ԳԻՐՔԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔԸ
Ամէն տարի փետրուարի 19-ին, Հայաստանի մէջ կը նշուի «Գիրք նուիրելու օր»: Ան սահմանուած է 2008-ին, Հայաստանի «Գրողների միութեան» օրուայ նախագահ՝ Լեւոն Անանեանի որոշումով: Նաեւ աւելցնենք, որ փե-տըրւարի 19-ը պատահական չէ ընտրուած: Այսպէս, 1869-ի այդ օրը, ծնած է ապագայ հայ տաղանդաշատ գրող եւ «Ամենայն Հայոց» բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեան:
Ու նշուած այդ օրը, մարդիկ, գրախանութներ, գրատուներ եւ կամ հրատարակչական տուներ, գիրքեր կը նուիրեն եւ կամ աժան գինով գիրքեր վաճառքի կը հանեն: Նպատակը նոյնն է: Տարածել հայ գիրքը: Օրինակելի երեւոյթ:
Ու գիրք նուիրելու այս գեղեցիկ եւ մանաւանդ աւանդութեան շարքին անցած այս օգտաշատ սովորութիւն-որոշումը անկասկած մեծապէս նպաստ կը բերէ սերունդ կրթելու, մշակոյթի դաշտը զարգացնելու գործին եւ յատկապէս հայ գիրքին եւ գրողին հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր ստեղծելու նպատակին: Եւ առանց նորութիւն մը յայտնաբերողի յաւակնութեամբ եւ սակայն անմեղ կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, որ հայ գիրքը կը միտի նաեւ դաստիարակել ընթերցողը, նոր գիտելիքներ հրամցնելով ու միաժամանակ ձեւաւորել անոր միտքը: Այսպէս դաստիարակուեցանք:
Ու անձնապէս իբրեւ հայ գիրով եւ գրականութեամբ զբաղող եւ նոյնքան ալ մտահոգ հայ մարդ, հայ գիրքի մասին խորհրդածելու ազնիւ փորձ մըն է իմ այս բաժինս՝ եթէ կ՚ուզէք, նոյնիսկ ազգային պարտականութիւն եւ արդար «տուրք»:
Ըսեմ նաեւ, որ մեր ինքնութիւնը պահելու համար, ընթերցումը կենսական է: Մեր դպրոցական գրասեղաններէն այսպէս մեր միտքերը առաջնորդած էին: Բոլորս ալ կը հաւատանք, որ հայ գիրքը ժամանակին, հայ մարդուն ընկերը եղած էր եւ մեր տուներէն ներս, մեր համեստ կամ ճոխ գրադարաններու դարակներուն վրայ, ան պարզ զարդ մը չէր եղած, երբե՛ք: Անոր համար, հայ գիրքը մեր հայ կեանքի ոգեղէն հացը դարձուցած էինք:
-«Պէտք է մտնէ՛ք հայ գիրքէն ներս, որպէսզի հայ գիրով ձեր կեանքը աւելի հարստանայ»:
Այսպէս դաստիարակած էին մեր մեծերը, դպրոցներէն մինչեւ ակումբներու ղեկավարները, մեր ծնողներու կողքին: Իսկ այսօր եւ մանաւանդ քորոնայի այս շրջանին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, գուշակ ըլլալու կարիք չկայ: Անոր համար անմեղ հարցում մը.
