ՎԱՂԸ՝ ԱՐԱԳԱՀԱՍ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆՆ Է

Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերու մէջ ամենասիրուած տօներէն մէկն է, իսկ Սուրբ Սարգիս զօրավարը հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբը, որուն ժողովուրդը կը դիմէ ջերմեռանդութեամբ եւ խոր հաւատքով՝ ապաւինելով ամենահաս եւ արագահաս սուրբի բարեխօսութեան՝ թէ՛ վտանգի, թէ՛ նեղութեան անել վիճակներէն սուրբ միջոցով ազատելու համար։

Հայ ժողովուրդը Առաջաւորաց պահքի յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը, որ, զուգադիպելով միեւնոյն ժամանակաշրջանին, թիւրիմացաբար հանրութեան մօտ ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա այն պահքն է, որ նուիրուած է ի յիշատակ Սուրբ Սարգիսի վկայութեան: Սուրբ Սարգիսի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ունի իր պատուաւոր տեղը։ Անոր յիշատակը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Զատիկէն 9 շաբաթ առաջ, Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը։ Տօնը ունի 35 օրուայ շարժականութիւն եւ կը տօնուի յունուարի 18-էն փետրուարի 23-ի ժամանակահատուածին։

Վկայութիւնները, վարքերն ու ներբողները ծնունդ առած են քրիստոնէական կրօնին հետ, ծառայելով իբրեւ հզօր գաղափարական զէնք՝ անոր տարածման եւ հաստատման գործընթացին:

Վկայաբանութիւնները յայտնուեցան քրիստոնեաներուն դէմ յարուցուած մեծ հալածանքներու շրջանին, անոնք նուիրուած են քրիստոնէութեան համար նահատակուողներուն: Իսկ վարքերը՝ կեանքը խաղաղ ձեւով աւարտած եկեղեցական հայրերուն կամ ընդհանրապէս բարեպաշտ մարդոց: Վկայաբանութիւնը կենսագրական բնոյթի պատում է, ի տարբերութիւն վարքին, որ կ՚ընդգրկէ սուրբի կեանքին ամբողջ  պատմութիւնը: Վկայաբանութիւնը մարտիրոսի կեանքին ամենանշանակալի հատուածին ներկայացումն է,անոր նահատակութեան հետ կապուած իրադարձութիւններու բաժին մը, ուր միայն հպանցիկ ակնարկ կայ անոր վկայութեան նախորդող կեանքին մասին: Իսկ այստեղ կարեւորագոյնը վկային տանջանքներուն եւ խոշտանգումներուն նկարագրութիւնն է:

Օտար ազգերու ազդեցութիւն կը կրեն հայ վկայաբանութեան ամենէն կանուխ յիշատակութիւնները, որոնք ընդհանրացած կերպարներ են: Այստեղ դժուար է նշմարել զուտ ազգային նկարագիր, եթէ անշուշտ ուշադրութիւն չդարձնենք այն հանգամանքին, որ նկարագրուող իրադարձութիւններու վայրը՝ Հայաստանն է: Այսպէս օրինակ՝ հակառակ անոր որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէր, բայց աստուածային տնօրինումով առաջնորդուած, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսին հետ՝ հեռանալով Յուլիանոս ուրացող թագաւորի հալածանքներէն, ապահով վայր մը գտնելու միտումով, իբրեւ ապաստան ընտրեց հայոց երկիրը, ուր արդէն քրիստոնէութիւնը կայացած կրօն էր: Հայերը զիրենք գրկաբաց ընդունելով՝ մեծ պատիւներ տուին անոնց: Սակայն, զգուշանալով Յուլիանոսի զայրոյթէն եւ խոյս տալու վերահաս աղէտէն, թելադրեցին Սուրբ Սարգիսին եւ իր որդւոյն ապաստանիլ Պարսկաստան, ուր հեթանոսներու քստմնելի արարքներուն զոհ գնաց որդին՝ Մարտիրոսը: Իսկ ինք՝ չենթարկուելով պարսիկ Վռամշապուհ թագաւորի հրահանգին, զոր արձակած էր իր ազատազրկման օրերուն, մնաց անսասան իր հաւատքին եւ սկզբունքներուն մէջ: Թագաւորը դահիճին հրամայեց գլխատել զինք: Ան, երբ բագինին մօտեցաւ, իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, Քրիստո՛ս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը՝ ուխտով եւ պատարագով, ինչ որ խնդրեն քեզմէ, անսա՛ անոնց եւ շնորհէ՛ խնդրանքները»:

