուն­դ» խո­րագ­րեալ փա­ռա­տօ­նե­րը, Դդու­մի տօն, ծի­րա­նի օրհ­նու­թիւն, խա­շի եւ ձկան փա­ռա­տօ­ներ, ո­րոնք զբօ­սաշրջիկ­նե­րու մեծ հոս­քեր կը պար­գե­ւեն: Մա­նա­ւանդ ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­ռու­մով այս փա­ռա­տօ­նե­րը կա­րե­ւոր մի­ջո­ցա­ռում­ներ են, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան մար­զե­րէ տե­ղա­ցի բնա­կիչ­ներ կը տե­ղա­շար­ժուին դէ­պի փա­ռա­տօ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման վայ­րեր, ին­չ որ եր­կի­րը, շրջան­նե­րը եւ գիւ­ղե­րու կեն­ցա­ղը ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու մի­ջոց մըն է եւ հա­մայնք­նե­րը զար­գաց­նե­լու ճա­նա­պարհ մը: Քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­տես­տա­յին փա­ռա­տօ­նե­րը կը սկսին գար­նա­ն եւ կը շա­րու­նա­կուին մին­չեւ ա­շուն, ու­րեմն մեծ է նաեւ այդ ա­միս­նե­րուն Հա­յաս­տան գտնուող օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք ու­տես­տա­յին մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցով կը բա­ցա­յայ­տեն եր­կի­րը եւ նոր հա­մեր կը տա­նին ի­րենց հետ: Միայն Ախ­թա­լա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Խո­րո­վա­ծի փա­ռա­տօ­նին ա­մէն տա­րի ներ­կայ կը գտնուի հինգ հա­զար հո­գի: Եւ քա­նի որ Ախ­թա­լան մօտ է Վրաս­տա­նին, ար­դէն ա­ւան­դոյթ դար­ձած է նաեւ վրա­ցի խո­հա­րար­նե­րու եւ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Ու­տես­տա­յին փա­ռա­տօ­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ Ար­ցա­խի մէջ։ Այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Ար­ցա­խի ա­ւան­դա­կան կա­նա­չիով հա­ցի (Ժենգ­յա­լով հա­ցի) եւ Թու­թի փա­ռա­տօ­նե­րը: Զբօ­սա-շըր­ջու­թիւ­նը տա­րուէ տա­րի կը փո­խէ իր դէմ­քը եւ մը մօ­տե­նայ այն ժա­մա­նա­կը, երբ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը եր­կիր­ներ պի­տի ճամ­բոր­դեն ըստ նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ թե­մա­նե­րու: Ինչ­պէս հա­մո­զուած է Սեդ­րակ Մա­մու­լեան, հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը իր մէջ սնող յատ­կու­թիւն ու­նի, զայն տա­րի­ներ շա­րու­նակ սնած է տա­րա­ծքաշր­ջա­նի խո­հա­նոց­նե­րը։ Իր հա­րուստ պատ­մու­թեամբ նշա­նա­ւոր ե­ղած է մա­նա­ւանդ ա­րեւմ­տա­հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը։ Բայց եւ այն­պէս, աշ­խար­հի մէջ այ­սօր նշա­նա­ւոր չէ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը, եւ այս փա­ռա­տօ­նե­րը զայն հան­րահռ­չա­կե­լու նպա­տակ ու­նին:

«ՈՒ­ԴՈՒ­ԼԻ»

Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուող Տոլ­մա­յի փա­ռա­ռօ­նը կը կո­չուի «Ու­դու­լի», ո­ր ու­րար­տա­կան «ու­դու­լի» բա­ռէն սե­րած է։ «Ու­դու­լի» կը նշա­նա­կէ որ­թա­տունկ. «դու­լի»՝ խա­ղո­ղի տե­րեւ, իսկ «տոլ­մա» ա­նուա­նու­մը կը նշա­նա­կէ փաթ­թուած:

Հայ­կա­կան տոլ­ման վաղն­ջա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն պատ­րաս­տուած է միայն խա­ղո­ղի տե­րե­ւի մէջ, իսկ այ­սօր փա­ռա­տօ­նին ար­դէն հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող տոլ­մա­յի կող­քին կ՚ե­րե­ւի նաեւ վեր­ջին սե­րուն­դի խո­հա­րար­նե­րու մտ­­քին ար­գա­սի­քը: Այս փա­ռա­տօ­նե­րու ժա­մա­նակ ոչ միայն բուն ու­տես­տը կը ներ­կա­յա­ցուի, այ­լեւ՝ երգ, պար, տե­ղի կ՚ու­նե­նան հա­մերգ­ներ, ներ­կայ կ՚ըլ­լան նշա­նա­ւոր հիւ­րեր, դես­պան­ներ եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը կը վե­րա­ծուին շփում­նե­րու, ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու:

