ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ԴՐԱՆ ՄԱՍԻՆ

Դարձեալ՝ դուռը տասը յատկութիւն ունի. նախ՝ որովհետեւ ատով կը մտնենք ու կ՚ելլենք: Երկրորդ՝ քանի որ նախ մտնելն է, երրորդ՝ որովհետեւ բոլորին համար մուտք է, չորրորդ՝ կը բանայ ու կը փակէ, հինգերորդ՝ մտնողները ներսը կը պահէ, վեցերորդ՝ ուղղութիւն է, եօթներորդ՝ նեղ է, ութերորդ՝ խոնարհութիւն է, իններորդ՝ բարձրութիւն է, տասներորդ՝ նախ մէկ ոտքով կը կոխենք:

Իսկ դռները վեցն են. նախ՝ Քրիստոս, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ դուռը»: Երկրորդ՝ օրէնքը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Երրորդ՝ Սուրբ Եկեղեցին՝ «Տէրը Սիոնին դռները կը սիրէ» (Սղ 86.2), կ՚ըսէ: Չորրորդ՝ ծնունդն ու մահը հանդերձեալ կեանքի դուռն են: Հինգերորդ՝ հոգիին զգայութիւնները դռներ են: Վեցերորդ՝ դռներ են հաւատքն ու մկրտութիւնը բարի գործերու:

Գաւիթը [փարախ] չորս կերպով է. նախ՝ մարմինի շրջապատները: Երկրորդ՝ հին ժողովորանը նոր Եկեղեցիին գաւիթն է: Երրորդ՝ ներքեւի Եկեղեցին վերին Երուսաղէմի գաւիթն է, ըստ այնմ. «Մեր Աստուծոյ գաւիթին մէջ պիտի ծաղկին» (Սղ 91.14): Չորրորդ՝ գաւիթ են երկնաւոր Արքայութեան փառքին վերին հոգիներուն կայանները: Այս միտքով է, որ գաւիթները Եկեղեցւոյ հարաւային կողմը կը շինենք, քանի որ հոգիները հանգստեան լոյսի եւ Աստուծոյ ջերմ սիրոյն մէջ են:

Չորս են բանաւոր հօտին ոչխարները. նախ՝ երկնաւոր բանակները: Երկրորդ՝ մարդկային ազգը ըստ մոլորեալ ոչխարին: Երրորդ՝ հրեաներուն ժողովը որդանի տուաւ, ինչպէս խաչելութեան կ՚ըսէ: Չորրորդ՝ քրիստոնեաներուն ժողովը, ըստ այնմ. «Արածէ՛ ոչխարներս» (Յհ 21.16):

Դռնապաններն ալ չորս են. նախ՝ դռնապան կը կոչուի Սուրբ Հոգին: Երկրորդ՝ Մովսէսն ու միւս մարգարէները: Երրորդ՝ հայրապետներն ու Եկեղեցւոյ վարդապետները: Չորրորդ՝ բանական միտք, ըստ այնմ. «Դռնապանին կը պատուիրէ, որպէսզի արթուն մնայ» (Մր 13.34):

Ասիկա ըստ մասին տեսութիւն:

Երկրորդ. զանազանութիւն է բարի հովիւին իր գործերէն՝ ոչխարները ուղիղ կերպով առաջնորդելով եւ արօտին բերելով, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Դռնապանը դուռը կը բանայ» (Յհ 10.3):

Մեկնութիւն. նախ՝ մարմնապէս օրինակը, քանի որ դռնապանը հովիւին կը բանայ, իսկ գողերուն դիմաց կը փակէ, իսկ ոչխարները հովիւին ձայնը սովորութենէն կը ճանչնան, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Եզը ճանչցաւ իր ստեղծողը» (Ես 1.3), իսկ հովիւը կը ճանչնայ զանոնք անունով ու անոնց դիմացէն կ՚երթայ, եւ մնացածները յայտնի են: Դարձեալ՝ հոգեպէս Քրիստոսէն կը տեսնէ, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ. դռնապանը Մովսէսն է, որովհետեւ անոր միջոցով օրէնքը տրուեցաւ, իսկ բանալը, որ Քրիստոսի մասին մարգարէացաւ. «Տէր Աստուած ձեզի համար մարգարէ մը պիտի հանէ» (տե՛ս Բ. Օր 18.15), եւ թէ՝ «ձեր կեանքը կախուած պիտի տեսնէք»: Տակաւին Յակոբի օրհնութիւնը Յուդային համար. «Իշխան պիտի չպակսի [Յուդայէն եւ ոչ ալ պետ անոր երանքէն], մինչեւ որ գայ [Ան, որունն է հանդերձեալը]» (Ծն 49.10): Դարձեալ՝ դռնապանը Յովհաննէսն է կ՚ըսէ, եւ վկայութեամբ բանալ, որ Քրիստոսի համար է:

