ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։

Ըստ Հրէական Օրէնքի՝ ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ՚այցելէր տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկին հետ կը ներկայանայ տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:

Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ՚աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝ կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:

Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցիին մէջ վառուող մոմէն կը վառէին իրենց մոմերը՝ Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։

Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։

Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք։

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ «Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ» (Մատթ. ԺԱ 28)։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ քառասնօրեայ Յիսուսի ընծայումը տաճարին կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր յետոյ՝ փետրուարի 14-ին: Հայ Եկեղեցիի կանոնի համաձայն, տօնի նախօրէին՝ երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ, կը կատարուի նախատօնակ: Այն կ՚աւետէ Տէրունի տօնի սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որու ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Եկեղեցիի կանթեղներէն վերցուած կրակով կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:

Տեառնընդառաջի տօնին Հայաստանեայց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տեառնընդառաջի Ս. Պատարագէն վերջ հայոց եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Նորապսակներու օրհնութեան կարգ:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021