«Տոն Քիշոթի օրագիրը» եւ «Ձիւնամարդու աւետարանը»
Ի ձեռին ունիմ շահեկան ու հետաքրքրական երկու գիրքեր, որոնց հեղինակն է սիրեցեալ բարեկամ մը՝ Տիգրան Պասկեւիչեան։ Երեւանի մէջ վերջերս նշուեցաւ իր ծննդեան 50-ամեակը։ Թէեւ յոբելեանը տօնուեցաւ անմիջական շրջանակի մը մէջ, սակայն այդ նոյն շարժառիթով Տիգրան Պասկեւիչեան եկաւ հրամցնել շատ աւելի հրապարակային պտուղներ։ Իր յիսնամեակին արգասիքը կը հանդիսանան՝ հրապարակագրական գործերու ժողովածոյ մը եւ բանաստեղծութիւններու ընտրանի մը. երկուքն ալ եզակի իրենց տեսակին մէջ։ Հրապարակախօսականը կը կոչուի «Տոն Քիշոթի օրագիրը» (Դոն Կիխոտի օրագիրը), իսկ բանաստեղծականը՝ «Ձիւնամարդու աւետարան» (Ձնեմարդու աւետարան)։
Տարբեր բնոյթով այս երկու գործերուն, նոյն շարժառիթով, իրարու հետ նոյնաժամանակ հրատարակուիլը եւ գրասէրներուն որպէս ծրար ներկայացուիլը, խորքին մէջ, համահունչ է հեղինակի ծաւալած գործունէութեան, որու լոյսին տակ իր խորհրդանշած կերպարը կը ցոլացնէ անոր բազմակողմանի ինքնութիւնը։ Արդարեւ, Հայաստանի մտաւորական աշխարհի ծանօթ դէմքերէն մին է Տիգրան Պասկեւիչեան, որ հարուստ փորձառութիւն մը կուտակած է՝ աշխատած ըլլալով ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ։ Անշուշտ, այդ փորձառութեան ճոխութեան գրաւականներէն մին ալ այն է, որ ան լիուլի արժեւորած է՝ այդ ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ գտնուելու իւրաքանչիւր հանգրուանը։ Տիգրան Պասկեւիչեան գրականութեան կալուածէն ներս ճանաչում ունի՝ որպէս բանաստեղծ, գրող։ Ան նաեւ խմբագիր է, հեղինակ՝ բեմագրութիւններու։ Եղած է դիւանակալ։ Համբաւի տէր է նաեւ՝ որպէս հասարակական գործիչ, անմասն չի մնար քաղաքականութենէն։ Մետիայի կեանքին մէջ կը տանի վիթխարի աշխատանք։ Զանգուածային լրատուութեան աշխարհին մէջ է, որ հնչիւն ձեւով կը բիւրեղանայ իր ծով պաշարը, զոր ձեռք բերած է իր աշխատանքներու տեսակաւորութեան մէջ։
Աւելի քան տասը տարուան ծանօթութիւն մը ունինք Պասկեւիչեանին հետ։ Իր հետ բարեկամութիւն խորացնելու իւրաքանչիւր հանգրուանին զգալի կը դառնայ նկարագրին հաւասարակշռութիւնը։ Իր հետ մտերմանալով՝ կարելի է ներթափանցել նաեւ իր հաւասարակշռութեան ծալքերուն։ Պասկեւիչեանի մօտ հաւասարակշռութիւնը ո՛չ զիջողականութիւն է եւ ոչ ալ շրջապատին հետ անհաղորդ մնալու երեւոյթ։ Սեփական համոզումներուն նկատմամբ հաւատարիմ, սակայն ծայրայեղութենէ հեռու, ազնիւ մարդ մը, որ միշտ բարի կամեցողութիւն կը տածէ շուրջիններուն նկատմամբ՝ յարգելով բոլորին հայեացքը։ Ի՛նչ գործ որ ստանձնէ, Տիգրան Պասկեւիչեան կ՚ընէ նուիրումով, զոհողութեամբ, պատասխանատուութեամբ։ Բարձր արհեստավարժի մօտեցում