Խօսք. «Եւ ոչխարները իր ձայնին կը լսեն» (տե՛ս Յհ 10.3):

Մեկնութիւն. ինչպէս առաքեալներն ու հաւատացեալները ժողովարանին մէջ:

Խօսք. «Իրենց անուններով կը կանչէ» (Յհ 10.3):

Մեկնութիւն. նախ՝ երկնաւորները, ինչպէս Դաւիթ կ՚ըսէ. «Զանոնք բոլորը իրենց անուններով կը կոչէ» (Սղ 146.4): Երկրորդ՝ ընտրեալներուն թիւը անուններով գրուած են երկինքին մէջ: Երրորդ՝ առաքեալները իրենց անուններով կոչեց: Չորրորդ՝ բոլոր հաւատացեալները Աւազանէն կը կանչէ:

Խօսք. «Բոլորը դուրս կը հանէ» (տե՛ս Յհ 10.3):

Մեկնութիւն. նախ՝ հաւատքի, երկրորդ՝ արդարութեան, երրորդ՝ Աւետարանին, չորրորդ՝ երկինք. «Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ» (Յհ 12.26):

Խօսք. «Անոնց առջեւէն կ՚երթայ» (տե՛ս Յհ 10.4):

Մեկնութիւն. նախ՝ քարոզութեամբ, երկրորդ՝ վարքով, երրորդ՝ չարչարանքով, չորրորդ՝ յարութեամբ եւ փառքով: Այդպէս ալ պէտք է բարի հովիւներն ու Եկեղեցւոյ առաջնորդները ընեն՝ ժողովուրդը մեղքի խաւարէն ու անգիտութիւններէն հանել ու անոնց առջեւ առաքինութեան վարքի բարի օրինակով ըլլալ:

Երրորդ. բարի եւ չար հովիւին զանազանութիւնը կը ցուցնէ, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան» (Յհ 10.4):

Մեկնութիւն. այդպէս ալ ժողովուրդը բարի հովիւին ետեւէն կ՚ընթանայ, ինչպէս Քրիստոսի խօսքերուն, վարքին ու այլ առաքինութիւններու ետեւէն: իսկ չար հովիւներուն, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար» (Յհ 10.5):

Մեկնութիւն. հովիւները չորսի բաժնեց՝ երկուքը բարի հովիւներ. նախ՝ Քրիստոս, երկրորդ՝ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ եւ ուղղափառ առաջնորդները: Իսկ երկուքը՝ չար. նախ՝ փարիսեցիները, երկրորդ՝ հերձուածողներն ու ծոյլերը, անոնց օտար քարոզութեամբ ու վարքով: Եւ օտար է նախ՝ որ եկեղեցիէն բաժնուած կ՚ըլլայ: Երկրորդ՝ որովհետեւ յայտնապէս մոլորուած է հերձուածներուն մէջ: Երրորդ՝ իր կարգէն մոլորած է: Այդպիսի օտարներէն պէտք է ընդհանրապէս հեռու փախչիլ:

Եւ գիտելի է, թէ այստեղ ոչխարներու անունով կ՚իմացուին բոլորն անոնք, որոնք Աստուծմէ շնորհքներ ունին, այսինքն՝ հաւատք եւ սէր այն ժամանակին: Երկրորդ՝ կ՚իմացուին միայն Աստուծոյ կողմէ փրկութեան նախասահմանուածները, ինչ ժամանակի մէջ ալ որ ըլլան: Եւ այս երկու [տեսակի] ոչխարները օտարին ձայնը չեն լսեր ու չեն հետեւիր անոր, այլ՝ միայն ճշմարիտ հովիւին, քանի որ անոնք, որոնք շնորհքներ ունին, շնորհքին մէջ մնալով, ճշմարիտ Հովիւէն չեն բաժնուիր [հեռանար], իսկ եթէ շնորհքը ձգեն, կրնան նաեւ ճշմարիտ Հովիւին ալ ձգել: Եւ դարձեալ՝ Աստուծոյ կողմէ փրկութեան նախասահմանուածները ճշմարիտ Հովիւէն չեն բաժնուիր, որովհետեւ ժամանակով նահախասհմանուեցաւ Քրիստոսի հնազանդելու: Իսկ Քրիստոսի ըսած խօսքերը ծածուկ էին, քանի որ առակով էր, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց» (Յհ 10.6):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ փարիսեցիներուն: Առակ կ՚ըսուի, երբ բան մը ուրիշ բանի մը համար կը դրուի [կ՚ըսուի], կամ երբ բան մը ցոյց կը տրուի, անով ուրիշ բան մը ցոյց տալու: Իսկ թէ Քրիստոս ինչո՞ւ առակով կը խօսէր, ըսուեցաւ հատորի համարին մէջ: Իսկ որովհետեւ անոնք չհասկցան Քրիստոսի առակը, այդ պատճառով պէտք էր մեկնել զայն, ինչպէս յետոյ կը դնէ.

Խօսք. «Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց» (Յհ 10.7):

Մեկնութիւն. եւ քանի որ Քրիստոսի առակը երկու մաս ունէր՝ մէկը, թէ ան որ ուրիշ տեղով կը մտնէ, գող եւ աւազակ է, ու նախ ասիկա կը մեկնէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ ով որ դռնէն կը մտնէ, ճշմարիտ հովիւն է: Ու ասիկա երկրորդը կը մեկնէ: Այնտեղ. «Ես եմ քաջ Հովիւը», իսկ այստեղ առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հաստատ գիտցէք, թէ Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը» (Յհ 10.7):

Մեկնութիւն. Քրիստոս դուռ կ՚ըսուի, քանի որ մարդիկ Անով Աստուծոյ մօտ կը մտնեն, եւ թէ առակին առաջին մասը միայն դուռը չի յիշեր, այլ՝ գալը, այդ պատճառով ապա գալը կը մեկնէ.

Խօսք. «Բոլոր անոնք որոնք Ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ» (Յհ 10.8):

Մեկնութիւն. ասիկա մարգարէներուն համար ըսուած պէտք չէ հասկնալ, որոնք Աստուծմէ ղրկուեցան, այլ՝ նախ անոնց համար, որոնք առանց Քրիստոսի հաւատքին եկան, քանի որ աշխարհի սկիզբէն, որոնք փրկուեցան, Քրիստոսի հաւատքով փրկուեցան, թէեւ անոնց հաւատքը ծածուկ էր իսկ մերը՝ յայտնի, իսկ անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատքը չունէին, այդ դռնէն չմտան, գողեր էին ու աւազակներ:

Երկրորդ՝ խօսքը Յուդային եւ գալիլիացի Թեւդային մասին կը հասկցուի, որ Գործք Առաքելոցին մէջ գրուած է (հմմտ. Գրծ 5.34-42), որոնք իրենք իրենցմէ եկան եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ ղրկուելով, ինչպէս Յովսէփոը կ՚ըսէ. «Թեւդաս անունով կախարդ մը կար, որ Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերը խաբեց ու զանոնք մինչեւ Յորդանանի գետը տարաւ՝ խոստանալով անոնց ջուրերը բաժնել եւ անթաց ոտքերով անցընել [գետէն], ինչպէս որ իրենց նախահայրերը նախապէս անցան [Կարմիր ծովէն]», իսկ Յուդա Գալիլիացին Քրիստոսի ծննդեան ժամանակ կ՚արգիլէր հրեայ ժողովուրդին կայսրին հնազանդելու եւ տուրք տալու, ու շատեր հետեւեցան անոր, որոնք ճշմարիտ ոչխարներ չէին: Անոնք օտարներ էին ու գողեր, քանի որ Թեւդասը կախարդութեամբ կը խաբէր ժողովուրդը, իսկ Յուդա Գալիլիացին՝ յայտնի որպէս աւազակ, ինքզինք Իսրայէլի թագաւոր կը կոչէր:

Երրորդ՝ խօսքը կը հասկցուի սադուկեցիներուն համար, որոնք մարգարէներու խօսքերէն, կամքէն ու գործերէն օտարացան, ու ոչխարները անոնց չլսեցին, ինչպէս կուրութենէն լուսաւորուածը, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 94

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021