-Ո՞ւր է հայերէն գիրքը ձեր տան եւ կամ ձեր օրերուն մէջ...:
Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ։ Յստակ է, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հայ գիրքը իր տեղը, իր դիրքը, իր դերն ու նշանակութիւնը զիջած է «ուրիշներուն»:
Դարձեալ յիշեցման կարգով աւելցնեմ, այն բոլոր դրական կէտերը, որոնք կրնանք հասցէագրել հայ գիրքին: Կրնանք նոյնիսկ համարձակ ըսել, որ թէեւ գիրքը ծանօթացման բաց դաշտ մըն է եւ որ ընթերցանութեան միջոցով կրնայ կարծիք կազմել ստեղծել, բայց նաեւ միւս կողմէ ընթերցողի բացակայութիւնը անոր կը վնասէ: Որովհետեւ ընթերցանութիւնը որոշ խառնուածք, սէր եւ հետաքրքրութիւն կը պահանջէ հանդէպ գիրին, հայ գրողին եւ հայ գրականութեան:
Հայրենիքի մէջ վերեւ յիշուած նախաձեռնութիւնը, պատճառ դարձաւ, որ անգամ մը եւս յիշեմ կամ վերլուծման ենթարկեմ Ամերիկայի մեր ապրած շրջանէն ներս, հայ գիրքի ճակատագրի մասին:
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ մեր այս հայահոծ քաղաքէն ներս, կար ժամանակ, երբ մենք ունէինք թիւով երեք հայ գրատուն-գրավաճառ: Իսկ այս օրերուն, այդ թիւը նոյնիսկ պակսած է: Ցաւալի իրողութիւն:
Տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս ամէն տեղ (տուն-փողոց-շուկայ-դպրոց) հայեր, աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք, դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ կը կարդան եւ ո՛չ ալ կը գրեն: Խօսքս դարձեալ բացառիկներու մասին չէ։ Այս ձեւով, հայերէն իմացող սերունդը կամաց-կամաց կամաւոր եւ ակամայ պիտի նօսրանայ: Արդէն այդ ճամբուն վրայ ալ է: Մենք զմեզ չխաբենք: Այս մասին լրջօրէն մտածող կա՞յ արդեօք: Ասոնք նորութիւններ չեն։
Բան մը արդարացնելու ճիգ մըն ալ չէ այս մէկը: Անոր համար զգալի է, թէ մեր մօտ հայ գիրքը, տագնապ մըն է, որ կ՚ապրի։ Կրնամ նոյնիսկ ըսել, որ յաճախ մնացած է անտեսուած ըլլալու չափ անարձագանգ։ Իրողութիւն է, որ մարդիկ դժուար կը կարդան։ Յաճախ հասկնալի ու յարգելի են պատճառները։ Ու այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ մեզմէ շատեր հեռանան գիրքէն, ընթերցման հաճոյքէն, անոր հին ու նոր կանչերէն։
Գիտենք, որ բոլորիս առօրեայ կեանքի բազմազան մտահոգութիւններն ու անոնցմով բեռնաւորուած հարցերը, կը կրծեն մեր ժամանակը: Այո՛, փախուստ չկայ: Սակայն եւ այնպէս, միւս կողմէ ալ գիտենք, որ հայ գիրքը միայն գիտելիքներ հրամցնող միջոց մը չէ, ո՛չ ալ պարզ ծանօթացման դաշտ մը։ Այդպէս չէ՛ եւ չէ ա՛լ եղած։ Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթով մեր մամուլը մեզի յիշեցուցած է անոր բազմաթիւ առաւելութիւններու մասին, ըսելով.