ունի, միշտ պատրաստակամ է իր առաքելութեան ճանապարհին։ Կը նոյնանայ իր գործին հետ, բայց երբեք չի ձուլուիր անոր մէջ։ Համերաշխ, ներդաշնակ գործակից մըն է, յամառ ջանքերէ չի խուսափիր նպատակին հասնելու համար, սակայն աշխատանքային վճռակամութեան մէջ երբեք չ՚ուծանար իր անհատականը։ Եսապաշտ չէ, սակայն հեռու կը մնայ այնպիսի միջավայրերէ, ուր պիտի չկարենայ ինքզինք լիարժէք, ազատ դրսեւորել՝ անհատական բոլոր զգայնութիւններով ու մարդկային առաքինութիւններով հանդերձ։
Բնաւորութեամբ շատ մատչելի է, սակայն երբեմն կրնայ դառնալ շատ անհասանելի։ Զուտ մարդկային հոտառութեամբ մը կողմնորոշուի եւ իր որդեգրած վերաբերմունքը յաճախ կ՚ըլլայ արդար։ Համեստ անհատ մըն է, որ ունի դէպքերուն ու դէմքերուն, ընդհանրապէս կեանքին հանդէպ ճիշդ դիրքաւորուելու ընդունակութիւն։
Հեղինակին հետ բարեկամութիւն ունենալու հանգամանքը, կանխաւ, որպէս խոստովանութիւն ընդգծելով՝ փորձենք քանի մը բան մրոտել Պասկեւիչեանի գործերուն շուրջ, ջերմօրէն շնորհաւորելով իր յիսնամեակը։
*
Գիրք մը շօշափելու առթած պատկառանքը կրնայ բազմաբնոյթ զգացումներ ծնիլ յաչս ընթերցողին։ Մարդ գրքի մը մէջ գէթ կը գտնէ իր մտածումներուն վերահաստատումը, գէթ կրնայ զմայլիլ հիմնաւորումներուն։ Լոկ այդ պատկառանքը կրնայ վերածուիլ հակազդեցութեան ու լոկ տպաւորութիւնը կրնայ ըլլալ չէզոք։ Բովանդակութեան հաւասարակշռութիւնը ինչպէս կրնայ գնահատուիլ առարկայականութեան առումով, այնպէս ալ կրնայ քննդատուիլ խուսափողականութեան տեսակէտէ։ Երբեմն, հրապուրիչ կրնայ ըլլալ նիւթին մատուցման ձեւը, նոյնիսկ կողքին տեսքը։ Նոյնիսկ, պէտք է խոստովանիլ ընթերցողի տուեալ պահու տրամադրութիւնը կրնայ շատ բան պայմանաւորել՝ գործի մը ամբողջ մնայուն արժէքով հանդերձ։
Յամենայնդէպս, գրքի մը պարագային բոլորն ալ որոշ յաջողութիւն մը արձանագրած կրնայ համարուիլ՝ որքան ատեն որ ընթերցողին չէ վերապահուած զուտ կրաւորական դեր մը։ Ստեղծագործական առումով գիրք մը կրնայ նուազագոյն յաջողութեան հասած համարուիլ, եթէ հեղինակը ընթերցողին հետ ինքզինք կը զգայ նոյն ճամբարին մէջ։ Այդ հաղորդակցութիւնը կը խափանուի, եթէ ընթերցողը յանկարծ զգայ, թէ հեղինակը ինքզինք կը նկատէ գերադաս։ Երբեմն ալ ձեռքդ կ՚անցնի գիրք մը, որ թղթատելէ վերջ կը համոզուիս, թէ բան մը պէտք է ըսես, քանի մը տող պէտք է մրոտես անոր մասին։
Մենք, ահա՛, այս վերջիններուն շարքին դասելու հակուած ենք Տիգրան Պասկեւիչեանի վերջերս լոյս տեսած երկու գիրքերը։ Սկզբունքօրէն, գրքի մը մասին հրապարակաւ արտայայտուելու համար պէտք է ունենալ համապատասխան մասնագիտութիւն։ Մենք, քաւ լիցի, որ ունենանք այդպիսի յաւակնութիւն մը, սակայն համեստօրէն մենք մեզի իրաւունք վերապահած ենք այս գործերուն անդրադառնալու՝ որպէս անոր բովանդակութեան ուղղակիօրէն առընչուած բնագաւառներէն մէկուն սպասաւորը։
