ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Անկեղծօրէն, եթէ այս խորագիրը տասը տարեկան թոռնիկս կարդալու ըլլար, պիտի ըսէր.
«Չեմ հասկնար, այս պապիկիս ի՞նչ եղած է... ֆութպոլ-Արցախ, այս երկուքը իրարու հետ ի՞նչ կապ ունին»:
Ուստի, միտքս պարզեմ:
Այսպէս, պատանի օրերէն էր, երբ կիրակի մը, մեր քաղաքի քաղաքապետարանի դաշտէն ընկերներով, ե՛ւ քալելով, ե՛ւ գլխիկոր, մեր ակումբը վերադարձանք: Որովհետեւ, այդ անիծեալ օրը, ֆութպոլի մեր խումբը պարտութիւն մը կրած էր մայրաքաղաքի ֆութպոլի խումբերէն մէկուն դէմ մրցումի մը ընթացքին: Ծանր եւ... մեզի համար ալ՝ ամօթալի:
Ու մինչեւ ակումբ մեր հասնիլը, արդէն ճամբու ընթացքին լաւ մը «ծեծած» էինք մեր «կոլարը», կախաղան հանած՝ կոլ «փախցնող» մեր մարզիկը, ծանր բառերով այպանած՝ խումբի մարզիչը եւ աւելին, ամբողջ խումբը, իբրեւ մեզի նախատինք՝ հայհոյանքներով «քարկոծած»:
Այսքա՜ն փորձերէ եւ մարզանքներէ ետք՝ պարտութի՞ւն…։ Է՜հ, մեզի վայել չէր: Անընդունելի: Մե՛նք, որ քաղաքին մէջ աչքառու եղած էինք մեր սկաուտներով, մեր մարզիկներով եւ մանաւանդ ֆութպոլի մեր խումբով, այս օրերո՞ւն պիտի հասնէինք: Իբրեւ վարձատրութիւն, այս պարտութի՛ւնը պիտի ստանայինք: Անհաւատալի:
Նման անհատնում մտածումներ շալկած եւ արտայայտութիւններով մենք զմեզ արդարացուցած, հասած էինք ակումբ, որուն դրան մուտքին արդէն աղմուկը ժխոռի վերածուած էր: Իսկ ներսը, լայն բակին մէջ, մեզի նման միութենականներ եւ համակիրներ, խումբ-խումբ կազմած, շրջապատած էին աթոռներու վրայ յոգնած ու «ջարդուած» նստած պարտեալ մեր խումբի խաղացողները, որոնք իրենց կարգին ձեռքով-ոտքով, իւրաքանչիւրը իր պատճառաբանութիւն-արդարացումներով, բարձրաձայն «հանդէս» կու գար: Ուղղակի «Կիրակի պազար»:
-Նայէ՛, ինչպէս ծունկս վիրաւորած է..., կօշիկիս վիճակը տե՛ս..., ասիկա մարդկայի՞ն է..., արմուկով հրելը չտեսա՞ր..., իրաւարարը կաշառած էին..., ծօ՛, ինծի պէտք էր տար գնդակը..., կոլարին յանցանքն էր..., շապիկիս նայէ..., ոտքովը հարուածեց..., «լակոտը» ուսովը զարկաւ... եթէ գետին չիյնայի..., ու տակաւին շարքը շատ երկար էր նման «եթէ»ներով լեցուն խումբի մը արդարացումներուն, որոնք կը թափէին պարտուած եւ յուսահատ մարզիկներու բերնէն, յաճախ հայհոյանքով, պարզապէս դիմացինը համոզելու նպատակով:
Ահա իրականութիւնը: Ու այդ աղմուկին մէջ, յանկարծ մեր միութեան ատենապետը, որ նախկին բարձրաստիճան զինուորական մը եղած էր, ակումբի սրահի մուտքի քարէ երկրորդ աստիճանին վրայ կենալով, բարձրաձայն խօսեցաւ.-
-Ներկաներ, ուշադրութի՛ւն, անոնք, որոնք ֆութպոլի խումբին կամ մարզական յանձնախումբին մաս չեն կազմեր, հիմա անմիջապէս թո՛ղ պարպեն ակումբը եւ հեռանան: Բոլորդ, դո՛ւրս:
Ու հաւատացէ՛ք, ո՛չ մէկ ընդվզում: Բոլորս ալ դարձեալ գլխիկոր եւ հնազանդ, կամաց-կամաց դուրս եկանք ակումբէն, առանց նոյնիսկ բառ մը փոխանակելու: Ու չեմ գիտեր այդ երեկոյ եւ այդ պահուն, այդ հաստ ձայնով մարդը, որ մեր միութեան պատասխանատուն ալ էր, ինչե՜ր ըսաւ կամ խօսեցաւ ներկաներուն: Միայն անկէ ետք, այդ մասին եւ ամէն օր, մեր ականջին զանազան տարաձայնութիւններ սկսած էին հասնիլ: Չեմ յիշեր ինչեր... միայն ա՛յն գիտեմ, որ ամիս մը ետք մեր խումբը, մեզի յաղթող նոյն այդ խումբին դէմ խաղալով, մեծ յաղթանակ մը տարած էր:
Ու այսպէս, ամիս մը առաջ մեր կրած պարտութիւնը... այժմ յաղթանակով կը փոխարինուէր:
Ու երեւակայեցէ՛ք, մեզի համար ի՜նչ անսահման ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն էր: Հպարտանք առթող երեւոյթ:
Իսկ այս օրերուն: Նայեցէ՛ք մէյ մը մեր երկրին: Արցախեան պատերազմ եւ... պարտութիւն: Ամբողջ 44 օրեր «մենք յաղթելու ենք»ով օրօրուեցանք, իսկ վերջին՝ պարտը-ւած դուրս եկանք: Ուղղակի զարմանալի:
Անոր համար եւ անկեղծօրէն անցեալ տարուան նոյեմբեր 9-էն ի վեր, ուղղակի ծանօթ ու անծանօթ սակայն նորաստեղծ վիճակներու խառնուրդ մըն էր, որ ներկայիս կ՚ապրէինք ազգովին: Տեսակ մը անհամ եւ կծու, որմէ ծնունդ առած էր մեծ յուսահատութիւն մը: Իրապէս, որ ազգային մեր ներքին կեանքը տագնապի մէջ է: Ամէն օր նոր բուսնող հարցեր: Տխուր իրականութիւն: Յստակ էր, թէ մեր «պարտութեան» պատճառով գունաւոր եւ անգոյն բոլոր մեր երազները փախուստ տուած էին ու մենք բոլորս ալ նոր դիմագիծ հագած կ՚ապրէինք: Մեր կեանքը կորսնցուցած է իր լրջութիւնը, որովհետեւ լաւ տրամադրութիւնները ոչ միայն սպաննուած էին, այլեւ ատելութեան ալիքներէն՝ խեղդամահ եղած: Ուստի մեր բոլորին մօտ կարելի չէր գտնել գեղեցիկ զգացում: Անհանգստացնող շատ բաներ կային: Ունէինք: Անհաշիւ: Ու մտահոգիչ ալ էին: Այս բոլորը դէպի ապագան վտանգաւոր նաւարկում կ՚ենթադրէին:
Անոր համար համեստօրէն եւ նոյնքան ալ անկեղծ՝ կը կարծեմ, որ այս բոլորին առաջքը առնելու համար, անպայման անմիջական կարիքը ունինք իմաստուն ղեկավարի մը: Ըսել կ՚ուզեմ արդար, անշահախնդիր առաջնորդի մը ներկայութիւնը, որ յստակ առաքելութիւն ունենայ իր պաշտօնի գիտակցութեան կողքին: Ան նաեւ իր հմտութեամբ կարենայ մեր հայրենիքը դուրս բերել ներկայ իր այս անորոշ վիճակէն ու համբերութեամբ եւ անաչառութեամբ առաջնորդէ զայն: Ըսի, կարիքը ունինք մէկու մը, որ իր արտասանած բառերուն եւ տողերուն տէրը ըլլայ եւ մեզի ալ նոր շունչ տայ, որպէսզի մենք ալ, մեր բոլոր հին ու նոր «վէրքերը» կարենանք ամոքել: Մէկը, արդարամիտ եւ հեռու աթոռամոլութենէ, կաշառակերութենէ, եւ որ խղճմտօրէն պիտի կարենայ կառավարել մեր երկիրը, ներողամիտ հաւատքով եւ արդարօրէն: Այդ օրերու մեր ակումբի ղեկավարին նման մէկը կ՚ուզենք մէկը, որ հայրենիքը դուրս պիտի բերէ ներկայ իր այս անհաճոյ ճգնաժամէն, մեր երկրի հրապարակներու վրայ թափառող անախորժ եւ ատելութեամբ լի մթնոլորտէն, հեռու մնալով բոլոր մակերես մեծութիւններէ եւ սնապարծ հպարտութիւններէ, տնօրինելով պարտն ու պատշաճը: Վերջապէս գլխագիր «Մէկը», որ առանց կաշառքի, զատորոշել գիտէ ճիշդը՝ վատէն, անկեղծը՝ խարդախէն, եւ որ նաեւ կրնայ խստօրէն պատժել ամէն անիրաւ ու չար, խարդախ կամ խաբեբայ, կաշառակեր կամ վաշխառու եւ մանաւանդ իր ներկայութիւնը դարձնէ՝ վկայութիւնը իր տարած բոլոր աշխատանքներուն:
Յաճախ կ՚ափսոսամ ինքնախաբ ըլլալուս համար: Պարզապէս տեսակաւոր ծանրութիւն մը կ՚աւելնայ կարծես հին ու նոր իմ բոլոր երազներուս եւ ներքին պրկումներուս վրայ: Ժամանակի թելադրանքէն ծնունդ առած յուսահատութիւն մը. եթէ կ՚ուզէք: Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ ամէն օր պարտուած մտածումի փոթորիկներով, սկսած են զիրար ատել եւ նոյնիսկ հալածել: Յայտնի է, թէ բոլորին առօրեայէն բացակայ են պարտաւորութիւն ե՛ւ յարգանք, խիղճ ե՛ւ ճշմարտութիւն, եւ մանաւանդ՝ հայրենիքը բարձր դասելու միտում: Լուացքի աղտոտ ջուրին նման, իրարու վրայ մաղձն է որ կը թափուի: Իրապէս, որ կեանքը անկենդան դարձած է: Յոգնեցուցիչ եւ անիմաստ: Տարբեր եւ անծանօթ նպատակներ ներքնապէս սկսած են մաշեցնել եւ յաճախ ալ մեզ անճանաչելի դարձնել: Այո՛, կարծես նոյնիսկ ազգովին փոխուած ալ ենք ու նաեւ մոռցած, որ մեր բոլոր նման արարքները, մեր որոշումներուն հայելին են: Կարծես արջի պարին նման անշնորհք բան մըն է, որ լեցուցած է մեր ժամանակն ու մեր կեանքը: Ու այս մէկը մեզի վայել չէ: Երբեք: Ճիշդ է, որ մենք այսպէս չէինք: Այո՛, պատերազմը պարտուեցանք, սակայն չմեռանք: Տակաւին «կը շնչենք»: Ողջ ենք: Մեղայ...:
Սակայն եւ այնպէս, հարցը հո՛ս միայն այս բոլոր «պէտք է»ներով չի՛ վերջանար: Որովհետեւ չմոռնանք, որ մեր բոլոր շարժումները, աշխարհին բեմին վրայ բացուած մեր թատերախաղն է: Զգոյշ ըլլալու ենք եւ շրջահայեայց: Եւ որպէսզի կեանքին ու նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենանք, էական է, որ սկսինք փորձել թափանցել մեր ներսը, մեր հոգիին խորքը, գտնելու համար բուն հայը: Ա՛յն հայը, որ իր աւանդական խառնուածքով, ի՛ր ազգային բնոյթի նկարագրով, ամբողջ դրսեւորումներով եզակի է եւ օրինակելի է իր տեսակին մէջ: Այս բոլորը, յանուն Արարատէն լսուող դարաւոր պատգամին: Պէտք է գիտնալ, որ կեանքի քննադատութիւնը կը սկսի ինքնաքննադատութենէ: Այս մէկը, մեծ բարենիշ մըն է. եթէ իրագործենք:
Ուստի անհամբեր, նախ կը սպասենք մեր զգաստութեան սառած ու քարացած յոյզերու նոր ձիւնհալին: Մեր մօտ մխիթարականը, ապրելու յոյսն է, ինչպէս նաեւ նոր միջավայր ստեղծելու աշխատանքը:
Գիտեմ, որ սպիտակ հորիզոնին վրայ սկսած են ժայթքիլ նոր լոյսեր, որոնք նոր կեանք մը ապրելու հաճոյքը պիտի բերեն բոլորիս եւ որոնք նաեւ մեզի այս տխուր ու այս ծանր պարտութենէն պիտի առաջնորդեն դէպի նոր յաղթանակ եւ յաղթանակներ: Ուստի հարկ է, որ ունենանք ժամանակի գիտակցութիւնը: Միաւորուինք: Լրջանանք: Նկարագրի գիծ մը, որուն այնքա՜ն կարօտը ունինք այս օրերուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 12/02/2024