ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՀԻՒՐԸ

Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորով վերջերս այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան։ Տարեմուտի շրջանին ան Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս հիւրընկալուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կողմէ։

Ս. Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպանին միջոցաւ ստացած է 20 նոյեմբեր 2020 թուականին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղած նամակին պատասխանը։ Դեսպանը Վլատիմիր Փութինի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ ուղարկուած նամակին համար։ Դեսպանը տեղեկացուց, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի մտահոգութիւնները հաշուի առնուած են եւ յատկապէս ընդգծեց, որ ռուսական ղեկավարութիւնը յատուկ հսկողութիւն սահմանած է ապահովելու համար փախստականներու անվտանգ վերադարձը իրենց բնակավայրերը, Արցախի մշակութային ու կրօնական յուշարձաններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգավիճակի հարցին լուծումը, երբ անհրաժեշտ պայմանները հասուննան։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021