ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱՐԿ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 24-րդ նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհուրդի 36 անդամներէն 22-ին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով բացուեցաւ նստաշրջանը, որու օրակարգի նիւթերու քննարկումէն առաջ ներկաները դիտեցին հիմնադրամի գործունէութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը։ Մինչ այդ, Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան երեք տարուան ժամկէտով վերահաստատուեցաւ այդ պաշտօնին մէջ։
Հաշուետու զեկոյցներուն ունկնդրութեան առընթեր հոգաբարձուները վերահասու դարձան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ ներկայացուած շարք մը առաջարկներուն՝ այս տարուան աշնան կայանալիք նուիրահաւաքման արշաւի նպատակներուն առընչութեամբ։ Այսպէս, Բակօ Սահակեան առաջարկեց այս տարուան նուիրահաւաքման արշաւի ծրագրին ներառնել նաեւ Արցախի մէջ անչափահաս հինգ երախաներ ունեցող ընտանիքներուն բնակարաններ ապահովելու նախագիծը։ Ան այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր նկատեց բազմազաւակ ընտանիքներու ընկերակենցաղային պայմաններու եւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման տեսանկիւնէն։ Սահակեանի այս առաջարկը ընդունուեցաւ հոգաբարձուներուն կողմէ եւ ընդգրկուեցաւ նուիրահաւաքման արշաւի ծրագրին մէջ։
Իր պաշտօնին մէջ վերահաստատուելէ վերջ Գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնեց, որ հիմնադրամի տեսլականը կը մնայ անփոփոխ՝ համախմբել ամբողջ հայութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւոր նպատակներու շուրջ։ Տարիներու ընթացքին ծրագրերուն տեսակը կ՚ենթարկուի փոփոխութեան, իսկ հիմնադրամը կը փորձէ գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն ներառնել համայն հայութեան ջանքերը։ Վարդանեանի խօսքերով, ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին երիտասարդ սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը աւելցնելու ուղղութեամբ հիմնադրամի ձեռնարկած ծրագրերուն մէջ։
Երէկուան ժողովին ընթացքին, հիմնադրամի բարերարները կոչ ուղղեցին, որպէսզի նոյնիսկ ամենափոքրիկ լուման նուիրաբերուի Հայաստանի շէնացման համար։ Իր կարգին, Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ նշեց, թէ յառաջիկային հիմնադրամի ղեկավարութիւնը առիթ պիտի ունենայ նաեւ ամբողջովին վերլուծելու 2015-ի տարելիցին կապակցութեամբ կատարուած աշխատանքը։