ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏՔԵՐԷՆ
Քարը ինծի անկողին
Լեռնաշարը՝ հովանի
Ամպերը՝ ապաւէն
Հովը՝ պարոյր
Ի՜նչ հանգիստ
Ի՜նչ անդորր
Կեանքի ընկերս՝ գիրկս
Հող հայրենին՝ սնարիս տակ
Իսկական թմբիրի պահ
Ինչպէ՞ս չմրափել
Ինչպէ՞ս չնիրհել
Այս սիւգին հրապոյրով անուշ
Այս զովութեամբ կախարդային
Մրափն է միայն
Որ կը սքօղէ ցաւը մօտ անցեալի
Կը ծածկէ վիշտը
Դաւը աններելի
Եթերային պարոյրը
Անուրջը կ՚ապրի միայն
Ուր հզօր
Առանց տարազի
Զինուորն անգամ
Սարսափ, սոսկում, ահ կը սփռէր
Ու կը տիրէր իր քաջ բազկով
Հողին
Օդին
Ջուրին դրախտի
Լուսանկարիչ Վաղինակ Ղազարեանը Ներքին Խնձորեսքէն Քաշաթաղ տեղակայուած խրամատներու այցելութեան պահուն որսացած է այս լուսանկարը եւ զայն կոչած «Հանգստացող զինուորը», «Այսպէս էինք մենք պատերազմի ժամանակ,- կ՚ըսէ ան,- հզօր, բայց քնացած»:
«Երբ այս լուսանկարին կը նայիմ, ինծի կը թուի, թէ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող մեր երկրի խորհրդանիշն է՝ ուժեղ, հզօր, լայն ուսերով, բայց քնացած ու հանգըս-տացող: Պարտուած Հայաստանին խորհրդանիշն է, բայց ոչ զինուորին, քանի որ երկիրը պատրաստ չէր պատերազմի: Զինուորը պարզապէս քնացած է, բայց լուսանկարին մէջ, ճիշդ այդ պահուն, պարտութիւնը ցնցող իրողութիւն է» կը շարունակէ լուսանկարիչը, ապա կ՚ակնարկէ պատերազմի օրերուն՝ «Պատերազմը մեծ հակասութիւն մըն էր. ուր որ ըլլայի, երբ հաղորդակցէի զինուորներուն եւ մարդոց հետ, անոնց մէջ վստահութիւն կար եւ գլուխները բարձր էին: Ցաւ կար, բայց խուճապ չկար: Հիմա աւելի դժուար է, աւելի բարդ:
«Երբ պատերազմի մէջ ես, շատ բաներ այնքան սուր չես ընկալեր, որքան՝ աւարտէն ետք: Պատերազմը այդ հակասութիւնն էր: Մէկ կողմէն կորուստ, մահ եւ ողբերգութիւն, միւս կողմէն`մարդոց կեանքի ուղին եւ ոգին: Կարծես անոնք միշտ այդ պատերազմին մէջ էին, պատերազմը իրենց իրականութիւնն էր: Պատերազմէն ետք աւելի դժուար էր, երբ անոնք հեռացան այրելով իրենց տուները»:
«Հանգստացող զինուորը» լուսանկարը յայտնուած է «world press»ի ֆոթոլրագրութեան մրցոյթի առաջին եռեակին ցանկին մէջ, առցանց մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին:
Մրցոյթի այլ մասնակիցներէն՝ Վալերի Մելինքովը մաս կազմած է «Կորուսեալ դրախտը» լուսանկարներու շարքով, որոնք դարձեալ առնուած են Արցախի վերջին պատերազմի օրերուն: Վալերիի լուսանկարներուն շարքը կը պատմէ պատերազմի աւարտին հետքը մանաւանդ անոնց վրայ, որոնք պարտադրաբար լքեցին իրենց տունը, այգին, յուշերը... եւ կորսնցուցին ամէն ինչ որ ունէին...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024