Սփիւռքեան մեր մշակութային կեանքի իրականութիւնը, դժբախտաբար, այն աստիճան խամրած է, որ համահայկական նոյնիսկ համամարդկային նշանակութեամբ երեւոյթները կը նշուին զուտ հանդէսներով։ Հետեւաբար, յաճախ դժուար կ՚ըլլայ տուեալ երեւոյթի արժեւորման մասին խօսիլը, որովհետեւ բովանդակազուրկ հանդէսներուն արդիւնքը չ՚ըլլար պտղաբեր։ Առկայ պայմաններուն ներքեւ, ընդհանրապէս, լուսանցքային նախընտրութիւն մը ըլլալ կը թուի Սփիւռքի մէջ Հայաստանի արդի հեղինակներուն մասին խօսիլը։ Խորքին մէջ Սփիւռքի անհեռանկար երթի ցնցիչ դրսեւորումներէն մին է այս մէկը, վիթխարի ժառանգութեան մը իրաւայաջորդը համարուելով հանդերձ՝ անշուշտ լոկ տեսականօրէն։ Կանխաւ արձանագրենք, որ անկախ առկայ ընդհանուր պայմաններէն, Պասկեւիչեանի գործերը իրենք իսկ կը պարտադրեն իրենց արձագանգը։
Գիրքերը թղթատելով մեր ունեցած տպաւորութիւնը խոր է, գործին մեզի առթած զգացումը՝ միայն գնահատանք։ Թէ՛ արձակի եւ թէ բանաստեղծութեան մէջ համահաւասար ընդունակութեամբ, անանտեսելի վարպետութեամբ ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կարողութիւնը այս պարագային պէտք է մատնանշել՝ որպէս հեղինակի առանձնայատկութիւններէն մին։ Տիգրան Պասկեւիչեան իսկական արհեստավարժ մըն է։ Ան հրապարակի վրայ է երկար ժամանակէ ի վեր՝ որպէս անհատ ու նախ եւ առաջ՝ որպէս ընթերցասէր անհատ։ Գրքի նկատմամբ սէրը, ընթերցման հանդէպ հետաքրքրութիւնը ամէն քայլափոխին զգալի են իր գրածներուն մէջ։ Այդ բոլորը կեանքի փորձառութեամբ միաձուլուելով՝ վիթխարի պաշար մը կուտակած են իր մօտ։ Այդ պաշարը իր պատկանած հասարակութեան, հարազատ ժողովուրդին հետ բաժնելու մղումն ալ, անվիճելիօրէն, զգալի է իր պարագային։
Նախանձախնդրութիւնը եւ խնամքը անբաժան ուղեկիցներ կը դառնան Պասկեւիչեանի գործերը ընթերցելու ճանապարհորդութեան ժամանակ։ Ան հասուն է՝ արտադրանքը կը մատուցէ նուիրեալի մը եռանդով եւ արհեստավարժի մը մակարդակով։ Հեռատես է այնքան, որ կրնայ հաշուարկել իր գրածի արձագանգներուն հասնելիք հաւանական կէտերը։ Շնորհիւ ինքնագիտակցութեան, ան ճիշդ կը կողմնորոշուի նուազ յաւակնութեան ու բարձր պատասխանատուութեան խաչմերուկին։ Հարցաքննական միտքը առաջին հերթին կը բանեցնէ սեփական համոզումներուն համար, առանց ձեւականութեան եւ առանց ոչինչ խնայելու։ Իր մօտ ակնյայտ է կատարեալութեան ձգտումը։ Պասկեւիչեանի գործերը այնպիսի ամբողջ մը կը կազմեն, որ առօրեայ հեւքով ապրող մարդոց տեսակէտէ կ՚ընձեռեն հաւաքական յիշողութենէ մը սնուելու կարելիութիւնը՝ ցանկութեան պարագային։ Հանդուրժողութեան սահմանը հատելով՝ մարդկային հաճելի անմիջականութեան մը կը վերածուի հեղինակի դիրքէն, ինչու չէ նաեւ ինքնութենէն, հարիւր տոկոս չհրաժարելու դրսեւորումները, առանց շուքի տակ թողելու բո՛ւն գործիչի լրջութիւնը։
