ԿԵՆԱՐԱՐ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, ինչ որ լաւատեսութեան ու հոգեւոր հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ։ Մինչ համայն հայութիւնը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յոռետեսութեան մթնոլորտ մը ստեղծած են, Ս. Ծնունդը եկաւ դառնալ գործօնի մը, որ այս մթնոլորտին մէջ բոլորին յիշեցուց արդարութեան արեգակի ծագումը եւ քրիստոնէական հաւատի կենարար զօրութիւնը։

Տաղաւարի առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ նաեւ համայն հայութեան ուղղեալ իր պատգամը։ Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը վերանորոգութեան մէջ կը գտնուի, տաղաւարի Հայրապետական Ս. Պատարագը այս տարի եւս մատուցուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի պետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Փէշակիրներն էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Մայր Տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնները կատարեց շատ տպաւորիչ ձեւով եւ մեծ ազդեցութիւն գործեց Հայրապետական Ս. Պատարագի բոլոր մասնակիցներուն եւ անոր ուղիղ եթերի միջոցաւ հետեւած աշխարհասփիւռ հայ հաւատացեալներուն վրայ։ Յարակից սիւնակներուն մէջ կարդալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տաղաւարի պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ մեծահանդէս Ջրօրհնէք՝ ի նշանաւորումն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին, Աստուածայայտնութեան։ Ջրօրհնէքի արարողութեան մեծ խաչի այս տարուան կնքահայրն էր երիտասարդ զինուորական մը՝ Շիրակի մարզէն Գոռ Պետրոսեան, որ Արցախի վերջին պատերազմին ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մեծ սխրանքներ գործած եւ պարգեւատրուած էր։

Տօնակատարութիւնները աւարտին հասան Վեհափառ Հայրապետի արձակման աղօթքով եւ Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ։ Այս տարի Ս. Պատարագի սկիզբին կամ աւարտին թափօր չկազմուեցաւ, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հաւատացեալներու կուտակումները կանխուին։ Այս տարուան բնորոշ երեւոյթներէն մին էր, որ Հայաստանի պետական աւագանին բացակայեցաւ տօնակատարութիւններէն, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս տարեմուտին կը գտնուէր արտասահմանի մէջ, ենթարկուած էր վիրահատութեան մը եւ դարմանումի շրջանին քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով մեկուսացման մէջ կը գտնուէր։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մեկուսացած էր համավարակի բերումով։ Ըստ երեւոյթին, սա պաշտօնական հիմնաւորում մըն էր։ Բացի վարչապետէն, կառավարական որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի արարողութեան ներկայ չգտնուիլը արդէն կը բիւրեղանար Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բաւական երկար ժամանակ առաջ յորդորած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն։ Այս տարուան տաղաւարի պատգամին մէջ ալ Վեհափառ Հայրապետը թէեւ առանց անուն տալու, սակայն, բաւական լուրջ ձեւով քննադատեց, նոյնիսկ մեղադրեց երկրի այժմու ղեկավարութիւնը։ Տաղաւարի արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Արտակ Դաւթեան։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցաւ Ս. Ծննդեան արարողութիւններուն։ Ան շաբաթավերջին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ եւ այս ծիրէն ներս երէկ առաւօտ Ստեփանակերտի Մայր տաճարէն ներս մասնակցութիւն բերաւ՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ մատուցուած տաղաւարի Ս. Պատարագին։

Նկատի ունենալով, որ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստանէ ներս ընդհանուր սուգի մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս տարի Սուրբ Ծնունդի տաղաւարին առթիւ որեւէ ընդունելութիւն չէ կազմակերպած եւ շնորհաւորութեան կամ տօնախմբութեան բնոյթով որեւէ քայլ չէ առնուած։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2021