-«Հայ գիրքը ունի յատուկ եւ սրբազան առաքելութիւն մը։ Քիչ կամ շատ էջերու իր շարանով, մեզի մեր մշակոյթին խնկարկող գրողի եւ ազգի արժանաւոր գրիչներուն կը ծանօթացնէ, գրական նոր դուռ մը, մտքերու գեղեցիկ ու գունաւոր լուսամուտ մը կը բանայ, որոնց շնորհիւ գրողի ճաշակն ու ոճը ընկալած ենք հաճոյքով։ Ան նաեւ մեզի ազգային մեր կեանքին կը մօտեցնէ, կը ճանչցնէ, տեսակէտներ կը պարզէ, հայու մեր դիմագիծն ու արեան բաբախումը կ՚ապահէ, մեզի ուղղութիւն կու տայ ու նաեւ մեր միտքը կը զարգացնէ ու այս ձեւով եւ միջոցով, մեր միտքին մէջ նոր պատուհաններ կը բանայ»: Եւ տակաւին շատ ուրիշ «բաներ»...:
Ճիշդ է, որ ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են: Ճիշդ է նաեւ, որ մարդիկ դժուար կը կարդան եւ յանցանքը բոլորիս ծանօթ մեր ամէնօրեայ զբաղումի ընկեր դարձած «այ ֆոն»ին, «այ փետ»ին եւ համակարգիչին վրայ կը բեռցուի: Իսկ միւս կողմէ ալ կարգ մը «հաւատարիմ» տուներէ ներս հայ գիրքի ներկայութիւնը պաշտամունքի աստիճան դառնալով, մեզի նոր ու տարբեր շունչ տուած է եւ մենք անկէ ներշնչուած՝ վերապրած ենք։
Կեանքին եւ նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենալը մեծ բարենիշ մըն է: Բայց, չէ՞ որ սփիւռք կ՚ապրինք եւ ի՜նչեր ալ ընենք, չենք կրնար օտարացման առաջքը առնել, անոր համար ալ՝ մշակոյթին կը կառչինք։ Ահա հայ գիրքը, մեզի, մեր մշակոյթի ճամբան յարդող արդար ուղին:
Մեր նոր սերունդին՝ հայ գիրքի հանդէպ սէրը փոխանցելու, հայ գիրքը փրկելու եւ այդ ձեւով ալ հայ մշակոյթի դաշտին մէջ վարուցան ընելու պարտականութիւնը, նախ հայ ծնողքին եւ ապա հայ վարժարանին եւ ապա ինչու չէ նաեւ ապրող ու շնչող հայ մշակութային միութիւններու պարտականութեան ծիրէն ներս կ՚իյնայ, անպայման: Այս մէկը կրկնած ենք շարունակ, ամէն ատեն եւ ամէն առիթով ու նկատած՝ յանձնառութիւն: Հայը, նախ պէտք է հայօրէն ապրի իր տան մէջ, ապա՝ իր յաճախած դպրոցէն եւ իր պատկանած հայ կեդրոնէն ներս։
Լաւ յիշենք.- Հայ գիրքը կապուած է հայախօսութեան: Հայրենիքէն ներս փետրուարի 19-ի նախաձեռնութիւնը, մեզի համար լաւագոյն յուսալի եւ օրինակալի նախաձեռնութիւնն է անկասկած: Ահա հայ գիրքն ու իր առաքելութիւնը։ Երանի՜ ամբողջ սփիւռքներու տարածքին այս «մէկը» դառնար վարակիչ ե՛ւ գործնական ե՛ւ հարազատ՝ նախաձեռնութիւն:
Հաւատացէ՛ք, այդ պարագային ալ չէինք հարցներ, թէ «ո՞վ պիտի փրկէ հայ գիրքը» եւ կամ «ո՞վ պիտի ապահովէ անոր տարածումը» եւ կամ «ո՞վ պիտի քաջալերէ եւ գնահատէ զայն»:
Պատասխանը՝ հաստատապէ՛ս, մե՛նք, պիտի ըլլար: Մե՛նք, հայ ընթերցողներս, մեր մեծով ու պզտիկով: Բայց նախապայման է տէր եւ նեցուկ կանգնիլ հայ գիրքին, ընթերցել եւ զայն տարածել։ Այս կը նշանակէ, բարգաւաճ պահել հայ միտքը։ Այլապէս՝ կը խամրի մեր գրականութիւնը, կ՚այլասերի ժողովուրդը եւ կը գունաթափուի անոր ինքնութիւնը:
Ուստի հայ գիրքը փրկելու պարտականութիւնը կ՚իյնայ մեր բոլորին վրայ եւ ո՛չ թէ օտարին:
Մեր... հայ ընթերցողներուս ուսերուն... իբրեւ հարազատ եւ «սրբազան» պարտականութիւն:
Ահա, դեղատոմսը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 12/02/2024