Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց դասին հետ։ Տօնը այս տարի դեկտեմբերի 26-ին էր, սակայն հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ։ Սարկաւագները Վեհափառ Հայրապետը ողջունեցին «Ստեփանոս, քաղցրիկ տատրակ» տաղի երգեցողութեամբ։ Այնուհետեւ, Տէրունական աղօթքի արտասանուելէն վերջ, Ս. Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան կրտսեր միաբաններուն անունով դիմեց Նորին Սրբութեան՝ ընդգծելով, որ սարկաւագաց դասը հաւաքուած է ստանալու համար հայրապետական օրհնութիւն եւ լսելու համար հայրական խրատներ եւ յորդորներ։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած այս տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ս. Ստեփանոսի տօնը առանձնակի հանդիսաւորութեամբ չէ նշուած։ Բայց եւ այնպէս, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց սարկաւագներու հետ հանդիպումը՝ անգամ մը եւս անդրադառնալու համար Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան, եկեղեցական անդաստանէ ներս սարկաւագներու ծառայութեան, որպէսզի առաւել ջանասիրութեամբ շարունակեն իրենց հոգեւոր սպասաւորութիւնը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը սարկաւագաց դասու նուիրեալ ծառայութեան համար յայտնեց իր գնահատականը։
Անդրադառնալով ներկայ կացութեան եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու կեանքէն ներս հոգեւոր խնամքի իրականացման կարեւորութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականութիւնը՝ ներառեալ սարկաւագները, ունին շատ ընելիքներ՝ մեղմելու համար ցաւն ու կորուստը այն ընտանիքներու եւ անհատներու, որոնք առաւել մեծ չափով պատերազմի հետեւանքներու ենթարկուած են եւ զօրակցութեան կարիքն ունին։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը սարկաւագներուն համար մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնը, զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը, որպէսզի անոնք կարողանան իրենց ծառայութեամբ պայծառացնել Հայոց Եկեղեցին եւ զայն առաւել սիրելի դարձնել ազգի զաւակներուն։