ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ. «ՎԱՂԸ ԿՐՆԱՅ ՈՒՇ ԸԼԼԱԼ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս կապակցութեամբ ան նշեց հետեւեալը.

«Հայաստան կը գտնուի անդունդի եզրին։ Երկրէն ներս առկայ քաոսային վիճակը հետզհետէ կը խորանայ։ Քաոսը աղբիւր է անկանխատեսելի հետեւանքներու։ Զգոյշ։ Հայրենիքի փրկութիւնը բոլորի կողմէ զիջում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հասկացողութիւն եւ վստահութիւն։ Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործել, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»։ 

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021