ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ՏԻԳՐԱՆ ՀԵՔԵՔԵԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
«Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ու չըլլայ որ ուրիշներու կոծնուկականը
Խեղդելու զեմ ջրվէժին մէջ դափիս ձայնին»:
Միսաք Մեծարենց
Քաղաքական, տնտեսական եւ հանրային խնդիրներու մասին դատումները միայն արհեստավարժ գործիչներու եւ արհեստավարժ լրագրողներու պէտք չէ ձգել: Լսե՛լ նաեւ՝ մտաւորականը, ուսուցիչը, արուեստագէտը, առանց անոնց կրկնել տալու կանխակալ կարծիքներ:
Լսել նաեւ հոգիի հայելի բանաստեղծը…
Այս մասին մտածեցի, երբ հայաստանեան օրաթերթի մէջ կարդացի «Հայելի» ակումբին մէջ մանուկներու երգչախումբի ղեկավար Տիգրան Հեքեքեանի խօսքերը: Կ՚ենթադրեմ, որ Տիգրան Հեքեքեան քաղաքական փառասիրութիւն չունի: Բայց բոլոր իրաւ արուեստագէտներու պէս ունի մտածելու անկեղծութիւն:
Զարմացնող ողջախոհութեամբ Տիգրան Հեքեքեան անդրադարձած է ժողովուրդի վերջին ամիսներու հոգեբանական կացութեան: Կրնանք համաձայն չըլլալ իր դատումին, բայց ան առնուազն մեզ կը մղէ, մեր կարգին, հայելիին առջեւ կանգնելու եւ մենք մեզ դատելու: Պատերազմի, պարտութեան, քննադատութիւններու մթնոլորտի մէջ, ըստ իրեն, ժողովուրդը եղած է կրաւորական, առանց հարցականներու՝ որպէս ճշմարտութիւն ընդունած է այն, ինչ որ հրամցուած է որպէս տեղեկատուութիւն:
Տիգրան Հեքեքեան ինքնատիպ ախտորոշում մը ըրած է. «Այս ժողովուրդը հաւատալու պրոբլեմ ունի, հաւատում էինք, բայց ինչո՞ւ էինք հաւատում, ինչո՞ւ չէինք սթափ մտածում… մենք ուզեցինք խաբուել»: «Այս ժողովուրդը» մենք ենք, ներսը եւ դուրսը: Ուրեմն, եթէ խաբուած ենք, խաբուած ենք կամովին, կամ անատակ եղած ենք քննելու ըսուածը եւ լսուածը»:
Պատերազմի 44 օրերու ընթացքին, մոռնալով նոյնիսկ, որ պատերազմը միշտ աղէտ է, լարուած հետեւեցանք եւ հաւատացինք ժամացուցային ճշգրտութեամբ տրուող պաշտօնական տեղեկութիւններուն, թիւերով եւ պատկերներով: Այնքա՜ն կարօտ ունեցած ենք եւ ունինք յաղթանակներու, որ պահ մը կանգ չառինք եւ չըսինք, որ այդ «բոլոր ըսուածները շատ գեղեցիկ էին իրական ըլլալու համար» (ֆրանսական ասութիւն): Կը շոյուէինք, որ կը տիրապետէինք ռազմաճակատին, կը հիանայինք մեր զինուորներու մասնագիտական կարողութիւններուն, կը խորհէինք, որ եթէ պատերազմը այդպէս շարունակուէր, թշնամի հրասայլ եւ օդանաւ (ռազմատեխնիկա) պիտի չմնային, նախայարձակները այնքան կը ջարդուէին եւ փախուստի կը դիմէին, որ այլեւս մեր ուժերուն դէմ կռուող պիտի չմնար: Սասունցի Դաւի՞թ, Քաջ Նազա՞ր…
«Հաւատալու պրոբլեմ»… Այսինքն՝ իրատեսութեան պակաս: «…ինչո՞ւ սթափ չէինք մտածում», կ՚ըսէ Տիգրան Հեքեքեան: Առանց մանուածապատ վերլուծումներով ընդարմանալու՝ հարկ է քննել հիմնական կարեւորութիւն ունեցող հարցը: Ժողովուրդին հետ ապրող եւ սերունդներուն հետ կապ ունեցող մտաւորականը պարզութեամբ դրած է «հաւատալու պրոբլեմ»ը: Ի՞նչ է ան: Ի՞նչ են անոր հետեւանքները անհատներուն, ժողովուրդին, պետութեան եւ հայրենիքին համար:
Տիգրան Հեքեքեանի ախտորոշումը այս հարցով ժողովրդական պարզ ողջախոհութիւն է: Կ՚ըսէ. «… հասարակութիւնը բաժանուած է երկու մասի՝ նրանք, որոնք ուղղակի տանել չեն կարողանում իշխանութիւններին, եւ մարդիկ, որոնք փորձում են արդարացնել կատարուածը, որովհետեւ կատեգորիկ մերժում են նախկիններին»: Այսինքն ժողովուրդը մոռցած է արտաքին վտանգը, հրաժարած է թշնամիին դէմ պաշտպանուելու եւ ճակատ յարդարելու յանձնառութենէ, կը գտնուի ինքզինք չբացայայտող քաղաքացիական պատերազմի վիճակին մէջ: Այս կացութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ ազգի իրաւ մէկ ղեկավարութիւն չկայ, կան երկու ղեկավարութիւններ, որոնք կը գործեն ոչ թէ երկրին եւ ժողովուրդին համար, հասարակաց թշնամիին դէմ, այլ իրենց առաջնահերթութիւնն է միւսին վերացումը: Այսինքն նախ պէտք է զգետնել ներքին թշնամին:
