ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի առկայ ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Մինչ կ՚ընթանայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, տեղեկանալով բարձրագոյն հրամանատարական կազմի եւ անոր յաջորդած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յայտարարութիւններուն, խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի անոնց շուրջ ընթացող զարգացումներուն։ Յետպատերազմեան ճգնաժամային այս իրավիճակին մէջ, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, մեղադրանքներու եւ քաղաքական հաշուեյարդարներու չընդհատուող կոչերը կը վտանգեն ազգային միաբանութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Մայր Աթոռը անթոյլատրելի եւ կործանարար կը համարէ իրավիճակի ապագայ սրումը՝ կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդին դրսեւորել խոհեմութիւն եւ պատասխանատուութիւն, չտրուիլ սադրանքներու եւ զերծ մնալ քաղաքացիական բախումներէ։

Մայր Աթոռը կը յորդորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, ազգային ժողովի նախագահին, կառավարութեան անդամներուն եւ բոլոր քաղաքական ուժերու առաջնորդներուն, որպէսզի ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն ելքեր փնտռուին բանակցային սեղանի շուրջ՝ ի սէր մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի։

Թող ամենախնամ Աստուած իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ խաղաղութեան եւ անդորրի մէջ պահէ մեր հայրենի պետութիւնն ու մեր ժողովուրդը։

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021