Պարսիկ տասնչորս զօրակալներու ներկայութեամբ, դահիճի կառափնատելու պահուն, երկինքէն լոյս մը կը ծագի: Ի տես այս հրաշքին, տասնչորս զօրակալները քրիստոնէութիւնը դաւանելով իրենք այս վսեմ վարդապետութեան վկաներ եւս կը դառնան:

Սուրբ Սարգիս զօրավարը օժտուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու յատկանիշներով. առ այդ, ժողովուրդը դժուարին անել պարագաներուն անոր միջնորդութիւնը կը հայցէ:

Սուրբ Սարգիս զօրավարին վկայաբանութիւնը կ՚եզրափակենք Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի եւ սովորութեան շուրջ՝ «Գիր հաւատոյ» խոստովանութեան ընդարձակ գրութեան մէջ, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ներկայացուցած համառօտ որդիսականով.

«Մեր տօնած Սարգիսը, բարեպաշտ իշխան մըն էր Կապադովկիոյ մէջ, Մեծն Կոստանդիանոսի եւ անոր որդիին օրով, որուն յաջորդեց ամբարիշտ Յուլիանոսը: Սարգիս՝ հալածուելով այս վերջինէն, անցաւ Պարսկաստան՝ Շապուհ թագաւորին մօտ: Այնտեղ շատ մը զինուորներ քրիստոնեայ դարձուցած ըլլալուն համար, մարտիրոսութեան վճիռ ընդունեց իր որդիին հետ, նոյն Շապուհ թագաւորէն: Եւ որովհետեւ իր վախճանման օրը զուգադիպեցաւ յունուար ամսուն 30-ին, հետեւաբար, որոշեցին անոր յիշատակը տօնել այն շաբաթ օրը, որ կը յաջորդէ Առաջաւորաց պահքին: Տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէ, այնուամենայնիւ, հայ ժողովուրդը յաւուր պատշաճի զինք կը մեծարէ եւ իր սուրբերուն կարգին կը դասէ»:

Սուրբ Սարգիսի տօնը ունի սովուրութիւններ եւ աւանդութիւններ։ Տօնը Հայաստանի մէջ նշած են ո՛չ միայն եկեղեցական ծէսերով եւ աղօթքներով, այլեւ՝ ժողովրդական աւանդութիւններով։ Այսպէս, օրինակ, Սուրբ Սարգսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդ աղջիկները աղի բլիթ կ՚ուտեն եւ կը յուսան երազի մէջ տեսնել իրենց ապագայ փեսացուն։ Սովորութիւն է նաեւ տան տանիքին կամ պատշգամին փոխինդ դնել եւ սպասել, թէ ե՛րբ Սուրբ Սարգիսը կը ձգէ իր ձիու պայտի հետքերը։ Ըստ աւանդութեան՝ այն մարդը, որ ափսէի մէջ շաղ տուած ալիւրի կամ փոխինդի միջով կ՚անցնի սուրբը, կը սպասուի մեծ յաջողութեան։

Հին ատեն այդ օրը կը պատրաստուէր նաեւ օձի թթու կոչուող ապուրը։ Այն կը պատրաստուէր ոսպէ, ձաւարէ, ալիւրէ եւ կ՚եփուէր թութի ջուրի մէջ։

Բազմաթիւ հաւատացեալներ կ՚այցելեն Սուրբ Սարգիս զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներ՝ մասնակցելու համար այդ օրը մատուցուող պատարագին։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021