Ինչպէ՞ս ստեղծուած է այս վիճակը, ո՞վ եւ որո՞նք ստեղծած են այս վիճակը, ինչպէ՞ս կրնայ աւարտիլ ան:
Փոխանակ ժողովուրդին ներկայանալու վերականգնումի, հզօրացման եւ արդարութեան օրակարգերով՝ իշխանութիւնը ամբոխային կիրքի, քէնի եւ վրէժի կարգախօսներով եւ պիտակներով կը ներկայացնէ նախկինները եւ լարուած կը պահէ զանգուածը, իսկ միւս կողմը ցոյց կու տայ իշխանութեան պարտութիւնը եւ հետեւանքները, անկարողութիւնը, կը խօսի իրաւ կամ կեղծ գայթակղութիւններու մասին. դաւաճանութիւն, շպարուած նիւթական խաղքութիւններ (պարգեւավճարներ), անհանդուրժողութիւն, անվերջանալի հաշուեյարդարի դատեր եւ այլն: Եւ ի հարկէ շարունակուող աւանդական ԽԾԲ-ն՝ խնամի-ծանօթ-բարեկամի տրուած պաշտօններ, առատաձեռնութիւններ:
Համագումար. այս պայմաններուն մէջ թշնամական սպառնալիքներուն ինչպէ՞ս կուրծք տալ:
Տիգրան Հեքեքեան գիտակցելով վտանգին եւ անոր հետեւանքներուն՝ յստակ խօսք կ՚ըսէ. «Շատ քիչ մտածողներ կան, որ ասում են՝ եկէք վերջակէտ դնենք, ոչ թէ նրա համար, որ վատն էին նախկինները, այլ՝ այն պատճառով, որ հիմա առաջ գնալու ժամանակն է»: Արդարեւ, Հայաստանի ներկայ կացութեան մէջ հին թշնամիներ փնտռել կամ նորեր ստեղծել՝ քաղաքական յուսահատեցնող պերճանք է, որուն փաստը մեր աչքին առջեւն է, մեր առօրեան է՝ հազարաւոր զոհերով, հաշմանդամներով, որբերով, անտուն մնացածներով: Այս բոլորը տեսնելու համար ո՛չ դոկտոր պէտք է ըլլալ, ոչ իշխանութեամբ գինովնալ: Մէկ կամ միւս ներքին թշնամին յաղթելու համար, փոխանակ ազգին ուժը մսխելու, պէտք է զայն միացնել՝ ազգի իրաւունքի եւ միութեան գաղափարով, սխալները ընդունելով, փորձելով սրբագրել եւ առաջ ընթանալ:
Ինչո՞ւ չենք մտածեր Տիգրան Հեքեքեանի պարզ եւ վհատեցնող ողջմտութեամբ, երբ ան կ՚ըսէ. «… արդէն կորցրել ենք մեր պսեւդո անկախութիւնը», այսինքն արդէն բոլորովին՝ այդպէս ալ չեղող մեր անկախութիւնը:
Արդարեւ, առանց պճնուելու ամբոխահաճական գեղեցիկ խօսքերով, կոչ ընելով մեր անհատական եւ հաւաքական ողջախոհութեան, ընդդէմ բոլոր տեսակի ճապկումներու եւ չարաշահումներու, ինչո՞ւ հաւաքաբար ոտքի չկանգնինք:
Ոտքի կանգնիլ՝ ի՞նչ ընելու համար: Ատրպէյճանի հետ առեւտուր ընելու փերեզակային հաշիւներու համար ատրպէյճաներէ՞ն սորվելով, մեր կորուստներուն վրայ քա՞ր դնելով եւ ըսելով, որ արդէն անոնք թշնամիին կը պատկանէին:
1870-ի ֆրանքօ-գերման պատերազմին պարտուած եւ հողեր կորսնցուցած ֆրանսացիները մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ, իրենց աչքերը յառած կը պահէին հայրենի Վոժ լեռներու կապոյտ գիծին…
Այդպէս է պարտութիւնը վերջնական չհամարելու հայրենատէրի տրամաբանութիւնը. նայիլ լեռներու կապոյտ գիծին:
Այսինքն՝ մեր հայեացքները յառելով Շուշիի բերդին եւ ռմբահարուած եկեղեցիին, Դադիվանքին, Գանձասարին եւ միւսներուն:
Ներքին թշնամիներ հետապնդելով պայքար չի մղուիր, մեր «պսեւդո անկախութիւն»ն ալ կը կորսուի, կը կորսուի հայրենիքը, կ՚իրականանայ հակառակորդներուն երազը:
Կ՚ուզե՞նք, որ պատմութիւնը արձանագրէ, որ մենք ազգովին եղանք մեր երկրի եւ ժողովուրդի թշնամին, երբ անդառնալին կատարուած ըլլայ:
Փակագիծ մը: Գիտնականներ ուսումնասիրած են յարձակապաշտութիւնը (agressivité) անասուններու մօտ, զոր մարդոց պարագային Հոպզ սահմանած է «Մարդը մարդուն գայլն է» տարազով: Վանդակի մէջ դրած են երկու կատու: Կատուները զիրար չեն յօշոտեր: Գիտնականները ելեկտրական ցնցում տուած են: Անոնք իրարու նայած են: Երրորդ, չորրորդ ցնցում. արտաքին թշնամի չտեսնելով՝ անոնք զիրար ճանկած են:
Առակս ցուցանէ. անկարող ըլլալով թշնամիին դէմ դնելու՝ զիրա՞ր կը յօշոտենք: Մի՞թէ մենք բանական էակներ չենք… Մոռցա՞ծ ենք, որ ունեցած ենք Արշակ Բ., Նարեկացի, Անանիա Շիրակացի, Մխիթար Գօշ, Վիկտոր Համբարձումեան:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Հարթակ
- 12/02/2024