«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ»
Սիրելի Հայ բարեկամներ, գործակիցներ՝ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Քրիստոսի Ծնունդը մեկնարկեց նոր Կեանքը համայն մարդկութեան համար։ Նոր եւ Նորոգող այս կեանքը իրականացաւ երբ Աստուած մարդեղացաւ եւ ծնաւ աշխարհին մէջ՝ որպէսզի (վերա)նորոգէ մարդը Նոր Կեանքով մը։ Նոր Կեանք մը, որուն պիտակը Յոյսն է, Շնորհքը որ Ան՝ Աստուած՝ պարգեւեց մեզի։ Եւ այս Նոր եւ Յոյսի կեանքի Շնորհքին միջոցաւ մարդը պիտի կարենայ ապրիլ իր կեանքը այս աշխարհի վրայ եւ որ նոյնպէս պիտի տանի մեզ յաւիտենականութեանը։
2020 տարին եղաւ շատ դժուար եւ ցաւով լեցուն տարի մը մեզ՝ հայերուս համար։ Ցաւը շատ մեծ է եւ երեւի դժուար յաղթահարելի մարդկային մտքով, տրամաբանութեամբ եւ զգացումով։ Բայց այսօր ունինք մեծ «Աւետիսը»։
Թէ Քրիստոսի ծնունդով շնորհուած Յոյսի կեանքը կը (վերա)նորոգէ մեր կեանքերը։ Եւ այս Աւետիս-Նոր եւ Նորոգող Կեանքի միջոցաւ է որ՝
Մեր ցաւերը եւ կորուստները կը մխիթարուին եւ կը մորմոքին։
Մեր անմիաբանութիւնը եւ տարակարծութիւնները կը դառնան հաւաքական միտք եւ տեսադաշտ։
Մեր յուսահատութիւնը եւ ընկճուածութիւնը կը յաղթահարուի լաւատեսութեամբ եւ դրական ուժով։
Մեր ատելութիւնը կը սփոփուի սիրով եւ գուրգուրանքով։
Եւ...
Մեր պարտութիւնը կը վերածենք յաղթանակի։
Եւ այս նոր, նորոգող եւ վերանորոգող կեանքի Աւետիսն է, որ կ՚ուզեմ մաղթել մեզ բոլորիս, հայերուս, աշխարհով մէկտեղ եւ ըսել իւրաքանչիւրիս՝
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Ձեզի եւ մեզի մեծ Աւետիս»։
եւ Քրիստոսի Ծնունդը եւ Յայտնութիւնը մեզ կ՚ընէ զօրաւոր։ Հաւատանք եւ կառչինք Անոր։
Այս մեծ «Աւետիսին»։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024