Տիգրան Պասկեւիչեան գրքին մէջ կ՚արտայայտէ զգացական մղումները, կը բացայայտէ ներաշխարհը՝ իր մարդկային յարաբերութիւններով պայմանաւորուած նախընտրութիւններով։ Ենթակայական մանրամասնութիւնները, ընդհանուր հէնքին առընչութեամբ, կը պարզեն հեղինակին անկեղծութիւնը՝ առարկայականութեան գերադասումով ու ճշմարտասիրութեամբ։ Պասկեւիչեանի գործերը, իրենց ամբողջին մէջ, ունին յարգանքի արժանի երեսակ մը եւս. իր մօտ զգալի է, յստակօրէն արտայայտուած՝ հայ մարդու ջիղը։ Իր գրածին մէջ կայ շունչ մը, որ անոր պատգամին կու տայ լիարժէք բովանդակութիւն։ Ան հանդէս կու գայ իր հարազատ ժողովուրդի երթին ու ժառանգութեան նկատմամբ նախանձախնդիր անհատի մը դիրքերէն։ Պասկեւիչեանի գործերուն մէջ կան այս ուղղութեամբ դիպուկ ընդգծուած երեսակներ։ Ան խնդիրները կը ներկայացնէ շատ յստակ, նրբանկատ, առանց անկիւնաւոր բանաձեւումներու։ Ծայրայեղականութիւններու միջոցաւ խօսքին ազդեցութիւնը բազմապատկելու միտում չունի Պասկեւիչեան, հեռու կը մնայ ամբոխավարութենէ, իր միակ ապաւէնն է՝ դիտարկելու աննկարագրելի կարողութիւնը եւ այդ դիտարկածը մաղելու վարպետութիւնը։ Պասկեւիչեան երբեք չէ փորձած դիտարկածները կաղապարներու մէջ դնել քաղաքականացնել կամ զոհել լոզունգներու։ Իր դիտարկումներուն նկատմամբ ան կը մնայ հաւասար հեռաւորութեան վրայ, չի զիջիր անաչառութենէ, տուեալ ժամանակի օրակարգային առաջնահերթութիւններով չ՚ուռճացներ զանոնք եւ ընդհակառակն։ Իր պարագային ամբողջ խորութիւնն ու ճոխութիւնը կու գան հեղինակի դիտարկումներուն՝ զանազան ժամանակներու առաջնահերթութիւններուն հետ համեմատութեան մէջ մատուցուելու հանգամանքէն։ Այս ազդակը, բնականաբար, գիրքերուն մէջ կ՚ընկալուի որպէս հեղինակին ոճը, որ իր պարագային միայն միտք շարադրելու եզր մը չէ, այլ նաեւ աշխարհընկալման ջանասիրութեան ուրոյն դրսեւորումը։
Առանց սկիզբի ու առանց վերջաբանի գործեր լոյս ընծայած է Պասկեւիչեան, որ նաեւ կը յաջողի միշտ հունի մէջ պահել ընթերցողը, առանց կոպիտ միջամտութեան կը կանխէ անոր ուշադրութեան, կեդրոնացման ցրուիլը։ Իր համարձակութեան հիմնական աղբիւրն է՝ սեփական դիտարկումներուն նկատմամբ իր իսկ տածած վստահութիւնը։ Պասկեւիչեան շատ հետաքրքրական ու նոյնքան եզակի վերաբերմունք մը ունի ընթերցողին հանդէպ։ Ան կու տայ այն տպաւորութիւնը, թէ կարծես իր գրածներուն մասին կրնան գրել բոլորը, քանի որ հնարաւորութիւն ունին նոյն