ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի։
Անգամ մը եւս մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշալի Ս․ Ծնունդը եւ Աստուծոյ մարդկանց յայտնութիւնը կը տօնենք։
Յայտնութիւն կը նշանակէ ճշմարտութեան մը ի յայտ դառնալը։
Յիսուսի Ծնունդով Աստուած է, որ կը յայտնուի մարդոց մէջ ու այլեւս Աստուած եւ իր գաղտնիքները մեզի՝ մարդոց համար օտար ու անգիտելի չեն։ Սուրբ Գիրքի Հին ուխտին մէջ Հայր Աստուծոյ ու իր գործերուն մասին վկայութիւններ կը կարդանք. մարգարէներ շարունակ Աստուծոյ պատգամները ու խօսքերը փոխանցած են, բայց եւ այնպէս, միշտ անորոշութիւններ մնացած են մարդ արարածի միտքին մէջ։
Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուծոյ խօսքն է, որ մարմին առած ու մեր մէջ բնակած է, մենք Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ բոլոր լիութիւնը տեսած ենք։ Այս մասին բազում վկայութիւններ կը փոխանցէ Յովհաննէս աւետարանիչ, որուն գրի առած աւետարանը այս ուղղութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ աւետարաններու մէջ։ Յովհաննէս աւետարանիչ յատուկ տեսողութեամբ ու բացատրութեամբ կը փոխանցէ Քրիստոսի աստուածութեան ու մարդեղութեան երեւոյթները, որոնք լոյս ու յոյս կը սփռեն մարդոց հոգիներուն մէջ։
Բոլորս լսած կամ կարդացած ենք, թէ Աստուած սկիզբէն ամէն ինչ իր խօսքովը ստեղծած է. «Աստուած ըսաւ. ու լոյս եղաւ»։ (Ծննդ․1-3)։
Խօսք բառը «Լոյս ըլլայ»ն որքան ալ յստակ երեւի, այնքան ալ յստակ չէ եւ կը կարօտի բացատրութեան. խօսք բառը գրաբարի մէջ կը նշանակէ «բան», որուն միջոցով Աստուած ստեղծեց ամէն ինչ։ «բան»ը՝ յունարէն «լոկոս», մեր բերնէն ելած ու գիտցած խօսքէն աւելի մեծ նշանակութիւն կը կրէ եւ բոլոր գիտութիւնները «բան» բարին մէջ կը բացատրուի։ Աւելի լաւ հասկանալու համար մէկ-երկու նախադասութեամբ անդրադառնանք «բան» բառին։ Թուաբանութիւն՝ թիւերու հաշիւներու գիտութիւն, տարրաբանութիւն՝ բոլոր տարրերու գիտութիւն, Աստուածաբանութիւն՝ Աստուածգիտութիւն եւ այլն։ Ուրեմն Աստուծոյ խօսքը կը կրէ իր մէջ բոլոր գիտութիւնները, բոլոր իմաստութիւնները։
Յովհաննէս աւետարանիչ աւետարանի առաջին գլխուն մէջ Յիսուսի ծնունդին մասին գրելու ժամանակ կ՚ըսէ. «եւ բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»։ Եւ Աստուծոյ խօսքը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ։
Ուրեմն Քրիստոսի մէջ չկայ ոչ մէկ Աստուածային բացակայութիւն եւ Քրիստոս տեսնող Աստուած տեսած կ՚ըլլայ ։
«Փիլիպպոս ըսաւ անոր. “Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի”։ Յիսուս ըսաւ անոր. “Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։ Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը”»։ (Յովհ․ 17-9)։
Այսպէս, ճշմարիտ հաւատացեալ մը իր հոգեւոր կեանքին մէջ այլեւս ոչ մէկ բանի կը կարօտի, բացի Քրիստոսի նայելէ ու հետեւելէ։
Այս իսկ պատճառով Յիսուս ծնաւ ու յայտնուեցաւ, որպէսզի մենք փրկուինք, ոչ թէ կորսուինք։ Մենք ոչ միայն Քրիստոսի միջոցով Աստուած տեսած ու լսած կ՚ըլլանք, այլ աւելին կը շնորհուի մեզի, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն ունենալն է։
«Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերով տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին։ (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ)։ Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ»։ (Ա․ Յովհաննէս 1-1)։
Սիրելիներ, երեւակայեցէք Ս. Ծնունդը որքան մէծ նշանակութիւն ունի, շարականի խօսքերով «Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ»։ Ան որ անսահման է, Մանուկ ըլլալով մեր մէջ եկաւ ու մեզի համար խանձարուրի մէջ մտաւ։
Այլեւս Աստուած մեր քով՝ մեր մէջ է․ ով որ Աւետարան կը կարդայ, իր հետ Աստուած է որ կը խօսի եւ Աստուծոյ «Բանը» լսած կ՚ըլլայ։ Եւ մեր աչքերը այլեւս Աստուծոյ լոյսը կը տեսնեն, ինչպէս բոլոր առաքեալներ ու հաւատացեալներ տեսան ու վկայեցին
«Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց»։ (Յովհ. 1-18)։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024