ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Աւելի քան ամիս մըն է, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ բողոքի գործողութիւններով հանդէս գալ։ Ընդդիմութեան հիմնական պահանջը կը շարունակէ մնալ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը։

Այս բոլորի լոյսին տակ հարկ է շեշտել, որ վերջին օրերու ընդհանուր պատկերը սկսած է ցոյց տալ, թէ ընդդիմութեան շարքերը կը ստուարանան։ Յառաջիկայ վճռակամ քայլերը պատճառ կրնան դառնալ նոր սրացումներու։ Փաշինեան, որ կը շարունակէ մնալ անդրդուելի, կարծէք՝ որոշած է այս վտանգաւոր փուլին ալ «առանձինն» գործել։ Ու այստե՛ղ է ամենավտանգաւորը։ Պահը վտանգաւոր է ոչ անոր համար, որ ընդդիմութիւնը կրնայ ծայրայեղ քայլերու երթալ, այլեւ՝ այն պատճառով, որ Փաշինեան ինչպէս երէկ (պատերազմի ամենաթէժ պահերուն), այսօր ալ դարձած է անկանխատեսելի։ Անոր ծանր քայլերը եւ սխալ որոշումները կրնան լուրջ հարուած մը տալ Հայաստանի պետականութեան եւ անոր բոլոր մակարդակի համակարգերուն։ Այստեղ է նաեւ ամենաէական հարցադրումը. արդեօք Փաշինեան գէթ անգամ մը «խելքի գալով» ու ճիշդ շարժելով պիտի լքէ՞ իր աթոռը, թէ՞ պիտի շարունակէ նոյն «կարապի երգ»ը՝ յառաջ քշելով իր աղէտի ցեխերուն մէջ լքուած Հայաստան երկրի սայլը, միշտ յենլով, անշուշտ, այն հին-նոր ամբոխավար մեթոտներուն, որոնց վարպետն է ինք։

Ամէն պարագայի, երէկ տեղի ունեցած ընդհանուր զարգացումներու լոյսին տակ կարելի է նաեւ նկատել, որ իշխանութեան ապահովական օղակներն ալ սկսած են դժգոհութիւն արտայայտել՝ ի տես Փաշինեանի սխալ քայլերուն, որոնց ամենաուշագրաւ դրսեւորումները երեւելի դարձան իր Սիւնիքի մարզին կատարած այցին ժամանակ։ Անվտանգութեան օղակները ի վերջոյ պիտի օգնեն Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ հեզասահ իշխանափոխութիւն մը ապահովել եւ կամաց-կամաց երկիրը առաջնորդել դէպի ապահով ափ։

Իրավիճակը սպասողական է ու այս վիճակին մէջ երէկ կարողացանք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ արագ զրոյց մը ունենալ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին համար ընդդիմութեան կողմէ միացեալ թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանի հետ։ Կարճ զրոյց մըն էր թէեւ այս մէկը, սակայն, ան մեծ ուշադրութեամբ պատասխանեց մեր հարցումներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական ճգնաժամի հանգուցալուծումը։

-Ինծի համար շատ պարզ է ամէն ինչ։ Երկրի ղեկավարը կործանած է երկիրը, պարտուած է պատերազմին, մէկ կողմ ձգելով, որ դիտաւորութիւններ կը զգացուին այդ պարտութեան մէջ։ Ինք պէտք է հեռանայ, այնտեղ հարց չկայ: Որեւէ կազմակերպութեան ղեկավար, եթէ իր գործը չի կարողանար ընել, զինք կը հեռացնեն՝ անկախ, թէ ի՛նչը դիտաւորեալ եղած է եւ ինչը տգիտութեան պատճառով:

-Դուք բազմիցս ըսած էք, որ իմանալով Նիկոլ Փաշինեանի անձը՝ դժուար թէ ինք հրաժարական տայ։ Ի՞նչ մեքենականութիւններ կան ապագայի համար:

-Նախ կայ իր կամաւոր հրաժարականը, որ չ՚երեւիր։ Երկրորդը՝ ժողովուրդի այս ճնշման տակ իր խմբակցութեան պատգամաւորները կրնան համոզուիլ, թէ չ՚արժեր իրենց ճակատագիրը կապել մարդու մը հետ, որ այլեւս ժողովրդականութիւն չունի երկրին մէջ ու կը վնասէ պետութեան։ Անոնք իրենց քուէարկութեամբ կրնան զինք հեռացնել: Իսկ եթէ ուժային կառոյցները միանան շարժման, այն ատեն այդ ինքնաբերաբար կը կատարուի՝ ինչպէս որեւէ երկրի պարագային:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել սփիւռքի հայութեան։

-Ես միշտ ըսած եմ, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք թէ՛ աշխարհի մէջ սփռուած ըլլալու տեսակէտէ եւ թէ շնորհիւ այն ներդրման, որ մենք համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած ենք։ Իսկական պետութիւնը կ՚ըլլայ այն պետութիւնը, որ կը կարողանայ իր շուրջ համախմբել ամբողջ սփիւռքը եւ մենք դառնանք միասնական խումբ մը, Հայաստան եւ սփիւռք, ուր կայ պետութիւն եւ կան սփիւռքի կառոյցներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020