ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան մէջ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուի հեր­թի փո­փո­խու­թիւն։ Մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան ա­ւար­տած է իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ու վա­ղը կը վե­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւան։ Ի­րեն պի­տի յա­ջոր­դէ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, որ ե­ղած էր ա­ռա­ջին մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ կը գլխա­ւո­րէր սահ­մա­նա­կից եր­կիր­նե­րու վար­չու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015