ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նոր ու նախկին առաջնորդները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակեց Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին, որն ալ նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ։
Արայիկ Յարութիւնեան զրոյցի ընթացքին երախտագիտութիւն յայտնեց Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ Արցախէ ներս իրականացուած հայրենանուէր առաքելութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ սրբազանը օրհասական պահերուն ժողովուրդի կողքին եղած էր՝ չափազանց կարեւոր համարելով անոր դերակատարութիւնը Արցախի զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։ Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան միշտ եղած է ու կը մնայ Արցախի ու անոր պատմութեան հերոսական էջերու խորհրդանշանը բոլոր սերունդներուն համար։ Յարութիւնեան յոյս յայտնեց, որ Արցախը մշտապէս կ՚ունենայ իր տեղը սրբազան հօր սրտին, աղօթքներուն եւ գործունէութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, Արայիկ Յարութիւնեան շնորհաւորեց Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը՝ Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակուելու կապակցութեամբ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի տեսակէտէ ներկայ դժուարին շրջանին թեմակալ առաջնորդը իր գործունէութիւնով կը նպաստէ համախմբուած ջանքերու գործադրութեան եւ ժողովուրդի հաւատքի ամրապնդման։
Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակուելէ առաջ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան վերջին տարիներուն Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը կը վարէր։