Լաւ լուր մը կայ հայ­կա­կան տոլ­մա­յի սի­րա­հար­նե­րուն հա­մար. այս տա­րուան Մարտ ա­մի­սէն սկսեալ հայ­կա­կան տոլ­ման սկսած է ար­տա­հա­նուիլ ար­տա­սահ­մա­նեան կարգ մը եր­կիր­ներ՝ «Դոլ­մա­մա» («Տոլ­մա­մա») ա­նուան ներ­քոյ: Մինչ այդ «Դոլ­մա­մա» ապ­րան­քա­նի­շը կը տա­րա­ծուէր Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ մեծ հա­մա­րում ու­նէր կի­սա­պատ­րաստ սնուն­դի աս­պա­րէ­զին մէջ:

Շու­տով կը հրա­տա­րա­կուի գիրք մը, ո­րու մէջ ամ­փո­փուած կ՚ըլ­լան Տոլ­մա­յի ա­ւան­դա­կան փա­ռա­տօ­նին ցու­ցադ­րուած եւ համ­տե­սուած տոլ­մա­նե­րու բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րը:

Իսկ մինչ այդ Սեդ­րակ Մա­մու­լեան սի­րով տրա­մադ­րեց տոլ­մա­յի քա­նի մը բա­ղադ­րա­տոմս, նշե­լով, որ տոլ­ման ոչ միայն ու­տեստ մըն է, այ­լեւ՝ ինք­նու­թեան ցու­ցիչ եւ մշա­կոյթ կրող եւ փո­խան­ցող ճաշ մը: Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ըն­տա­նի­քը կը հա­ւա­քուի տոլ­մա­յի շուրջ, իսկ ճա­շա­րան­նե­րու մէջ, օ­տար զբօ­սաշր­ջի­կը, երբ հայ­կա­կան ճաշ մը կը պա­հան­ջէ, ա­ռա­ջի­նը կը ներ­կա­յաց­նեն տոլ­ման: Ա­նոր տրա­մադ­րած բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րը կը տար­բե­րին ա­ւան­դա­կան տոլ­մա­յի բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րէն։ Ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցած են «Ու­դու­լի» փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը, եւ այս բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րով պատ­րաս­տուած տոլ­մա­նե­րը մեծ հա­մա­րում ու­նե­ցած են մա­նա­ւանդ հա­մա­դամ ճա­շի սի­րա­հար­նե­րու կող­մէ:

Տոլ­մա «ար­գօ»

Կը պատ­րաս­տուի ու­լի­կի կտրա­տուած եւ ոչ՝ քա­շուած մի­սէ, բրին­ձէ, հա­մե­մունք­նե­րէ եւ թու­թի օղիէ;

Ծխե­ցուած տոլ­մա

Այս տոլ­ման իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ ոսպ, հա­ւու միս, սոխ, հա­մե­մուն­քեր, գա­րե­ջուր:

Տոլ­մա՝ փունջ

Այս մէ­կը հա­ւու, խո­զի, գա­ռնու­կի, հոր­թի կտրա­տուած մի­սե­րէ պատ­րաս­տուած տոլ­ման է՝ ա­ռատ հա­մեմ­նե­րով, փա­թթուած թարմ կա­ղամ­բի տե­րեւ­նե­րով:

Բան­ջա­րե­ղէ­նով եւ մի­սով տոլ­մա

Տա­ւա­րի միս, ձա­ւար, ծոթ­րին, գինձ, հա­մե­մունք­ներ:

Սեր­կե­ւի­լով ու թու­զով տոլ­մա

Բա­ղադ­րիչ­նե­րու մէջ կայ գա­ռնու­կի միս, նուռ, ծի­րա­նա­չիր, հա­մե­մունք­ներ:

Լա­ւա­շով տոլ­մա

Ա­ղա­ցուած ձա­ւար, սունկ, հա­ւու կուրծ­քի միս, հա­մե­մունք­ներ:

Խեց­գետ­նի պո­չիկ­նե­րով տոլ­մա

Խեց­գետ­նի պո­չիկ­ներ, բրինձ, հա­մե­մունք­ներ, սա­լոր:

Կար­միր լուբիա­յով տոլ­մա

Կար­միր լու­բիա, կա­նա­չի­ներ, սոխ, սեւ պղպեղ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015