ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴԸ

Հայրենի երկինքին տակ ես չեմ քալեր այլ կը թռչիմ…

Հայաստանը քարաստան է կ՚ըսեն, բայց ինծի համար ծաղկաստան է ան…

Ես այնտեղ կը զգամ այնքան թեթեւ, այնպէս երջանիկ, որ ուրիշ ոչ մէկ երկիր կրնայ պարգեւել…

Վերջապէս ստեղծագործ միտքս հանգիստ չունի այնտեղ, եւ ամէն նայուածք, ամէն ժպիտ թռիչք կու տայ հոգիիս… Այո, ես բանաստեղծ եմ եւ ամենէն շատը իմ հողիս վրայ կը զգամ, որ բանաստեղծ եմ…

Հայրենի արեւն ալ բնականաբար աւելի ջերմ է քան աշխարհի բոլոր արեւները…

Եւ այդ արեւին ջերմութեանը տակ ծուլօրէն կը բարձրանամ Նալպատեանի զառիվերով, ոչ միայն վայելելով երկինքն ու հողը, այլ կողքէս անցնողներուն ժպտալով, նոյնիսկ անծանօթին բարեւելով, իրենց մայրերուն ձեռքերէն բռնած երեխաներուն սիրելով եւ… Ահա հասած եմ Նալպանտեան-Իսահակեան խաչմերուկը ու կը սպասեմ, որ կարմիր լոյսը կանաչ դառնայ։

Կողքիս յաղթանդամ երիտասարդ մը կանգնած նոյնպէս կը սպասէ կանաչ լոյսին։ Հիացած կը նայիմ այս առնական, գեղեցիկ հայ երիտասարդին, չէ՛, չէ՛, թող երկարի կարմիր լոյսը… Թող երկա՜ր նայիմ… Մեր պատմութեան գիրքերէն դուրս եկած արքաներու մարմնացումն է կարծես… Հիացումս կը զիջի համարձակութեանս եւ դիմելով անծանօթին կ՚ըսեմ։

-Երիտասարդ, Տիգրան մեծն ես թէ Արտաշէս արքան…

Երիտասարդը շուարած կը նայի նախ ինծի, ապա շուրջը եւ վստահ ըլլալով, որ հարցումս իրեն ուղղած եմ կ՚ուզէ բան մը ըսել։

Լոյսը կը փոխուի կանաչի… Բայց ստեղծագործ հոգիս լուծումը կը գտնէ.

-Խնդրեմ հարցում չընես, պարզապէս թող թեւէդ անցնիմ եւ այս մայթէն միւս մայթը թագուհիի նման յառաջանամ…

Շուարած բայց առանց տատամսելու երկարեց թեւը եւ ես մեղմ ժպիտ մը դէմքիս, գլուխս բարձր, հպարտ հայ թագուհի՝ հասայ դիմացի մայթը։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ…

-Սփիւռքահա՞յ էք, իսկ ձեր անունը…

-Ինչ կարեւոր է… Կարեւորը այս պահը յաւերժացնելն է, եթէ օր մը տեղ մը կարդաք կամ հեռուստացոյցով լսէք՝

«Ես չեմ գիտեր արդեօք ինչու

Նայուածքդ ինձ այդքան յուզեց»…

Գիտցէք, որ ձեր մասին է… Այս պահն է, որ պարգեւեցիք եւ ես յաւերժացուցի… Այն ատեն անունս ալ կը գիտնաք…

Թագուհիի նոյն ժպիտով հեռացայ, բառը սառած ձգելով երիտասարդին շրթներուն վրայ, եւ գրիչս ու անձեռոցիկ մը հանելով պայուսակէս, գրեցի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը, որ ապագային դարձաւ նաեւ երգ։

Ես չեմ գիտեր արդեօք ինչո՞ւ,
Նայուածքդ ինձ այդքան յուզեց,
Տարաւ ինծի այնքան հեռու,
Այնքան ծանօթ աշխարհ մը ինձ։

Ինչպէս կրցար այդպէս յանկարծ
Դուն աչքերէս իջնել սրտիս,
Եւ գրաւել ամբողջովին,
Եւ աչքերս, սիրտս ու հոգիս…

Խենթ զգացում ծանօթ ես ինձ,
Եւ հոն ես միշտ, սակայն երբեմն՝
Լոկ շշուկէ, լուռ նայուածքէ
Փոթորկի պէս կ՚ալեկոծիս։

Կամ կը փշրես վայրկեանի մէջ,
Ամէն քնքուշ, անուշ երազ,
Կամ կը ծնիս դուն ոչինչէն,
Ու կը հիւսես երազ դղեակ…

Այդպէս ես դուն՝ քնքուշ ու խենթ,
Բայց առանց քեզ չկայ երազ,
Կեանքի հոսքին աղբիւրն ես դուն…

ՍԷՐԸ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է...

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021