ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՂԱԳԻՐՆ ՈՒ ԴԵՂՕՐԱՅՔԸ

Պահքը առողջութեան լաւագոյն ու անհրաժեշտ դեղը կը պարգեւէ պահեցողին: Ան անուշաբոյր վարքով կը ցամքեցնէ ու կ՚անհետացնէ ժահահոտութիւնը եւ կենդանութիւն կը շնորհէ հիւանդներուն, որոնք մեղքով ապականած ու պղծուած են: Առողջութենէն ետքն ալ սուրբ, անարատ եւ անբիծ կեանք մը կը յայտնաբերէ նոր բժշկուած անձին մէջ: Նոր առողջացած հիւանդը իր այդ սուրբ կեանքով պիտի կարենայ մեղքն ու անոր իշխանը՝ սատանան դատապարտել, մինչ ինք ճշմարիտ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ (պահքով ու աղօթքով), փրկական խորհուրդով կատարեալ առողջութիւն պիտի ստանայ: Այսպիսով ան պիտի առնէ յաղթութեան պսակը, որ գովութեամբ ու պարծանքով պատրաստուած է պահեցողներուն համար:

Պահքով կը դադրին անտեղի մտածումները եւ զգայարանքներուն շուայտութիւնները: Աչքերը կը դառնան լաւատես, ականջները՝ աստուածային ձայնը լսելու կազմ ու պատրաստ, լեզուն՝ քաղցրախօս, ձեռքերը՝ բարեգործ, սիրտը՝ ուղիղ եւ բերանը՝ պարկեշտ: Պահքով ցանկութեան ու հեշտասիրութեան ամէն կամեցողութիւն արմատախիլ կ՚ըլլայ, կը զարթնու մոռցուած բարեգործութիւնը՝ աստուածասիրութեան ճառագայթներով եւ կը ձերբազատինք մեղ-քի չար բռնկումէն, որովայնամոլութենէն, ամբարտաւանութենէն, նախանձէն, բարկութենէն, ագահութենէն, գողութենէն, ստախօսութենէն, երդումէն, չարախօսութենէն, վրէժխնդրութենէն, զրկելէն, նենգութենէն, ցասումէն, նախատելէն, ծուլութենէն, ծաղրելէն, խեղկատակութենէն, արբեցութենէն եւ բամբասելէն:

Ճիշդ է, որ պահքով յիշեալ մոլութիւններէն կը ձերբազատինք եւ անոնց փոխարէն կը ստանանք աստուածային օգտաշատ շնորհներ, սակայն պէտք է խոստովանինք, որ պահեցողութիւնը դիւրին եւ նեղութիւններէ զուրկ բան մը չէ: Անոր ընթացքին յաճախ չարը մեզ փորձութիւններու կ՚ենթարկէ, որպէսզի մենք կասեցնենք մեր պահեցողութիւնը եւ կամ մեղանչենք: Ուստի ճշմարիտ խոստովանութեամբ փորձենք սատանան վտարել եւ, յիշեալ բեռմոլութիւնները մեր վրայէն թօթափելով, ստանանք «կեանքի դեղ»ը, ու, հոգւոյն սիրովն առողջանալով, աշխատինք դառնալ ա՛յնպիսի մշակներ, որոնք իրենց ըրածներուն համար ամչնալիք բան չունին (հմմտ. Բ. Տմ. 2. 15):

Պահքը զօրացուցիչ է հոգեւոր կեանքին եւ խափանիչ մարմնական ցանկութիւններուն, որովհետեւ մէկուն զօրանալով (հոգիի), միւսը (մարմինը) կը տկարանայ: Այսպէս՝ գիշակեր թռչունները շատ ուտելէն թռչելու ժամանակ կը տկարանան, եւ դիւրաւ կը բռնուին որսորդներէն, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ որոգայթադիր որսորդներէն չեն բռնուիր:

Մարգարէներն ու սուրբերն ալ իրենց կեանքով մեզի յորդորներ կու տան պահեցողութեան զօրութեան մասին: Եղիա մարգարէն քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր պահք պահեց եւ այդ իսկ պատճառով արժանի եղաւ հրեղէն կառքով երկինք համբարնալու (տե՛ս՝ Դ. Թգ. 2. 1-18): Յովհաննէս Մկրտիչի պահքը բացայայտ է անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան երկրի կերակուրի համար պատրաստուած բերքէն ոչինչ կ՚ուտէր ու կը խմէր, այլ՝ միայն մարախով եւ վայրի մեղրով իր պէտքերը կը հոգար անապատին մէջ (հմմտ. Մտ. 3. 4 եւ Մր. 1. 6): Ան՝ պահքով մաքրուած, եղաւ նախակարապետ եւ տեսանող անճառելի շնորհներուն: Այսպէս նաեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ մկրտութենէն ետք պահքով զօրացած՝ աստուածախառն մարմնով պատերազմեցաւ թշնամիին դէմ (հմմտ. Մտ. 4. 1-11, Մր. 1. 12-13 եւ Ղկ. 4. 1-13), որպէսզի այսպիսով մարդոց սորվեցնէ պահքով զինուիլ թշնամիին դէմ պատերազմելու ու պահքով նահատակուիլ, եւ կատարեալ առաքինութեամբ յաղթութեան շնորհն ստանալ եւ յաղթել փորձիչին: Ուստի մեր վրայէն թօթափենք ամէն տեսակի մեղք ու չարութիւն, որպէսզի արժանի ըլլանք Սուրբ Հոգւոյն թեւերով բարձրանալու եւ տեսնելու փառաց Տէրը, որ կ՚ըսէ՝ «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ. 25. 34):

Բոլոր սուրբերուն համար պահքը եղաւ առիթ սրբանալու, բարձրանալու համար այս երկրէն եւ մերձենալու հոգեղէններուն: Անոնք պահքի միջոցաւ կրակի նման սրբութիւն ստացան, եւ ապա կիզող հուրը ընտելացաւ անոնց, ինչպէս որ հնոցին մէջ երեք երիտասարդները, որոնք պահքով սրբուած էին (տե՛ս՝ Դն. 3. 19-30): Վասնզի հուրը այրուելիքները կ՚այրէ եւ պահքով սրբուածները աւելի՛ կը լուսաւորէ, ու անոնք կը պայծառանան: Իսկ անոնք, որոնք արժանի չէին, երբ մերձեցան կրակին՝ խռիւի պէս այրեցան, որովհետեւ պահքին սրբութիւն չէին ստացած:

Հետեւաբար, եթէ պահքը արդարները ոգեղէն եւ հրեղէն կատարելիութեան կը հասցնէ, ապա ուրեմն որքա՜ն օգտակար կը հանդիսանայ մեղաւորներուն, որոնք պէս-պէս տկարացող ցանկութեանց մէջ կը գտնուին: Որովհետեւ պահքով սրբուածը՝ իր ներքին եւ արտաքին մարդը կը մաքրէ այդ բիծերէն, ինչպէս ոսկին ու արծաթը՝ կրակով կը սրբուին եւ կը յստականան այդ աղտէն, եւ այսպիսով իր Տիրոջ պատուական անօթ կը դառնայ:

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Պիքֆայա, Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021