ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաժեշտի պատգամ մը հրապարակեց՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատման կապակցութեամբ։ Ան գրեց, որ Արցախի մէջ խոր ափսոսանքով ընկալուած է այս լուրը։

«Աւելի քան երեք տասնամեակ հայրենանուէր առաքելութիւն իրականացնելով Արցախի մէջ, Պարգեւ Սրբազան դարձած է սեփական հողի վրայ ազատ ու խաղաղ ապրելու ու արարելու, ազգային ինքնութեան եւ հաւատքի պահպանման ու ամրապնդման համար պայքարող հայ ժողովուրդի, դարեր շարունակ մաքառած ու վերածնած Արցախի խորհրդանշանը։ Մեծ հայրենասէրի ու հայու այդ կերպարը այդպէս իսկ ալ կը մնայ մեր նորագոյն պատմութեան հերոսական էջերուն եւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ», նշած է Արայիկ Յարութիւնեան։

 Հրաժեշտի պատգամի եզրափակիչ բաժնին մէջ Արցախի նախագահը ուղղակի խօսք հասցէագրած է Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին. «Սրբազան Հայր, թոյլ տուէ՛ք մեր հաւատաւոր ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով ձեզի ներկայացնել խորին յարգանքիս հաւաստիքը եւ երախտագիտութեան ու բարեմաղթանքի ամենաջերմ ու անկեղծ խօսքերը։ Արեւշատութիւն, քաջառողջութիւն ու ամենայն բարիք ձեզի։ Թող Աստուծոյ լոյսն ու յոյսը միշտ ուղեկցին ձեզի։ Վստահ եմ, Արցախը միշտ կ՚ըլլայ ձեր հոգիին, աղօթքներուն ու գործին մէջ՝ ուր որ ալ ըլլաք»։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021