դիտարկումները ընելու։ Յետոյ, սակայն, Պասկեւիչեանի հետ հաղորդակցութեան տեւողութեան, ընթերցողին տեսակէտէ կու գայ բեկումնային պահ մը, երբ ան կ՚անդրադառնայ, որ դիտարկելու կարելիութեան հաւասարութեան մէջ չէ բո՛ւն հարցը, այլ այդ դիտարկածը իմաստաւորելու, արժեւորելու վարպետութիւնը։ Այսքանէն վերջ աւելորդ է ըսել, թէ այդ վարպետութիւնը գերազանցապէս ունի Տիգրան Պասկեւիչեան, որուն ընթերցողին հետ մշակած շփումը ակամայ նոր հարթութեան մը վրայ կը յայտնուի՝ այդ բեկումնային պահէն վերջ։
Կեանքի ամբողջ բարդութիւնը խորաթափանց դիտարկելով ու հանգամանօրէն ներկայացնելով հանդերձ, Պասկեւիչեան պարզ կոչով մը կը դիմէ բոլորին. փոխել, կերպարանափոխել ու բարձր բարոյագիտութիւնով մը պայծառակերպել այդ կեանքը։ Իր փոփոխութեան կոչը կ՚ընդգրկէ անհատի կեանքը, քաղաքի կեանքը, ազգի կեանքը եւ երկրի կեանքը։ Իւրաքանչիւրին համար առաջարկուած մասնաւոր միջոց մըն ալ չունի Պասկեւիչեան, որովհետեւ խորապէս համոզուած է, որ փոփոխութիւնը կախում ունի իւրաքանչիւրի կամքէն։ Ուսուցողական չէ իր մօտեցումներուն մէջ, չի խօսիր նաեւ այդ կամքի պարտադրութեան շուրջ, պարզապէս՝ որպէս հեղինակ ան կ՚ակնկալէ այս ճանապարհին աւելի նպատակասլաց ու գործնական քայլեր։ Հայութեան կեանքին վերաբերեալ հարցերուն շուրջ ան կը մատնանշէ ուրոյն ընկալումներ, որոնք բարձր նշանակութիւն ձեռք կը բերեն իր՝ որպէս հասարակական գործիչ ունեցած փորձառութեան եւ ծաւալած գործունէութեան լոյսին ներքեւ։ Այս հանգամանքն ալ ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ ընթերցողին վերաբերմունքը գիրքերուն նկատմամբ։ Աւելի՛ն, Պասկեւիչեան այնքան հեռատես գտնուած է, որ կրցած է նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնել՝ այդ գործօնին բերումով իր գիրքերուն անհարկի պիտակաւորումը կանխելու առաջադրութեամբ։ Իսկ այդ հեռատեսութիւն ըսուածը, տուեալ պարագային, ուրիշ բան մը չէ եղած, եթէ ոչ խնդիրներու սկզբունքային գետնի վրայ արծարծումն ու չանհատականացուիլը։ Առերեւոյթ, Պասկեւիչեանի գիրքերը ունին փոքր ծաւալ, սակայն իրենց բնոյթով կը պատկանին մաքրօ մակարդակի։ Փոքր, բայց ամուր նաւով մը Պասկեւիչեան բացուած է ովկիանոս…
Երկու գործերու բովանդակութենէն զգալի կը դառնայ, որ հեղինակը կատարեալ կը տիրապետէ անցուդարձին, որուն կը հետեւի թէ՛ մտքի եւ թէ սրտի ակնոցով, ու ոչ միայն անդքան, նաեւ զգայնութիւններ կը տածէ այդ ուղղութեամբ։ Ուշադիր դիտարկումը, միեւնոյն ժամանակ, դարձած է գրաւականը՝ սահմանումներու համար իր ըրած նախընտրութիւններու յաջողութեան։ Այդ շնորհիւ Պասկեւիչեան անծայրածիր նիւթերը կարողացած է սահմանել իր գիրքերու ամփոփ գիծերուն մէջ՝ առանց ստուեր ածելու անոնց բազում երանգներուն վրայ։ Գիրքերուն բովանդակութիւնը հասկնալի կը դարձնէ հեղինակին բարձր իմացականութիւնը հայկական ժառանգութեան առընչութեամբ եւ այդ պրիսմակէն կատարուած խորհրդածութիւնները կը պայմանաւորեն իր դիտարկումներուն խորքային արժէքը։ Ժամանակի եւ տարածութեան առումով լայն բացուածքով նիւթեր արծարծելով հանդերձ, Պասկեւիչեան յաջողած է այժմէական գործ մը դնել ընթերցողի տրամադրութեան տակ։ Մեր ժառանգութեան լիարժէք տիրապետելու կէտին վրայ կը բիւրեղանայ նաեւ գործերուն այժմէականութեան գաղտնիքը։ Արդարեւ, հայկական արդի օրակարգի հրատապ բոլոր խնդիրներուն վրայ այդ ժառանգութենէն բխած ազդեցութիւնը կը ներգործէ քիչ թէ շատ, իսկ Պասկեւիչեան իւրայատուկ հոտառութեամբ կը դասաւորէ այդ բոլորը։
Շարժառիթներու շատ յաջող հէնք մը ունին գիրքերը։ Մանաւանդ «Տոն Քիշոթի օրագիրը»ի պարագային այդ յաջողութիւնը կ՚ունենայ խորհրդանշական երանգներ։ Զանազան ժամանակներու մէջ ստորագրած յօդուածներէն յատկանշական քաղուածքներ համադրած է հեղինակը, որ արհեստականօրէն չէ շաղկապած նիւթերը իրարու եւ արդիւնքին հասած է ողջունելի կէտի մը, ուր ամէն ինչ գտած է իր տեղը՝ ըստ առաջնահերթութեան, պատշաճութեան եւ արժէքային համակարգի։ Պասկեւիչեանի ստորագրած յօդուածներէն կատարուած այս ծաղկաքաղը կը ներկայացնէ՝ ժամանակագրական յաջող շարասիւն մը եւ տեղին մատնանշումներով հիւսուած խորհրդանշաններու ամբողջ մը։ Այստեղ խորհրդանշաններու շեշտադրումը էական է, որովհետեւ Պասկեւիչեան կը թուարկէ զանազան անուններ, կը խօսի բազում դէմքերու մասին, սակայն անձերու մասին ըսածը երբեք չ՚անձնականացներ։ Ան անհատները ձեռք կ՚առնէ իրենց մարմնաւորած կերպարով։ Ան կանգ կ՚առնէ եղելութիւններու վրայ, որոնք զերծ պահուած են տեղայնացման վտանգէն, նաեւ ապահովուած է հայկական աւանդութիւններու, մտածելակերպի եւ նախընթացներու ուրոյն հետքերուն փայլատակումը, առանց որու թերի մնալու դատապարտուած պիտի ըլլային հեղինակին կողմէ մէջբերուած դրուագները։ Դարերու հոլովոյթէն թորած զուգահեռականները ընթերցողին մատուցած են՝ անցեալը ներկային շաղկապելու հնարաւորութիւնը եւ ապագայի մասին կանխամտածումներու մղումը։ Պասկեւիչեանի խորհրդածութիւնները ներշնչանքի աղբիւր կրնան դառնալ՝ հայոց կեանքը կենսունակ պահելու ջանքերու, որոնումներու ճանապարհին. ներշնչանք՝ հարցաքննող մտքի մը արգասիքի հասունացման յոյսն ու համբերութիւնը կը պարփակէ իր մէջ։ Հեղինակի դատողութիւններուն մէջ միշտ զգալի են վստահութիւնը՝ հաւաքական մտքի նկատմամբ։ Զգայացունց, բայց առարկայական դրուածքով մը ներկայացուցած է հայ իրականութեան առկայ համայնապատկերը։ Պասկեւիչեանի գիրքերը, ընդհանուրին մէջ, կրնան դասուիլ հաշուեկշիռ մը, որու ժխտական երեսակներու պարագային չեն նախատեսուած հաշուեյարդարներ։ Բացասական երեւոյթները ստուեր չեն ածեր լաւատեսութեան վրայ, քանի որ հեղինակը ինքնանպատակ ընդվզումներու մենաստանին մէջ չ՚ապրիր բացարձակապէս։ Ժամանակներու բերած ձախողումները, ետքայլերը Պասկեւիչեան կ՚ընկալէ լուրջ, ուշադիր, պատասխանատուութեամբ, սակայն նաեւ պաղարիւն, առանց խուճապի։ Իր պարագային, կարծես, ինքնավստահութեան, հաստատակամութեան աղբիւր մըն է հայկական ժառանգութիւնը։ Ան խնդիրներուն վրայ կը ծանրանայ միակ ու գերագոյն հարցումի մը տեսանկիւնէն. ինչպէ՛ս շրջել պատմութեան անիւը…
Այս առաջնահերթութիւնը ան վերածած է ընթերցողին հետ հասարակաց յայտարարի մը։ Անկեղծ է ու համոզիչ, բացարձակապէս։ Հայկական պատմութեան ակնարկելու եւ այդ առանցքին շուրջ կարծիքները բաժնելու ժամանակ՝ Տիգրան Պասկեւիչեան պատմութիւնը կը մեկնաբանէ շատ գործնական ու դիպուկ հանգամանքներու լոյսին տակ։ Իր մօտեցումները դրուածքով խորթ չեն աւանդական պատմութեան, չեն ժխտեր զայն, սակայն նաեւ կը տեղաւորուին գիտական հիմնաւորումներու ծիրին մէջ։ Հեռու է լոզունգներու ծուղակէն, ինչ որ կը կրկնապատկէ արժէքը՝ մեր արդի ժամանակներու պարագային կատարուած հետեւութիւններուն։ «Տոն Քիշոթի օրագիրը»ին մէջ, որպէս գագաթնային օրինակներ՝ կրնան չափազանց իմաստութեան արդիւնք համարուիլ իր խոհերը, որոնք կը վերաբերին գեղջկականութեան եւ քոնֆորմիզմի։
Անկարելի է նաեւ չյիշել «Ձիւնամարդու աւետարան»ին բովանդակած «Դիտարկում»ներու շարքը, ուր հեղինակը թէեւ առաջին հայեացքով առիթ կ՚ընձեռէ սուզուելու իր ներաշխարհին մէջ, սակայն կը մերկացնէ նաեւ իր դատողութեան հորիզոններուն հասած սահմանները՝ որպէս մարդ խոհերու եւ զգացումներու լիարժէք ու լիակատար բազմազանութեամբ։
*
Պասկեւիչեանի գիրքերէն մին կը բովանդակէ բանաստեղծութիւններ։ Միւսը թէեւ հրապարակագրական բնոյթ ունի, բայց ակամայ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ արձակ գործ մըն է։ Սա պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ երկուքը կը մատուցուին իրարու հետ։ Երկրորդ գործին գեղարուեստական գրականութեան արտադրանք մը չըլլալը երբեք հարց չի յարուցեր այս պարագային։ Բանաստեղծի մը ոճով կատարուած հրապարակագրութիւնը կրնայ որոշ չափով գոհացնել նաեւ այդ սպասումը։ Երկու ուղղութիւններուն վրայ ալ հեղինակը կասկած չի թողուր վարպետութեան առումով։
Տիգրան Պասկեւիչեան այս երկու գիրքերով այժմէն արդէն բաւական բարձր նշաձող մը սահմանած է իր վաթսունամեայ յոբելեանին համար. զուտ զգացական իմաստով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